ՇՈՂ
ՄԸՆ
ԱԼ
ՄԱՐԵՑԱՒ
Կովկասի
հայկական
կեանքը
խորապէս
ցնցուեցաւ
1905ին,
երբ
կը
պայթէր
ռուսական
առաջին
յեղափոխութիւնը։
Յարաբերական
ազատութեան
մը
ալիքները
փոթորկեցին
երիտասարդութիւնը,
նոր
հեռանկարներ
պարզելով
անոր
առջեւ։
Մեր
առուն
ալ
կը
խայտար,
ռուսական
ամեհի
ծովուն
դիմաց,
իր
նոր
ճամբան
փնտռելով։
Շատեր
նախընտրեցին
ծովուն
ալիքներուն
խառնուիլ։
Ուրիշներ
յանձն
առին
ամէն
ճիգ
եւ
զոհողութիւն,
որպէսզի
առուն
կարենայ
պահել
իր
ինքնուրոյն
ընթացքը,
համատարած
ալեկոծութեան
մէջ։
Այս
վերջիններէն
էր
Վահան
Նաւասարդեան,
որ
ահա
կը
շիջի
անսպասելի
պահու
մը։
Փոս
մը
եւս,
թաղելու
համար
շող
մը,
որ
կը
փորձէր
լուսաւոր
ակօսներ
բանալ
մեր
տժգոյն
իրականութեան
մէջ,
մինչեւ
իր
մահը։
Վ.
Նաւասարդեան,
ամբողջ
շքախումբի
մը
հետ
արտասահման
կ’իյնար
այն
պահուն
երբ
ազգովին
դարձեր
էինք
տարագիր։
Արմատախիլ
եւ
տարուբեր՝
աշխարհի
չորս
հովերէն։
Հարկ
էր
ծայրէն
սկսիլ
ամէն
բան,
ծրագիրներ
մշակել
եւ
պարտականութիւններ
ստանձնել։
Դաշնակցութիւնը
ինքն
ալ
դաժան
փորձի
մը
կ’ենթարկուէր,
այս
նոր
վերիվայրումներուն
մէջ։
Քաղաքական
դատին
փլուզումը
կը
պահանջէր
անսասան
հաւատք,
ամուր
ջիղեր
եւ
յարատեւ
գործունէութիւն,
կանգուն
պահելու
համար
նաւաբեկութենէ
փրկուած
բազմութիւնները։
Նոր
գոյամարտ
մը
կը
սկսէր,
շատ
աւելի
դաժան
եւ
ճակատագրական,
քանի
որ
հողը
սահած
էր
մեր
ոտքին
տակ։
Վ.
Նաւասարդեան
դարձաւ
այդ
պայքարին
փայլուն
յառաջապահներէն
մէկը,
իր
անսահման
խանդավառութեամբ,
անվեհեր
վճռականութեամբ
եւ
անգերազանցելի
տքնութեամբ։
Արդէն
ունէր
կուռ
պաշար,
երբ
առաջին
անգամ
ասպարէզ
կ’իջնէր
Կովկասի
մէջ։
Չէր
գիտեր
ուրիշ
որեւէ
օտար
լեզու,
բացի
ռուսերէնէ։
Սակայն
իր
զարգացումը
միշտ
գնաց
զուգընթաց
օրուան
պահանջներուն
հետ։
Իր
խուզարկու
միտքը
եւ
աննկուն
կամքը
գլխապտոյտ
խորութեամբ
կը
մանրէին
որեւէ
նիւթ
որ
կապ
ունէր
հայկական
կեանքին,
մշակոյթին
կամ
քաղաքական
դատին
հետ։
Երբեմն
հեզասահ,
ինչպէս
վճիտ
առու
մը,
յաճախ
կարկուտի
սաստկութեամբ
կը
հոսէին
խօսքերն
ու
փաստերը
իր
ճոխաբան
գրչին
տակ,
ամբողջ
սիւնակներ
գրաւելով
«Յուսաբեր»ի
մէջ։
Այդ
ուսումնասիրութիւնները,
որոնք
օրաթերթի
մը
սահմանը
կ’անցնէին,
կը
կազմեն
մանրակրկիտ
համայնագիտարան
մը
հայկական,
թրքական,
այլ
մանաւանդ
ռուսական
հարցերու
վերլուծման,
ժողովրդականացման
համար։
Մասնաւոր
հմայք
մը
ունէր
իր
գրիչը,
որմիշտ
մնաց
թարմ
եւ
ներգործական,
հակառակ
տարիներու
յոգնութեան։
Մոլեռանդօրէն
կը
հաւատար
Դաշնակցութեան
կոչումին,
որ
իրեն
համար
դարձաւ
պաշտամունք
խօսքի
թէ
գործի
մէջ։
Իբրեւ
տեսաբան
ալ,
մնաց
ինքնատիպ։
Գիտէր
ներդաշնակել
բարդն
ու
մատչելին։
*
Քանի
մը
խօսք
ալ՝
Վ.
