ՏԷՐ
ԵՂԷՔ
ՁԵՐ
ԿՈՉՈՒՄԻՆ
Չկայ
հայերէն
թերթ
մը
որ
չփառաբանէ
երիտասարդութիւնը
իբրեւ
վաղուան
յոյսը,
լոյսը
եւ
ուրիշ
ամէն
բան։
երիտասարդութիւնը
ինքն
ալ
իւրացուցած
է
կարգ
մը
բառեր
ու
նշանախօսքեր,
եւ
կ’արտասանէ,
հանդիսաւոր
առիթներու
մէջ։
Եւ
ամէնքն
ալ
կը
մխիթարուին,
փայլուն
հեռանկարներ
նախատեսելով։
Մանաւանդ
եթէ
նորահասներէն
մէկն
ու
մէկը
բացման
ճառ
մըն
ալ
խօսի,
հայերէն։
Շատ
քիչեր
կ’անդրադառնան
թէ
այս
շարժումն
ալ
թուլացման,
լճացման
ախտանշաններ
ցոյցկուտայ
գաղութին
մէջ։
Ձեռք
բերուած
արդիւնքը
չի
համապատասխաներ
կատարուած
աշխատանքին։
Ամէն
տեղ
ալ
կը
պարզուի
հետեւեալ
պատկերը,
-
քիչ-շատ
հասունցած
երիտասարդութիւնը
տակաւին
ի
վիճակի
չէ
վարելու
նորեկները,
զարկ
տալու
շարժումին։
Անշուշտ
մէկ
պատճառն
ալ
այն
է
որ
շատերը
կը
հարկադրուին
ընդհատել
աշխատանքը,
իրենց
զինուորական
պարտականութիւնը
կատարելու
համար։
Խնդիրը
այն
է
որ,
այդ
ծառայութենէն
առաջ
ալ,
երբ
երիտասարդը
տակաւին
պատանի
էր,
անհրաժեշտ
պաշարը
ստացած
չէ։
Ինչպէս
ամէն
հանրօգուտ
շարժում,
այս
ճակատն
ալ
զանազան
թեւերու
բաժնուած
է։
Մեր
Նոր
Սերունդը,
որ
հիմնուեցաւ
1945ին,
լայնամիտ
ծրագրով
մը,
կորիզներ
ունի
ամէն
հայաշատ
քաղաքի
ու
թաղի
մէջ։
Երիտասարդութիւնը
շարժում
է։
Եւ
տխուր
բան
պիտի
ըլլար,
եթէ
եղածով
գոհանային,
առանց
քայլ
մը
յառաջ
նետուելու,
մէկ
տարիէն
միւսը։
Նոր
Սերունդին
ծրագիր-կանոնագիրը
յարմարցուած
է
միջավայրին
պահանջներուն,
եւ
ամէն
դիւրութիւն
կ’ընծայէ
թէ՛
պատանիներուն
եւ
թէ
մանաւանդ
երիտասարդներուն։
Միութիւնը
կը
վայելէ
լայն
ինքնավարութիւն,
օգտուելով
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
բարոյական
աջակցութենէն։
Անդամները
կրնան
զարգանալ,
գործել
եւ
բազմանալ
ազատօրէն,
իրենց
իսկ
ինքնպաշտպանութեան
համար։
Զբօսանքի
համար
ալ
նախատեսուած
են
նպատակայարմար
միջոցներ։
Բացարձակ
պայման
է
հայերէն
սորվիլ,
ժողովները
եւ
թղթակցութիւնները
վարել
մայրենի
լեզուով։
ապա
ուրեմն
ուշադրութեամբ
հետեւիլ
պատմութեան,
աշխարհագրութեան
եւ
գրականութեան
դասերուն,
ինչպէս
եւ
զանազան
դասախօսութեանց։
Ի՞նչ
կ’արժէ
երիտասարդութիւն
մը
կամ
ոեւէ
Միութիւն,
որ
կը
խուսափի
այս
տարրական
պարտականութենէն։
Նոր
երիտասարդութիւնը
ոչ
թէ
վաղուան
յոյս
կամ
լոյս,
այլ
դաշտի
բոյս
անգամ
չի
կրնար
դառնալ,
առանց
սերտօրէն
կապուելու
իր
ժողովուրդի
մշակոյթին
հետ։
Տարագիր
բազմութիւնները
պէտք
չունին
ոչ
սալոնական,
ոչ
ալ
աշխարհաքաղաքացի
երիտասարդութեան
մը։
Օրուան
պահանջն
է
սերունդ
մը
որ
միջավայրէն
ստացած
ուսման
վրայ
բարդէ,
անոր
հետ
ներդաշնակէ
իր
հայրենի
պատմութիւնն
ու
մշակոյթը,
որպէսզի
կարենալ
պահել
եւ
զարգացնել
ժառանգութիւնը։
Առանց
այս
հիմնական
պայմանին,
երիտասարդութիւնը
կը
դառնայ
անգոյն
բազմութիւն
մը,
իսկ
հայրենի
մշակոյթն
ալ՝
անշարժ
կալուած
կամ
հին
ազգաց
պատմութիւն։
Երիտասարդութեան
կոչումն
է
ջահեր
վառել,
եւ
ոչ
թէ
կերոն
բռնել։
8
Յունուար
1957