Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
      
       Ուշագրաւ դէմք մըն էր Թորգոմ արք. Գուշակեան, Երուսաղէմի պատրիարքը, շատ մը տեսակէտներով։ Նախ իբրեւ կղերական, յետոյ իբրեւ հաւատաւոր մշակ մը դպրութեանց։
       Հանգուցեալը մէկն էր Օրմանեան արք. իառաջին տասը ձեռնասուններէն, որոնք հրապարակ նետուեցան 1895-96ի ջարդերէն անմիջապէս վերջը, հիմնական դաստիարակութիւն մը ստանալէ ետք։
       Որքան գիտենք, ինք աւելի շատ Դուրեան արք. ի ներշնչումներով տոգորուած էր եւ երկար ատեն մնաց վանքին մէջ, պրպտելու եւ սերտելու համար, առաջնորդական պաշտօն ստանձնելէ առաջ։ Աւելի հասուն տարիքին մէջ ալ, միշտ կ’ոգեկոչէր Դուրեանը, թէեւ չունէր անոր ոչ նուրբ խառնուածքը, ոչ ալ իմաստասիրական խորութիւնը։
       Երիտասարդութեան շրջանին, աւելի ազատամիտ կ’երեւար քան աւելի վերջը, մանաւանդ Եգիպտոսի առաջնորդութեան եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան շրջանին, երբ արդէն դարձած էր «իշխան եկեղեցւոյ»։
       Այս եզրակացութեան յանգելու համար, կը բաւէ բաղդատել իր «Խրիմեան Հայրիկը» եւ, օրինակ, «Սիոն»ի խմբագրականները եւ ուրիշ արտայայտութիւններ։ Տեսակ մը դարձ՝ դէպի պահպանողականութիւն, եթէ ոչ դէպի կղերապետութիւն։
       Արդեօք ասո՞ր համար է որ իր ձեռնադրած վարդապետներն ալ, գոնէ անոնք որ ծանօթ են մեզի, կը փայլին տեսակ մը կրօնամոլութեամբ, ամէն լոյս եւ ամէն վաստակ վերագրելով Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ։
       Կղերապետական այս գիծը բացորոշ կ’երեւար նաեւ Աստուածաշունչի 1500 ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, իր յայտնած գաղափարներով, բանավէճերով եւ հրատարակած «Յուշարձան»ով։
       Երէկ ստացանք «Սիոն»ի վերջին թիւը (1939 Փետրուար), ուր իր խմբագրականը- թերեւս վերջինը- նոյն ոգին կը մատնէ «Ազգապահպանման խնդրին առթիւ»։
       Հատուած մը, պատահաբար.
      
       - «Այս սկզբունքը իբրեւ կեդրոնական կէտ անգամ մը ընդունելէ, այսինքն իբրեւ կրօնական կամ եկեղեցական հասարակութիւն միայն ապրիլ կարենալնիս հասկնալէ վերջ, դժուար չըլլար ճշդել գործին կազմակերպական մանրամասնութիւնները, ի նկատի ունենալով ազգային ոգիին պահպանութեան եւ բարգաւաճման պահանջը եւ տեղական պետական օրէնքներու ըստ կարելւոյն պատշաճելու հարկը»։
      
       Կրնայինք աւելի պերճախօս օրինակներ յիշել, բայց մեր նպատակը չէ բանավէճ յարուցանել դագաղի մը առջեւ, այլ երեւան հանել գիծ մը որ կը տիրապետէր Թորգոմ արք. ի գործունէութեան վերջին շրջանին վրայ։
       Այստեղ մեր նիւթին դուրս կը մնայ հանգուցեալին առաջնորդական եւ վարչական գործունէութեան քննութիւնը։ Կը բաւէ ըսել որ, եթէ այնքան բուռն վէճեր ծագեցան Եգիպտոսի առաջնորդութեան շրջանին, մէկ պատճառն ալ դարձեալ Թորգոմ արք. ի կղերամտութիւնն էր։ Եւ կամ փառասիրութիւնը։ Ամէն պարագայի մէջ, արդար պիտի չըլլար բոլոր մեղքերը բեռնաւորել իր ընդդիմադիրներուն վրայ։
       Բարեբախտաբար, երկար չտեւեցին այդ վէճերը, եւ անցեալ տարի, երբ առաջնորդը Եգիպտոս կ’այցելէր այս անգամ իբրեւ պատրիարք, իր շուրջն ստեղծուեցաւ համերաշխութեան մթնոլորտ մը։ Այն աստիճան որ, «Սիոն»ի նոյն խմբագրականին մէջ հանգուցեալ պատրիարքը հետեւեալ յորդորը կը կարդայ, - «Եգիպտահայութիւնը կրնայ այս մասին օրինակ հանդիսանալ ամբողջ Սփիւռքին»։
       Վերջին տարիներու ընթացքին Թորգոմ արք. տեսակ մը փոխանորդն էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։ Էջմիածին իր միջոցաւ կը հաղորդէր զանազան հրահանգներ, եւ Երուսաղէմի պատրիարքը անոնց գործադրութեան կը հսկէր տառապէս։ Եւ «Սիոն»ի մէջ ալ, յաճախ կը ջանար պարտկել կամ չքմեղացնել ըմբոստացուցիչ իրողութիւններ, փոխանակ արտայայտելու կամ լսելի դարձնելու ազատ արտասահմանի մտածումները։
       Միջանկեալ ըսենք որ Թորգոմ արք. առանձին չէ այս մեղքին մէջ։ Տարբե՞ր դիրք բռնած է եւ կը բռնէ արտասահմանի բարձրաստիճան կղերը, նոյն կացութեան հանդէպ։ Նուիրապետութի՞ւն, այո՛. բայց երբ գիտենք որ Էջմիածինը բոլորովին ուրի՜շ բան է այսօր…
       Ողբացեալ պատրիարքը եղաւ նաեւ հաւատաւոր մշակ մը դպրութեանց, իր պրպտումներով, ուսումնասիրութիւններով, ինքնագիր եւ թարգմանածոյ արտադրութիւններով, որոնց մէջ առաջին տեղը կը բռնէ «Խրիմեան Հայրիկ»ը։ Բանաստեղծութիւններ ալ կը փորձէր եւ մանաւանդ կը թարգմանէր. բայց ատոնք շատ բան չեն աւելցներ իր գրական բերքին վրայ։
       Իբրեւ պատրիարք, եւ մանաւանդ յաջորդելով Դուրեան արք. ի, ինք ալ ուզեց դառնալ մղիչ ուժ մը՝ հայկական մշակոյթի զարգացման։ Իր առաջին գործն եղաւ «Դուրեան Մատենադարան»ին հրատարակութիւնը, եւ կը կարծենք թէ աւելին պիտի կրնար ընել, եթէ վանքը ծանրաբեռնուած չըլլար խոշոր պարտքով մը, իսկ ինքն ալ ուզէր աւելի լայն մտածել, - գոնէ այնքան որքան Արմաշի մէջ։
       Պատրիարքին հետ, մտքի մարդ մը, վաստակաւոր մըն է որ կը թաղուի Երուսաղէմի մէջ, այնպիսի ատեն մը երբ այնքան սակաւաթիւ են «ընտրեալները»։
      
       14 Փետրուար 1939