ԼԵՐԱՆ
ԵՒ
ԴԱՇՏԻ
ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
Ծաղկազարդի
այս
ծիծղուն
կիրակին-
այսպիսի
կիրակի
մը-
մեր
պարտականութիւնը
պիտի
ըլլար
բուռ
մը
ծաղիկ
տանիլ
հողվրտիք
եւ
ցանել
հողակոյտէ
հողակոյտ։
Բայց
ո՞ւր
են
այդ
հողակոյտերը։
Ո՞ւր
ինկան,
ո՞ր
լերան,
դաշտին,
ձորին,
գետին,
անապատին
կամ
խարոյկին
մէջ
շիջեցան
մեր
մեռելները
յայտնի
թէ
անյայտ…
Աւանդութեան
Աստուածը
մէկ
տղայ
ունէր
եւ
ան
ալ
գիտէր
թէ
յարութիւն
պիտի
առնէ
մահուընէն
երեքօր
յետոյ։
Մեր
մեռելները
ոչ
միայն
գիտէին
թէ
ամէն
ինչ
կը
վերջանայ
գերեզմանէն
անդին,
այլ
գերեզման
ալ
չունեցան։
Եւ
մենք
որ
կ’ապրինք,
մենք
ալ
պիտի
չգիտնանք
թէ
ո՛վ
ուր
ինկաւ։
Ինչպէս
չգիտցանք
եւ
պիտի
չգիտնանք
թէ
ո՛րն
է
բուն
թիւը
զոհերուն։
Չունենալով
միջոց
պարբերաբար
ուխտի
երթալու
եւ
ծաղիկ
ցանելու,
վշտի
եւ
ներշնչման
ծաղիկներ
քաղելու,
ահաւասիկ,
այս
պողոտաներուն
վրայ,
մեր
մխիթարութիւնը
կը
փնտռենք
յիշատակի
տօներու
մէջ,
-
երեկոյթ,
ցերեկոյթ,
երգ,
նուագ,
ճառ,
կեցցէ՛,
եւ
ծափ…
Անշուշտ
քանի
մը
ժամուան
համար։
Ո՛րեւէ
գաղութի
ո՞ր
սրահը
պիտի
կրնար
կատարել
պարզ
հողակոյտի
մը
դերը,
փոսը
փորող
բրիչին
պէս
փորփրելով
մեր
սիրտն
ու
հոգին,
որպէսզի
արմատ
բռնէին
վշտի
եւ
ներշնչման
ծաղիկները։
Եւ
սակայն
անհրաժեշտ
են,
անհրաժե՛շտ
են
այս
պզտիկ
մխիթարութիւններն
ալ,
-
յիշատակի
տօն-
այս
պողոտաներուն
վրայ
եւ
այլուր
ո՛րեւէ
սրահի
կամ
տաղաւարի
մէջ։
Անոնք
ալ
մաս
կը
կազմեն
մեր
ինքնապաշտպանութեան
ազդակներուն,
իբրեւ
արծարծում։
Մենք
ինչո՞վ
պիտի
դիմանայինք
համայնակուլ
յորձանքին,
հարթիչգլանին
եւ
այն
ակնախտիղ
հրապոյրներուն
որ
կը
թմրեցնեն
ոչ
միայն
աչքերը,
այլեւ
ոտքերը։
Ի՞նչպէս
պիտի
կրնայինք
մեր
պատմութեան,
նոյնիսկ
մեր
գոյութեան
կապել
այն
սերունդը
որ
կը
մաշի
արդէն
եւ
այն
որ
պիտի
հասնի,
կը
հասնի…
Այդ
մտահոգութեամբ
է
որ
այսօր
Պուա
Քոլոմպի
մեր
տղաքը
սարքեր
են
յիշատակի
տօն
մը,
Սեբաստացի
Մուրատի
մահուան
15
ամեակին
առթիւ,
(կանխելով
բուն
թուականը)։
Մուրա՜տ…
բայց
կարելի՞
է
երկու
խօսքով
և
հեւ
ի
հեւ
պատկերացնել
այդ
աննման
դէմքը,
յեղափոխական
յանդգնութեան,
վճռականութեան
եւ
անձնուիրութեան
մարմնացումը։
Մէկ
խօսք
միայն.
-
գիւղի,
լերան
եւ
դաշտի
զաւակն
էր
Մուրատ,
հարազատ
ծնունդը
հայկական
միջավայրին։
Եւ
ատով
իսկ՝
արի
եւ
առաքինի։
Եւ
երբ
աւելցնենք
թէ
Մուրատը
գրոց-
բրոց
չէր,
տուած
կ’ըլլանք
նաեւ,
ամէնէն
արտայայտիչ
գիծը
իր
անկեղծութեան,
քաջութեան
եւ
մեծութեան.
