ԴԵՂՆԱԾ
ՏԵՐԵՒՆԵՐ
Պրիւսէլի
հայ
ուսանողներու
Միութիւնը
հանդէս
մը
սարքած
էր
անցեալ
կիրակի,
13
Յունուար,
Դ.
Վարուժանի
Պէլժիա
բնակութեան
յիսնամեակին
առթիւ։
Մեր
թղթակիցը
դիտել
կուտայ,
արդար
դառնութեամբ,
թէ
շատ
մը
երիտասարդներ
բացակայ
էին։
Եւ
կը
հարցնէ.
-
Ի՞նչ
կը
մտածէք
հանրային
հոգերու
մասին։
Եկէք
միասին
խօսինք,
տեսակէտներ
պարզենք,
ելք
մը
գտնենք…
Անշուշտ
հանրային
հոգերուն
մէջ,
ամէնէն
ստիպողականը
սերունդի
փրկութեան
հարցն
է։
Մանաւանդ
երիտասարդութեան
համար։
Ո՛ւր
որ
ալ
գտնուի։
Նորութիւն
մը
չէ
մեր
թղթակցին
մատնանշած
երեւոյթը։
Ոչ
ալ
միայն
Պելժիոյ
յատուկ։
Նոյն
ողբերգութիւնը
ամէն
տեղ,
սկսելով
Փարիզէն։
Ունինք
ստուարաթիւ
եւ
ընդհանրապէս
փայլուն
դիրքերուհասած
երիտասարդութիւն
մը,
որ
հայկական
կեանքի
լուսանցքին
վրայ
միայն
կ’երեւայ։
Չի
բարեհաճիր
ներս
մտնել։
Գոնէ
ակնարկ
մը
նետել։
Միայն
օտարութեան
մէջհասակնետած
տունկեր
չեն
ասոնք։
Շատերը
ազգային
կրթութիւն
ստացած
են
եւ
յաճախ
կը
պարծին
իրենց
գիտելիքներով։
եւ
սակայն
հանրային
գործունէութեան
ելեւէջներուն
կը
հետեւին
հեռուէն,
շատ
հեռուէն։
Եթէ
մօտենանք
եւ
խօսիք,
ձեզմէ
աւելի
սրտացաւ
կ’երեւան։
Եւ
կը
բարեհաճին
իրենց
հեղինակաւոր
կարծիքը
յայտնել։
Նոյնիսկ
խրատներ
տալ,
մատնանշելով
ծուռն
ու
շիտակը։
Բայց,
իրենց
մատը
մոխիրը
չեն
թաթխեր։
Կա՛մ
կրաւորական
դիրք
բռնած
կ’ըլլան
եւ
կամ
կը
փայլին
իրենց
բացակայութեամբ,
համաձայն
աւանդական
բանաձեւին։
Վաստկիլ,
վայելել
եւ
միշտ
վերէն
նայիլ։
Դիտել
ու
դատել
իբրեւ
անցորդ
կամ
իբրեւ
«տիլեթանթ»։
Օրինակ,
Պելժիոյ
հայ
երիտասարդներըի՞նչ
պատճառ
կրնային
ունենալ
բացակայելու
Դ.
Վարուժանի
յիշատակին
նուիրուած
հանդէսէ
մը։
Իրենց
տարեկից
կամ
դասակից
տարագիրներ
բան-գործ
կ’ընեն
եւ
կը
գտնեն
երիցս
նահատակուած
բանաստեղծին
բնակարանը։
Ուսանողներ
յիշատակի
հանդէս
մը
կը
սարքեն,
եւ
կ’որոշեն
նշանատախտակ
մը
դնել
այն
բնակարանին
վրայ
ուր
կը
ստեղծագործէր
բանաստեղծը,
«եղեգնեայ
գրչով»,
տաժանելի
պայմաններու
տակ։
Այս
անցուդարձը,
իսկ
եւ
իսկ
երիտասարդական,
բան
մը
չի՞
խօսիր
իրենց
սրտին։
Ո՜րքան
շուտ
ցամքեցան
երիտասարդ
համարուած
սիրտեր
ու
միտքեր
օտարութեան
մէջ։
Արդէն
իսկ
եղերական
տեսարան
մը
կը
պարզէ
դեղնած
տերեւներու
բազմութիւնը։
Ամէն
տեղ
ալ,
պատրուակներ
կը
գտնեն,
բայց
երբեք
իրական
արդարացում։
Այս
տեսակ
պարագաներու
մէջ,
պատրուակը
աւելի
կը
ծանրացնէ
յանցանքը։
Ի
վերջոյ
ինչո՞վ
կը
հետաքրքուին,
ինչո՞վ
կը
խանդավառուին,
ինչո՞վ
կ’ապրին
ժամանակէն
առաջ
դեղնած
երիտասարդները։
Աշնան
տերեւն
անգամ
կը
սարսռայ,
ճիւղէն
փրթած
ատեն։
Դեղնած
տերեւներո՞վ
պիտի
ամրապնդուիկապը
երէկուան
եւ
այսօրուան
միջեւ…
Ո՞ւր
կը
հասնինք,
եթէ
երիտասարդներն
ալ
մոռնան
իրենց
կոչումը։
19
Յունուար
1957