ՄԻ՛
ԽԱՐԽԱՓԻՐ,
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
Ժխո՜ր
մը,
ժխո՜ր
մը։
Եւ
ի՞նչ։
Մորմոքուն
ճիչեր,
մասնախումբ,
Որբախնամ,
հանգանակութեան
ձեռնարկ
եւ
-
ամայութի՜ւն։
Երրորդ
շաբաթն
է,
որ
լեզուները
բացուեր
են,
ջիղերը
կը
շարժին։
Կ’ուզեն
խօսիլ,
կ’ուզեն
գործել։
Բայց
ինչպէս
խաւարէն
յանկարծ
լոյսը
նետուած
աչքերը,
դեռ
կը
թարթափին,
յստակ
չեն
տեսներ
իրականութիւնը,
որպէսզի
առնաբար
դիմաւորեն
օրուան
պահանջները։
Եւ
կը
յամենա՜ն,
կը
յամենան։
Դե՜հ,
սթափէ՛,
ժողովո՛ւրդ։
*
Ժողվէ՛
ուժերդ,
ժողովո՛ւրդ։
Եւ
շո՛ւտ,
եւ
տասն
անգամ
տասնապատկուած
եռանդով,
որովհետեւ,
ո՜ւշ
է
արդէն,
եւ
իւրաքանչիւր
ժամուան
հետ,
որ
կը
սահի,
աւի՛շ
մը
կը
ցամքի
մայր-
երակէն։
Զարհուրհելի
սպանդէն
վտիտ
կորիզ
մը
դեռ
կը
շնչէ,
կ’երերայ,
եւ
մինչեւ
որ
թօթուես
մահահանգոյն
թմրութիւնդ,
մինչեւ
որ,
կ’ըսեմ,
գուրգուրանքիդ
ցողը
կաթեցնես
անոր
գոյութիւնը
ապահովելու
համար,
նոր
ծիլ
մը
կը
թառամի։
Աճապարէ՛։
*
Ահա
որբերը.
-
Ի՞նչ
մտածեցիր
անոնց
համար։
Հալածական,
դողահար,
տմոյն
շողեր,
-
վաղուան
ճառագայթները
պիտի
կազմեն
անոնք։
Ի՞նչ
կ’ընես,
ի՞նչ
ըրիր
անոնց
համար։
Խորհրդակցութի՛ւն։
Այո՛։
Բայց
դուն
առի՞ր
գոնէ
առաջին
քայլը։
Պատմեցին,
որ
մեծ
մարդիկներ,
խոշոր
անուններ
շարժման
մէջ
են
դրուած,
կը
խորհին,
կը
ծրագրեն,
հազար
հազար
գումարներ
պիտի
ճարեն։
Բարի,
բարի՛։
Բայց
դուն,
դուն
չէ՞իր
ուզեր
իմանալ,
թէ
մինչեւ
այդ՝
ա՜յնքան
գործեր
կան,
որ
քեզի՛
կը
սպասեն։
Ինչո՞ւ
կը
դանդաղիս,
ինչո՞ւ
կը
վարանիս։
Կարնեցի
ես,
չէ՞.
կամ
Կիլիկեցի։
Կա՜ր
ժամանակ
մը,
երբ
օրուան
վաստակէդ
բաժին
կը
պահէիր
խանդաղատանքով,
ամսեգլխուն
ղրկելու
համար
երկիր,
կնոջդ
կամ
եղբօրդ
կամ
թոռներուդ։
Հոգեհատորներուդ,
վերջապէս։
Բոյն
մը
հոս,
բոյն
մը
հոն,
-
դուն
կը
պահէիր
երկուքն
ալ,
եւ
բուխերիկը
վառ
կը
մնար,
եւ
մամդ
օրհնենք
կը
կարդար
քեզի։
Ու
մարդիկ
բարի
զրոյցներ
կ’ընէին
քեզի
համար։
Հիմա
չկա՜ն
անոնք
-
ո՜ւհ,
գուժկա՛ն
եմ
եղեր։
Չկան,
ուրիշներն
ալ,
թերեւս
ամբողջ
տոհմդ։
Դե՜հ,
ինչո՞ւ
շուար
շուար
կուրծք
կը
ծեծես։
Եղերամա՞յր
ես
դուն։
Կամ
ի՞նչու
կը
ճգնիս
մոռնալ
ու
ա՛լ
չխօսիլ,
ա՛լ
չլսել
այդ
աշխարհէն։
Անզգա՞յ
ես
դուն։
Ահա
որբերը,
-
ցան
ու
ցրիւ,
չորս
հովերէն
տարուբեր։
Ահա
մանուկներ
մերկանդամ,
անօթի,
ընտանեզուրկ,
անտէր,
անո՛ք։
Ա՛ռ
մէկը,
ա՛ռ
երկուքը։
Կարնեցի՞
ես,
-
Կարնեցին
առ,
Հաճընցի՞
ես,
հազարնե՜ր
կան։
Առ
տունդ
տար,
պատսպարէ,
հագուստ-կապուտ,
հա՛ց
տուր,
եւ
ջո՛ւր,
բայց
մանաւանդ,
խանդաղատ
հօր,
հայ
մայրիկի
գորո՛վդ
տուր։
Ու
չըլլա՜յ
թէ
բեռ
մը
կարծես,
դէմքդ
թթուես։
Ճիտի
պա՛րտքդ
է։
Դուն
գումար
մը
կը
ղրկէիր,
երէկ,
չըսի՞։
Կը
ղրկէիր
իբրեւ
պարէնը
Արուսիդ,
իբրեւ
թոշակ
ժիր
Տիրանիդ։
Բարբարոսները
խղդեր
են
Արուսը,
մորթեր
են
Տիրանը։
Ա՛լ
կապ
չունիս
հայրենիքիդ
հետ։
Եւ
չե՞ս
ուզեր,
որ
ունենաս։
Ահա՛
Նուարդ,
ահա
Տիրան,
Պարոյր,
Թաթուլ,
-
թշուա՜ռ
բեկորներ
քու
քաղաքէդ,
քու
գիւղէդ։
Ա՛ռ
եւ
պահէ։
Պահէ՛
մինչեւ
սեւ
օրն
անցնի։
Շուտով
անոնք
տէր
կ’ունենան։
Բայց
այժմ
մերկ
են,
անօթի
են.
պիտի
մեռնի՜ն։
Ա՛ռ
եւ
պահէ,
որ
ողջ
մնան։
Եւ
Արուսդ,
եւ
Տիրանդ,
պիտի
խնդան,
ու
ամօթէն,
սուրէն,
բոցէն
նահատակուած
մայրիկդ
անգամ
պիտի
խնդայ,
պիտի
խայտայ։
Խարխափումիդ
վե՛րջ
տուր,
ո՜ւշ
է։
Արիացի՛ր,
դեռ
շատ
գործ
կայ։
«Նոր
Կեանք»,
1918