Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԻՆՉ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԿԸ ՎԱՅԵԼԵՆ
      
       «Aller a l’ideal et comprendre le reel», կ’ըսէր Ժօռէս։
       -«Դէպի իտէալը ընթանալ եւ հասկնալ իրականը»։
       Այսպէ՜ս եւ մեր գիծը՝ Աշխատանքի Դատին առթիւ, որուն տօնն է այսօր, Մայիս Մէկ։
       Ճակտի քրտինք, արդար վաստակ, - մտերիմ, խօսուն բացատրութիւններ են ասոնք հայ ժողովուրդին համար, որ հարիւրին իննսուն գիւղացիներէ, մշակ- բանուորներէ եւ արհաստաւորներէ կը բաղկանայ։ Ոչ մէկ ժողովուրդ պիտի կրնար երգել այնքան խոր զգացումով.
      
       Ա՜խ, մեր սիրտը լիք դարտ ու ցաւ,
       Օր ու արեւ չտեսանք։
       Ա՜խ, մեր կեանքը սեւով անցաւ,
       Աշխարհից բան չիմացանք…
      
       Եւ այս՝ իսկ եւ իսկ աշխատաւորական տեսակէտով։ Այն հալածանքներն ու հարստահարութիւնները որոնց տակ անզօ՜ր կը տքար հայ գիւղացին, Թուրքիոյ մէջ, զրկուելով իր արդար վաստակէն, աւելի կը սաստկանային ազգային ատելութեան կիրքէն։
       Թուրք փաշաներն ու քիւրտ պէկերը իրենց կեղեքումը կատարելագործեր էին քաղաքական միտումներով, եւ Զապէլ Եսայեանները ի զուր կը ճգնին ապացուցանել, յիսունէն ետք, թէ, « հաւասարապէս երկրին արտադրող ժողովուրդը կը կեղեքուէր քիւրտ պէյին, թուրք հարկահաւաքին եւ հայ կապալառուին ձեռքով»։ Կամ թէ «կեղեքողները ազգի եւ կրօնի խտրութիւն չէին դներ իրենց մէջ եւ համերաշխ էին իրենց շահերով»։ Այո՜, աշխատողն ու արտադրողն է որ կը կեղեքուէր եւ կը կոտորուէր. իսկ այդ աշխատաւորութիւնը իրականին մէջ հայ ժողովուրդն էր, քանի որ Թուրքերը, իբրեւ տիրապետող ցեղ եւ զինուորական ազգ, ուրիշ խօսքով՝ իբրեւ արտօնեալ դասակարգ, որոշ առաւելութիւններ կը վայելէին, իսկ քիւրտ ժողովուրդը հլու գործիքն էր ցեղապետներու, որոնք իրենց կարգին կը ծառայէին բռնակալութեան։ երկու տարրերն ալ կազմ ու պատրաստ էին տապարը իջեցնելու ամէնէն անճարին՝ հայ աշխատաւոր ժողովուրդի գլխուն, աւարի սիրոյն, ինչպէս որ ըրին, մինչեւ վերջին պատեհութիւնը։ Հայ վաշխառուն զանցառելի քանակութիւն մըն էր այդ կազմակերպուած, եթէ կ’ուզէք՝ դասակարգային պայքարին մէջ։ Ամէն պարագայի տակ, ան չէր որ կը ջարդէր կամ կը ջարդուէր, թէեւ, 1915ին, վերջինն ալ եղաւ, առանց դասակարգի, հանգամանքի, սեռի կամ տարիքի խտրութեան։
       Հիմա՝ ուրի՜շ աշխարհ, ուրի՜շ պատկեր։
       Ունինք հայրենիք մը՝ ընչազուրկ. եւ անոր ժողովուրդը՝ իսկապէս պրոլետար։ Հայաստանէն դուրս, հարիւր հազարաւոր բազմութիւններ, տնանկ ու աղքատ, որոնց միակ հարստութիւնն է իրենց բազուկը կամ միտքը։ Կը բանին, կը հեւան, կը տքան- պատառ մը հացի եւ պուտ մը ջուրի համար։ Եթէ մէկդի դնենք ազգայինքաղաքական պահանջները, ահա վաստակաբեկ բազմութիւն մը, ահա իրաւազուրկ դասակարգ մը որ անխնայ կը կեղեքուի բախտաւորներու միջազգային կարաւանին մէջ, անոնց ճամբուն վրայ, անոնց կրունկներուն տակ։
       Ի՞նչ կ’ուզէ պարզ աշխատաւորը, ամէն երկնքի տակ.
       -Հաց, լոյս եւ ազատութիւն։
       Ի՞նչ է մեր ուզածը.
       Հայրենիք մը ազատ, ուր կարենանք մեր քրտինքը թափել արդար վաստակով ու մեր համեստ ճրագը վառել, ե՛ւ մեր ե՛ւ մարդկութեան բարիքին համար։
       «Հայերուն ծառայել, քաղաքակրթութեան ծառայել է», գրեց Կլետսթոն։ Արդիացնելով այդ խօսքը, կրնայինք ըսել թէ հայ ժողովուրդին ծառայել՝ կը նշանակէ օգնել Աշխատանքի Դատին։ Քանի որ այս ժողովուրդը չունի ուրիշ յաւակնութիւն, բայց միայն ապրիլ եւ արտադրել։
       Մենք զրկուա՜ծ ենք աշխարհի սովորական բարիքներէն, մինչ ուրիշները լիուլի կը վայելեն զանոնք։ Միլիտոնաւոր բանուորներ ապահովագրուած են արհեստի արկածներուն դէմ. մենք, իբրեւ ժողովուրդ, անվտանգ շնչելու ապահովութիւնն ալ չունինք։ Աշխատաւորները սենտիքաներ ունին, որոնց արդար պահանջներուն առջեւ գլուխ կը ծռեն գործատէրն ու պետական պաշտօնեան։ Մենք ունեցանք բանուորներու եւ գիւղացիներու դրօշին տակ ապաստանած իշխանութիւն մը, որ «Միացէ՛ք», շեփորեց բոլոր իրաւազուրկներուն, բայց մէկդի նետեց մեզ, ճակատագրական պահուն, ողջագուրուելու համար բուն կեղեքիչներուն եւ ջարդարարներուն հետ։ Եւ այսօր, դուռները կղպած (լոք-աութ), մէջտեղ ձգեր է մեզ, նշաւակ՝ բոլոր շահագործողներու դիւային քրքիջներուն։
       Յօժար սրտով չէ՛ որ գրի կ’առնենք այս խորհրդածութիւնները, Մայիս Մէկին, Աշխատանքի սրբազան եւ անպարտելի Դատին առթիւ, երբ դրօշներու կը ծածանին, ժողովներ կը սարքուին, թափօրներ կը կազմուին եւ փողոցները կը թնդան մարտաշունչ աղաղակներով։
       Հալածականներուն, կեղեքուածներուն, իրաւազուրկներուն Օրն է այսօր։ Իսկ աւելի քան սուր՝ մեր ճիչը.
      
       -Ա՜խ, մեր սիրտը լիք դարտ ու ցաւ,
       Օր ու արեւ չտեսանք…
      
       1 Մայիս 1927