ԳՈՆԷ
ԱՅՍ
ՏԱՐԻ…
Եթէ
չենք
սխալիր,
որեւէ
ատեն
Հայաջինջ
Սարսափներու
տարեդարձը
տօնուած
չէ
Հայաստանի
մէջ,
խորհրդային
իշխանութեան
հաստատումէն
ի
վեր։
Այդպէ՜ս
էր
տնօրինուած
վերէն,
եւ
հրամանը
կը
գործադրուէր
տառապէս։
Շատ-շատ,
հոգեհանգիստ
մը
եկեղեցիներու
մէջ,
համաձայն
օրացոյցի
երկտող
արձանագրութեան։
Իսկ
այս
տարի՞։
Գոնէ
այս
տարին
բացառութիւն
պիտի
կազմէ՞։
Կ’ուզէինք
հաւատալ,
քանի
որ
պաշտօնական
բերանները,
թերթերն
ու
անթելը
այլեւս
համարձակօրէն
կը
խօսին
հայկական
պահանջներու,
հայրենադարձի
եւ
ուրիշ
ազգային
հոգերու
մասին։
Արդարեւ,
ի՞նչպէս
կարելի
է
Հայկական
Դատ
արծարծել,
առանց
ոգեկոչելու
ամբողջ
ժողովուրդի
մը
անճիտումը,
որ
սկսաւ
1915
ապրիլ
11-24ին
եւ
շարունակուեցաւ
Դաշնակիցներու
ջախջախիչ
յաղթանակէն
վերջն
ալ
(1920-22ին
Իզմիր,
Փոքր-Ասիա,
Կիլիկիա)։
Ատենէ
մը
ի
վեր,
Ե
րեւանի
բանաստեղծներն
ու
արձակագիրները
երգեր
եւ
յօդուածներ
կը
նուիրեն
արհաւիրքի
ականաւոր
զոհերուն
-
Դ.
Վարուժան,
Սիամանթօ,
Գր.
Զօհրապ,
Կոմիտաս
Վարդապետ,
Ռ.
Սեւակ,
եւայլն։
Յաճախ
անթելը
արտասանութիւններ
ալ
կը
հաղորդէ
անոնց
գործերէն։
Ու
վերջապէս,
նոր
գրողներու
արտադրութեանց
մէջ
կը
յիշուին
զանազան
դրուագներ
Սարսափի
օրերէն։
Ուրեմն,
գիտե՜ն
պատմութիւնը։
Եւ
դեռ
կրնան
սերտել,
միշտ
նորանոր
նիւթեր
ճարելով։
Արդ,
այս
բոլորէն
չի՞
հետեւիր
թէ
տարրական
պարտականութիւն
մը
կը
դառնայ
Ապրիլ
Տասնըմէկի
տօնակատարութիւնը
Երեւանի
մէջ։
Թո՜ղ
ըլլայ
Գրողներու
Միութեան
նախաձեռնութեամբ։
Կը
բաւէ
որ
ստանայ
ժողովրդական
հանգամանք։
Անշուշտ
ժողովուրդը
շատ
աւելի
բան
գիտէ
քան
դուն
եւ
ես
եւ
բոլոր
անոնք
որ
կ’երեւան
բեմերու
վրայ։
Այստեղ
թէ
այնտեղ։
Բայց,
յիշատակի
տօները
հոգեւոր
սնունդ
են
անոր
համար։
Հողվրտիքը
տեսակ
մը
լուսաղբիւր
է
մանաւանդ
ա՛յս
ժողովուրդին
համար,
որ
դարերէ
ի
վեր
կիրակնամուտ
կը
կատարէ
մեռելներու
յիշատակին,
ուժ
եւ
յոյս
ներշնչելով
ողջերուն։
Այդպիսի
տօնակատարութիւն
մը
միեւնոյն
ատեն
կրնար
դառնալ
ներշնչման
աղբիւր,
գլուխ
հանելու
համար
շարք
մը
ծրագիրներ
որ
կ’արծարծուին
Արտասահմանի
մէջ,
տարիներէ
ի
վեր։
Օրինակ,
տակաւին
չունինք
Յիշատակարանը
Հայաջինջ
Սարսափներուն։
Անհամար
յուշեր,
գիրքեր,
տետրակներ
տպուած
են
արտասահմանի
մէջ։
Հատորներ
որ
կրնան
լայնանիստ
եւ
երկնասլաց
աշտարակ
մը
կազմել,
եթէ
հաշուենք
Հայաստանի
մէջ
եղածներն
ալ։
Եւ
տակաւին
ձեռագիրնե՜ր,
ձեռագիրնե՜ր։
Պարզ
հովիւ
մը,
Գիւտ
քահանայ
Աղանեանց,
յաջողեր
է
«Դիւան
Հայոց
Պատմութիւն»ը
հրատարակել։
Դժուա՞ր
է
հատընտիր
Յիշատակարան
մը
կազմել,
հաւաքական
աշխատանքով։
Ձեռք
ձեռքի
տալով
եւ
նիւթերը
հաւաքելով,
դասաւորելով,
խմբագրելով։
Պայման
չէ
որ
անպատճառ
Երեւանի
մէջ
կատարուի
այս
գործը։
Անհրաժեշտը՝
պետական
օժանդակութիւնն
է։
Շահագրգռութիւնը։
Մխիթարեանները
հսկայական
ժառանգութիւն
ձգեցին
200
տարուան
մէջ։
Հայրենիքէն
հեռու,
բայց
հայրենիքին
համար։
Մտաւոր
ուժերու
ներկայ
ցիրուցան
վիճակին
մէջ,
-
մինչեւ
որ
կարենանք
բոլորս
մէկ
երդիքի
տակ
ամփոփուիլ
պիտի
փնտռենք
ոչ
թէ
ցանկալին,
այլ
կարելին։
Այսպիսի
ձեռնարկ
մը
տասնապատիկ
աւելի
պիտի
ծառայէր
յարաբերութիւնները
ամրապնդելու,
եւ
մանաւանդ
փոխադարձաբար
լուսաբանուելու։
Օգտուելու,
ներշնչուելու։
Կարգ
մը
երեւոյթներ
եւ
իրողութիւններ
կ’ապացուցանեն
թէ
բոլոր
սառերը
հալած
չեն
տակաւին։
Կամ
հալած
են
հատուածական
իմաստով։
Ապրիլ
Տասնըմէկը
պիտի
կրնար
գործել
ամբողջական
հրաշքը։
Եւ,
ամէնէն
առաջ,
Երեւանցիներուն
աչքերը
պիտի
բացուէին
աշխարհի
մը
վրայ
որ
մինչեւ
հիմա
մնացած
է
խաւարակուռ
Ափրիկէ։
Իրենց
իսկ
յանցանքով։
Իրականութիւն
չէ՞
որ
մշակոյթի
կապն
անգամ
վերածուեր
է
մենաշնորհի։
20
Ապրիլ
1946