«Դէ՜,
մենք
ուսում
չունինք,
ժողովուրդի
տգէտզաւակ
ենք
աւել
պակաս,
կը
ներէք»…։
Մուրատները,
Մուրատնե՛րն
էին
որ
գոյն
տուին
մեր
կեանքին,
բովանդակութիւն
դրին
անոր
մէջ,
«ժողովուրդի
տգէտ
զաւակ»ի
բազուկին
ուժն
ու
բնածին
ուշիմութիւնը
հակադրելով
գոյնզգոյն
«ուսումնական»
յաւակնութեանց։
Այդպիսի
տիպար
մըն
էր
նաեւ
Հրայրը
(Դժոխք),
որու
կեանքէն
քանի
մը
յատկանշական
դրուագներ
պատմեց,
այս
շաբթու
Սասունցի
Մուրատը։
Լերան
եւ
դաշտի
զաւակ,
ուսում
առած
բայց
ոչ
այսպէս
կոչուած
ուսումնական,
Հրայրն
ալ
նոյն
ոգին
չէ՞ր
որ
կ’արտայայտէր
իր
ամէն
մէկ
խօսքին
ու
գործին
մէջ։
Օրուան
այս
ժամուն,
պատգամի
մը
պէս
չե՞ն
հնչեր
իր
խօսքերը,
Դրօշակ-
հնչակ
վէճերուն
առթիւ.
Մենք
այդերկու
կուսակցութեանց
անջատ
ուժերով
չենք
կրնար
փրկուիլ,
այլ
մեզի
անհրաժեշտ
է
միացեալ
ազգային
ճակատ
մը,
որպէսզի
կարենանք
մեր
ազգի
բոլոր
տարրերը
եւ
հոսանքները
ամփոփել»։
Իբրեւ
հարազատ
ծնունդը
իր
միջավայրին,
իբրեւ
լերան
եւ
դաշտի
զաւակ,
Հրայրը
բուն
իսկ
ժողովուրդին
սրատեսութիւնն
ու
ողջմտութիւնը
չէ՞
որ
կ’արտայայտէր,
ըմբոստանալով
դուրսէն
եկած
գործիչներու
լիազօրութեան
դէմ.
-«Եթէ
Մուրատի
(Պօյաճեան)
տեղ
այդ
օրուան
(1894)պատասխանատու
գործիչ
ըլլար
Ղուկաս
վարդապետ
մը
կամ
Մարգար
վարժապետ
մը,
այսօր
Սասունցիներու
վիճակը
այսպէս
չէր
ըլլար,
որովհետեւ
անոնք
Սասունցիներուն
պիտի
չըսէին
թէ
կռուեցէք,
մեր
ռազմանիւթը
եւ
օգնութիւնը
Կովկասէն
շուտով
կը
հասնի,
այլ
պիտի
ըսէին.
-
Սիրելի՛
հայրենակիցներ,
մեր
ամբողջ
ուժը
այս
ութ
պէրտանկան
է
(հրացան),
եւ
ձեր
մօտ
եղած
հատուկոտոր
«չախմախլի»ները։
Մենք
ոչ
միայն
այս
ութ
պէրտանկայով
չենք
կրնար
դիմադրել
թուրք
կանոնաւոր
բանակին
եւ
քիւրտ
խուժանին,
այլեւ
800
պէրտանկայով
ալ
չենք
կրնար
դիմադրել,
եթէ
երբեք
պատեհ
առիթ
չստեղծուի»։
Չէ՞ք
ընդունիր
թէ
այսօր
իսկ,
երեսուն-
քառասուն
տարի
յետոյ,
մենք
տասնապատիկ
աւելի
արժանի
ենք
լերան
եւ
դաշտի
զաւակներու
այս
կոպիտ
այլ
իսկապէս
յեղափոխական
սաստին։
Եւ
կարօտ՝
անոնց
սուր
նայուծքին
ու
ինքնաբոյս
անարուեստ
իմաստութեան։
Յիշատակի
տօները
կը
ծառայեն
իբրեւ
փառաբանութիւն
մարտական
առաքինութեանց
եւ
արդար
հպարտութեան։
Անարդարութի՞ւն
է
պահանջել
որ
անոնք,
այդ
պարբերական
տօները,
միեւնոյն
ատեն
ծառայեն
իբրեւ
մղիչ
ուժ՝
կրկին
եւ
կրկին
կարդալու,
սերտելու
եւ
վերլուծելու
բուն
իմաստութեան
գիրքը.
-
հարազատ
ձայնը
լերան
եւ
դաշտին,
շիտակ
առաջնորդը
ազատագրական
պայքարին,
որ
շատ
ու
շատ
եղծուեցաւ
գիրքերով
եւ
թխածոյ
գիտելիքներով։
25
Մարտ
1934