Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԳԵՐ ՈՒ ՎԷՐՔԵՐ
      
       Հետզհետէ արձագանգներ կը հասնին մեր շրջանէն եւ ուրիշ գաղութներէ, երիտասարդական շարժումներու մասին։
       «Յառաջ»ը տասնըհինգ տարի անընդհատ զբաղեցաւ այս կենսական հարցով։ Այսուհետեւ ալ, մանաւանդ այս պատերազմէն վերջը, իրեն համար հիմնական ճակատ մը պիտի կազմէ ան։
       Ոչ սրտառուչ կոչերու պէտք ունինք, ոչ ալ հրաշունչ յայտարարութեանց, ըմբռնելու համար այն պատասխանատու դերը որ կ’իյնայ երիտասարդութեան վրայ։
       Եթէ երէկ տհաս էին անոնք, այսօր հասունցած են։ Կը կարծենք թէ պատերազմը օգնեց աւելի հասուննալու։ Ինչո՞ւ չէ։ Շատերը զինուոր եղան, խառնուեցան հազարաւոր օտար բախտակիցներու հետ։ Խորապէս ճանչցան աշխարհի չարն ու բարին։ Տեսան, իմացան ճշմարտութիւններ որոնց վրայ գաղափար անգամ չունէին։
       Ու վերջապէս, ճակատէ ճակատ, կրակէ կրակ նետուելով, սորվեցան թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիք ունենալ եւ չունենալ, կորսնցնել եւ շահիլ։ Մէկ խօսքով, շնչել ու պայքարիլ գաղափարի մը համար։
       Բուն մշակոյթի գետնին վրայ, անոնք այստեղ, ինչպէս հեռաւոր Ամերիկայի մէջ եւ այլուր, վայելեցին բարձրագոյն կրթութեան բոլոր բարիքները, լոյս քաղաքներու մշտավառ կայծերն ու գիտութեան անսպառ գանձերը։
       Քսան երեսուն տարի առաջ, իրենց հազարաւոր տարեկիցներուն համար հեռաւոր երազներ էին Փարիզն ու Ամերիկան։ Անոնք ստիպուեցան գոհանալ իրենց միջավայրին պաշարով, եւ շատերը պակասը լրացուցին տքնաջան աշխատանքով։
       Բայց, - պէտք է միշտ յիշել ի պատիւ նախորդներուն- անոնք ինչ որ ժառանգեցին ուղղակի կամ անուղղակի, սիրայօժար տրամադրեցին աջին ու ձախին։ Գացին մինչեւ Փոքր Ասիոյ եւ Թրքահայաստանի խորերը- կամ Կովկասի գիւղերը- իրենց լոյսէն բաժին հանելու համար ամէն ուր որ կարելի էր։
       Այդ գիտակից, խանդավառ գործունէութեան շնորհիւ էր որ, հայրենի ժառանգութիւնը- Հայկական Մշակոյթը- իր կարգին տարագրուած ատեն, վառ մնաց օտար ափերու վրայ։ Եւ պիտի մնայ անշուշտ, քանի սիրտեր կան որ կը բաբախեն եւ միտքեր կան որ կ’որոճան, հակառակ յարաճուն դժուարութեանց։
       Ամփոփուելով մեր գաղութին վրայ, այդ ոգին- ժառանգութիւնը վառ պահելու եւ զարգացնելու տենդը- ո՞րքան կը խանդավառէ արդի երիտասարդութիւնը։ Այն շարժումները որ կը պարզուին մեր աչքին առջեւ, երկրին փրկութենէն ի վեր, ո՞րքան կը համապատասխանեն բուն պահանջին, - ամէնէն առաջ՝ իրենց, երիտասարդներու զարգացման։
       Պատասխանը, դժբախտաբար, շատ ալ պայծառ չերեւար։ Երգերը կը լսենք- ոգեւորութիւն- բայց դժուար է աչքերը փակել վէրքերուն առջեւ։
       Վէրքերուն գլխաւորը, որ արդէն կոշկոռ կապած է, սա կսկծալի, ըմբոստացուցիչ արհամարհանքն է հայերէնի հանդէպ։
       Եթէ բառը ծանր կուգայ, արհամարհանքին փոխարէն ըսէք անհոգութիւն, զանցառութիւն, անտարբերութիւն։ Խնդիրը այն է որ այս կամ այն բառը բան չի փոխեր դառն իրականութենէն։
       «Բայց պատճառները, - միջավայրը…»։
       Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ։ Ո՞վ կը ժխտէ։
       Եւ սակայն, ինչո՞ւ այնքան միամիտ կը ձեւանանք, ամէն մեղք վերագրելով միայն միջավայրին։
       Ե՞րբ միջոցներ պակսեցան, հայերէն սորվելու, կամ իրենց սորվածը կատարելագործելու։
       Վերջապէս իրականութիւն չէ՞ որ հազարաւոր երիտասարդներ միջոց գտան ամէն բան սորվելու։ Քանի մը օտար լեզուներ գոց ընելու։ Պարի եւ զուարճութեան ամենավերջին գաղտնիքները ժամ առաջ իւրացնելու։ Նոյնիսկ փիլիսոփայութեան կամ ընկերային գիտութեանց լաբիւրինթոսին մէջ խրելու։
       Բայց, երբ կարգը մայրենի լեզուին եկաւ, դարձան աղքատ Ղազարոս…
       Վէրքերէն մէկը՝այս։
      
       5 Մայիս 1945