Նաւասարդեանի
քաղաքական
գրականութեան
մասին։
Մեր
ողբացեալ
ընկերը
այս
ասպարէզին
մէջ
ալ
մնաց
միշտ
ինքնուրոյն
եւ
անգերազանցելի,
իր
մանրակրկիտ
պրպտումներով
եւ
յորդահոսան
արտադրութեամբ։
Քաղաքական
գրականութիւնը
ամէն
բանէ
առաջ
կը
պահանջէ
սուր
աչք
եւ
քննական
միտք։
Ապա
նաեւ
համբերատար
աշխատանք
եւ
գիտական
վերլուծում։
Դաշնակցութիւնը
այս
ճակատին
վրայ
եւս
ունեցած
է
թանկագին
վաստակ,
մասնաւորապէս
Ժընեւի
ու
Թիֆլիսի
մէջ։
Վերջին
արտագաղթէն
ետք,
երբ
վերիվայր
շրջուեցան
մեր
կեանքի
պայմանները,
ձեռնհաս
հեղինակներ
աւելի
ազատ
միջոց
կ’ունենային
իրենց
միտքն
ու
գրիչը
լայնօրէն
տրամադրելու
քաղաքական
գրականութեան։
Եւ
մեր
մամուլը
սկսաւ
յորդիլ
երկարաշունչ
ուսումնասիրութիւններով,
քննական
տեսութիւններով
ու
վերլուծումներով։
Այս
բոլորը
հետզհետէ
կը
վերածուէին
առանձին
հատորներու
կամ
անմիջապէս
լոյս
կը
տեսնէին
իբրեւ
գիրք։
Եւ
արդէն
ունինք
ճոխ
մատենադարան
մը,
ի
պէտս
հնոց
եւ
նորոց։
Գանձարան
եւ
ուղեցոյց՝
մեր
ժամանակակից
պատմութեան
համար։
Վ.
Նաւասարդեան
յեղափոխական
եւ
քաղաքական
գործունէութեան
այս
ճիւղը
կը
մշակէր
ամէնօրեայ
տեսութիւններով
գրքոյկներով,
որոնք
հետզհետէ
ճոխացան,
կազմելով
հաստափոր
հատորներ,
ինչպէս
Նեղուցներու
խնդիրը,
«Բոլշեւիզմը
եւ
Դաշնակցութիւնը»,
եւայլն։
Ամէնէն
ապերախտ,
ամուլ
կամ
տաղտկալի
նիւթն
ալ
կը
դառնար
հրապուրիչ՝
Վ.
Նաւասարդեանի
բեղուն
եւ
տոկուն
գրչին
տակ։
Այլ
մանաւանդ
կը
դառնար
մատչելի
եւ
հրահանգիչ՝փաստերու
եւ
վաւերագիրներու
կուտակումով,
մանրազնին
ստուգումներով
եւ
հաստատումներով։
Իր
պրպտումները
կը
սկսէին
ամէնօրեայ
մամուլի
ժխորէն,
յանգելու
համար
մինչեւ
համայնագիտական
կամ
պետական
հրատարակութիւնները։
Եւ
նիւթերու
մշակումը
տեղի
կ’ունենարլեզուով
մը,
որ
գոյն
եւ
շեշտ
ունէր,
որ
միշտ
մնաց
շքեղ,
հոսուն
եւ
արու։
Յաճախ
գրականբանաստեղծական
խոյանքներ
ալ
թափ
կուտային
իր
արտադրութեանց։
Մօտաւորապէս
կը
յիշենք
բացագանչութիւն
մը.
Իշխան
ժողովուրդ
որ
մնաց
անիշխան…
Որքան
գիտենք,
Վ.
Նաւասարդեան
ունի
նաեւ
զուտ
գրական
ուսումնասիրութիւն
մը
Եղիշէ
Չարենցի
մասին։
Թերեւս
ուրիշ
անտիպ
ձեռագիրներ
ալ։
Ահա
այս
ճառագայթն
է
որ
կը
թաղեն
այսօր,
կիրակի,
Գահիրէի
հրակէզ
արեւին
տակ։
Որքան
ալ
խոր
թաղեն,
այդ
ճառագայթըմիշտ
կայծերպիտի
արձակէ
հայկ.
երկնակամարին
վրայ,
վառ
պահելով
հայրենասիրութեան
եւ
յեղափոխութեան
ոգին,
մշակոյթի,
աշխատանքի
եւ
ստեղծագործութեան
սէրը,
իբր
խորհրդանիշ։
Ի՞նչ
էր
իր
ուզածը,
-
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
անհաշտ
պայքարին
իմաստը.
Տեսնել
Հայրենիքը,
ազա՛տ.
Տեսնել
զայն
անկա՛խ։
Տեսնել
միացած
եւ
ամբողջական՝
անոր
նուիրական
հողը։
Արցունք
եւ
արիւն
չտեսնել
հայ
ժողովուրդի
աչքերուն
մէջ։
Կտակի
մը
ուժը
չունի՞
այս
բանաձեւը։
1
Յուլիս
1956