ՆՈՅԵՄԲԵՐ
ՏԱՍՆԸՄԷԿ
Այս
այն
թուականն
է,
որ
կը
տօնուի
ամէն
տարի,
ի
պատիւ
1918ի
մեծ
դէպքին,
ընդհ.
պատերազմի
Զինադադարին։
Ամէն
տարի
այս
ատեն,
փառաւոր
հանդէսներ
կը
կատարուին
յաղթականներուն
կողմէ,
եւ
մէկ
վայրկեան
լռութիւն
կը
պահուի,
իբրեւ
յարգանք
միլիոնաւոր
զոհերու,
որոնք
մեռան
կամ
կոտորուեցան,
առանց
արդիւնքը
տեսնելու։
Այդ
արդիւնքը
լիուլի
կը
վայելենք
մենք,
ողջերս,
եօթը
տարիէ
ի
վեր,
Համատարած
ատելութիւն,
չարաշուք
անստուգութիւն
մը,
որ
վառօդ
կը
հոտի,
ատամներու
կճրտոց՝
ոչ
միայն
պարտեալէն
յաղթականը,
այլեւ
յաղթականէ
յաղթական.
աննախընթաց
տագնապ
տնտեսական
եւ
ընկերային
գետնի
վրայ,
անընդհատ
վերիվայրումներ
եւ
խլրտումներ,
յարաճուն
սպառազինութիւն։
Մղձաւա՛նջ…
Պատերազմը
սարքուած
էր
«արդարութիւնը
տեղը
բերելու
համար»,
ինչպէս
կ’ըսէին։
Երկար
չտեւեց
պատրանքը,
եւ
աշխարհ
հանդիսատես
եղաւ
քստմնելի
ողբերգութեան
մը,
որ
կը
տեւէ
մինչեւ
այսօր։
Ո՛չ
միայն
վառօդի
ծուխին
հետ,
գոյնզգոյն
հրթիռներու
պէս
ցնդեցան
բոլոր
գեղեցիկ
նշանախօսքերը,
այլեւ
ստեղծուեցաւ
մթնոլորտ
մը,
որ
ընդունակ
է
ամէն
վայրկեան
պատերազմ
յարուցանելու։
1918էն
ի
վեր,
օրուան
Հզորները
ուրիշ
բանով
չեն
զբաղիր,
եթէ
ոչ
այդ
անխուսափելին
հեռացնելու,
նոր
պատերազմը
կանխելու։
Եւ
խորհրդակցութիւննե՜ր,
անվերջ
ժողովներ
քաղաքէ
քաղաք,
լեռնակուտակ
ծրագիրներ
ու
դաշնագիրներ,
որոնք
այնքան
ներդաշնակ
ձայն
կը
հանեն,
որքան
զանոնք
բովանդակող
մագաղաթը։
Խաղաղութիւնը
կը
ճռնչէ
միշտ,
հակառակ
բոլոր
Ժընեւներուն,
Ճենովաներուն
կամ
Լոքարնօներուն։
Ժողովուրդները
աւելի
շատ
կը
տառապին
այսօր.
վարիչները
աւելի
անճար
են
քան
երէկ։
Երկաթեայ
թաթը
կը
տիրապետէ
ամէն
տեղ,
համաձայն
իւրաքանչիւր
երկրի
պայմաններուն։
Քաղքենի-աշխարհակալ
Եւրոպան
կը
զինուի,
տիրող
կարգուսարքը
եւ
իր
գաղթավայրերը
պաշտպանելու
համար.
պոլշեւիկ
Ռուսաստանը
նոյնքան
մոլեգնութեամբ
դաշոյն
կը
սրէ,
յանո՜ւն
համաշխարհային
յեղափոխութեան,
որ
տարբեր
մէկ
ձեւն
է
աշխարհակալութեան։
Որքան
պոռնկացած
էր
հին
Եւրոպան,
իր
կարգուսարքով
եւ
աւանդութիւններով,
նոյնքան
եւ
աւելի
գռեհկացաւ,
անբարոյացաւ
պոլշեւիկեան
յեղափոխութիւնը,
իւրացնելով
եւ
կատարելագործելով
արեւելեան
դիւանագիտութեան
բոլոր
խաղերն
ու
խարդախութիւնները։
«Պուրժուա-կապիտալիստ»ները
հաւատարիմ
էին
իրենց
կոչումին.
անոնք
աշխարհը
կը
ձեւէին
իրենց
խանութին
վրայ,
եւ
անոր
համեմատ
կը
դասաւորէին
իրենց
գործերը։
Զարմանալի,
զզուելի
էր
միւսներուն,
յեղափոխականնե՜րուն
ընթացքը։
Անոնք
մինչեւ
տրամաբանական
վախճանին
հասցուցին
Մաքիավէլի
արհեստը,
եւ
եղան
-
ու
են
-
խորհրդականները,
մտերիմ
գործակիցներն
ու
զինակիցները
ամէնէն
անոպայ
տարրերուն,
արհեստով
մարդասպաններուն
եւ
աւազակներուն,
ոտքի
տակ
առնելով
ամէն
սրբութիւն,
բայց
մանաւանդ
ամբողջ
ժողովուրդներ։
Թող
չըսեն
թէ
մաքրակրօն
գաղափարապաշտի
կամ
«ազգայնական»
զգացումի
նկատումներ
են
ասոնք։
Ընդհակառակն,
իսկական
յեղափոխութեան
շահերուն
համար
իսկ,
ամէնէն
լպրծուն
ճամբան
էր,
որ
ընտրուեցաւ
եւ
որ
դժբախտաբար
կը
շարունակուի
մինչեւ
այսօր։
Եւ
այս
կարճամիտ
քաղաքականութիւնը
ուրիշ
բանի
չծառայեց,
եթէ
ոչ
արծարծելու
Արեւելքին
բոլոր
արիւնածարաւ,
կործանարար
կիրքերը,
որոնց
հետեւանքը
Ռուսաստանը
ինքն
ալ
պիտի
կրէ,
ուշ-կանուխ։
Բայց
թողունք
այս
խորհրդածութիւնները,
որոնք
շատ
հեռուները
կը
տանին
մեզ։
Լաւագոյն
է
մէկ
վայրկեան
լռութիւն
պահել
նաեւ
այս
ցաւագար
պատմութեան
վրայ։
Ինչ
որ
կը
տօնուի
այսօր
-
Նոյեմբեր
11
-
մեզ
կը
հետաքրքրէ
մէկ
տեսակէտով։
Այս
օրը
մեզի
կը
յիշեցնէ
թէ
մենք
ալ
ունեցանք
մեր
բաժինը
ընդհանուր
գրոհին
մէջ,
մեր
պատմութիւնը
սրբագրելու
միամտութեամբ,
բայց
կէս
ճամբան
մնացինք,
շնորհիւ
թէ՛
յաղթականներուն
եւ
թէ՛
պարտեալներուն
գործակցութեան,
թէ՛
յեղափոխականներուն
եւ
թէ՛
հակայեղափոխականներուն
խարդախութեան։
Թող
առաջին
քարը
նետէ
ո՛վ
որ
պակաս
յանցաւոր
է
այս
անորակելի
ողբերգութեան
մէջ.
իսկ
մենք,
օրուան
սուգին
առթիւ,
ափ
մը
հող
նետենք
ո՛չ
միայն
մեր
անթիւ
զոհերուն,
այլեւ
բոլոր
անոնց
վրայ,
որոնք
արիաբար
կրակին
մէջ
նետուեցան,
լաւագոյն
օրերու
հաւատքով։
11
Նոյեմբեր
1925