Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՊԻԿԱՐ ԵՒ ԱՊԻՐԱՏ
      
       Խոստովանինք որ չափազանց լայն վարկ բացինք բարձրաստիճան կոչուած կղերին, գիտնալով հանդերձ անոր բարոյական եւ մտաւոր մակարդակը, իբրեւ ամբողջութիւն։
       Փաստերը ցոյց տուին թէ այդ ինքնահաւան դասակարգը ոչ իր կոչումին գիտակցութիւնն ունի, ոչ ալ կ’ըմբռնէ տարագիր բազմութեանց իրական պահանջները։
       Դեռ աւելին ըլլալով, այդ բազմութեանց ճակատագրին հետ կը խաղայ, իր սնամէջ յաւակնութիւններով եւ ապերասան կամակորութեամբ։
       Եթէ ուրիշ փաստեր պակսէին, կը բաւէր Կիլիկեան Աթոռին շուրջ ստեղծուած քաոսը, հաստատելու համար թէ այդ սնափառ դասակարգին ամէնէն հանրածանօթ անդամները ոչմիայն ապիկար են, այլեւ ապիրատ, բառին բուն իմաստով։
       Շինծու ժողովի մը որոշումներու տառին կառչած, այդ արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, ափ մըն ալ հետեւակ վարդապետներ, կը շարունակեն խառնակել ու դաւադրել, նոյնիսկ սպառնալ, ձգձգելու համար օրինապէս ընտրուած կաթողիկոսին օծումը։
       Վեցերորդ ամիսը կը մտնենք եւ տակաւին յայտնի չէ ելքը։
       «Յո՞ երթաս, Անթիլիաս», բացագանչեր է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, քարոզ մը խօսելով Էջմիածնի տաճարին մէջ, Վարդավառի տօնին առթիւ։
       Վազգէն Ա. ի աւագ պարտականութիւնն էր այդ հարցումը ուղղել իր սարքած Եպիսկոպոսական Ժողովին, որ բուն պատասխանատուն է այս ողբերգութեան։
       Այդ հարցումը կրնար ուղղել, մասնաւորապէս, Պոլսոյ Գարեգին պատրիարքին եւ Երուսաղէմի Պատր. Տեղապահ Եղիշէ արք. ին, որոնք շատ լաւ գիտեն թէ ո՛ւր կրնար յանգիլ իրենց թելադրած անխորհուրդ «համաձայնագիրը»։
       Տարագիր բազմութիւնները իրենց հետ միասին տարած են հարիւրամեայ Ազգ. Սահմանադրութիւնը։
       Ոեւէ կաթողիկոս կամ պատրիարք իրաւունք չունի անոր գոյութիւնը ժխտելու անտեղի բանգիտութեամբ, երբ աւելի զօրաւորներ, պետութիւններ անգամ զգուշացած են այդպիսի յայտարարութենէ մը։
       Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, ԶարեհԱ. , ընտրուած է համաձայն այդ սահմանադրութեան, ինչպէս իր նախորդները։
       Եթէ Վազգէն Ա. ի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ վիճելի պայմաններու տակ, 137ի վրայ հազիւ 30 ձայն ձգելով Հայկական Արտասահմանի, այդ չի նշանակեր թէ հարկադրուած ենք երկրորդ անիրաւութիւն մը կրել, հաճոյք պատճառելու համար դիմակաւոր դաւադիրներու։
       Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ամիսներէ ի վեր սրտառուչ կոչեր կ’ուղղէ, յանուն Հայ. Եկեղեցւոյ միասնականութեան։
       Խոնարհաբար դիտել կուտանք թէ այդ հոգեշահ քարոզներուն ամէնէն աւելի կը կարօտին այն ապիկար եւ ապիրատ կղերիկոսները, վեղարաւոր կամ անվեղար խուժանավարները, որոնք ջուր եւ արիւն կը պղտորեն ամիսներէ ի վեր, խռովելով Միջին Արեւելքի գաղութներուն անդորրութիւնը։
       Քաղաքական ղեկավարները այնքան հոգերունին որ չեն կրնար վանքերով ալ զբաղիլ։
       Անոնց ուզածն է՝ հանգիստ ձգել այս ժողովուրդը իր ճակատագիրը վարելու համար, ըստ ինքնորոշման իրաւունքին։
       Այն ատեն համակեցութիւնն ալ կը դիւրանայ Էջմիածնի հետ։
       Ո՞րն է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ընտրած ուղեգիծը.
       - Աժան «խարաշօ»նե՞ր շահիլ, թէ ապահովել գաղութներուն խաղաղութիւնը եւ ինքնավարութիւնը։
      
       3 Օգոստոս 1956