Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԷՊԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔՆԵՐԸ
      
       «Քոլոսալ» երեւոյթ մը՝ Կէօթէն ալ, ինչպէս պիտի կոչէին Գերմանացիները։
       Վիթխարի՝ ոչ միայն հասողութեամբ, այլև բովանդակութեամբ։
       - «Կէօթէ «իմպերատոր»ն (կայսր) է Մտքին, կը գրէ Ռոմէն Ռոլան։ Իր նշանախօսքը ՝ պայքարիլ յաւիտենապէս, յաւիտենական խաղաղութեան մէջ»։
       - «…Կէօթէն գոհացում կը գտնէր միայն բուն իսկ պայքարին մէջ, երբեք չէր տենչար հանգիստին, չէր ճանչնար ուրիշ հանգիստ բայց միայն մահուան հանգիստը»։ (Անտռէ Ժիտ)։
       - «…Կէօթէի համար շատ մը աստուածներ կան։ Մարդուն ամէնէն գեղեցիկ փառասիրութիւնն է ծնունդ տալ անոնց եւ գեղեցկացնել զանոնք»։ (Անտռէ Սիւարէզ)։
       Բայց աւելորդ են այս վկայութիւնները։ Նոյնինքն Կէօթէն չէ՞ որ կը խօսի, «Ֆաուստ»ի բերնով.
       -«Ես ինքզինքս կը նուիրեմ աղմուկին, ցաւագին վայելքներուն, սիրոյ որ ատելութիւն կը բուրէ, խաղաղութեան որ յուսահատութիւն կը բուրէ։ Գիտութեան խանդէն բուժուած իմ սիրտս այսուհետեւ պիտի չփակուի որեւէ ցաւի առջեւ, եւ ինչ որ բովանդակ մարդկութեան բաժինն է, կ’ուզեմ կեդրոնացնել էութեանս ամէնէն խորը, կ’ուզեմ իմ մտքովս հասնիլ, գտնել ինչ որ ան ունի ամէնէն բարձր եւ ամէնէն գաղտնի. կ’ուզեմ սրտիս վրայ կուտակել ինչ որ ան ունի բարի ու չար, եւ անոր պէս ուռելով, նմանապէս խորտակուիլ»։
      
       Եւ ահաւասիկ, իր մահէն հարիւր տարի ետքն ալ, տեւտոնեան Տիտանը կը մնայ անմատչելի բարձունքի մը վրայ, յարգանքի հրաւիրելով բովանդակ աշխարհը։ Այլ մանաւանդ հպարտութեամբ ուռեցնելով գերման ժողովուրդին սիրտը։
       Նախապաշարում է ցեղէ ցեղ գերազանցութիւն փնտռելու սովորութիւնը։
       Հանճարները կապ չունին ցեղային արգանդին կամ ո՛րեւէ միջավայրի հետ։
       Բայց, իւրաքանչիւր ցեղ ունի յղութեան, արարչութեան, խառնուածքի յատկանիշ մը, որ չի նմանիր միւսին։
       Միայն ռուս ժողովուրդը կրնար արտադրել Տոլստոյ մը կամ Դոստոյեւսկի մը։ Տիեզերական, բայց բրիտանական ստեղծագործութիւն է Շէյքսփիրը։ Եւ միայն տեւտոնեան արգանդ մը կրնար յղանալ Կէօթէն, ինչպէս Նիցշէն- անոր հոգեզաւակը։
       «Գերմարդ»ու սաղմն էր որ կը խլրտէր Կէօթէի մէջ եւ անոր միջոցաւ կը ներշնչէր, կը վարակէր ոչ միայն անհատները, այլեւ բազմութիւնները։ Ոչ միայն երկրի մը սահմաններուն մէջ, այլ ի սփիւռս աշխարհի։
       Այսօրուան աչքով, քննադատութեան չի դիմանար Կէօթէի արուեստը։ Եւ ամէնէն յափշտակեալներն ալ քիչ բան կը գտնեն անմահ՝ գեղարուեստի, նոյնիսկ փիլիսոփայութեան տեսակէտով։
       Բայց անմահ է ու պիտի մնայ ոգին որ կը փոթորկէր Կէօթէները։ որ չէր գիտեր ո՛չ կանգ առնել, ո՛չ գոհանալ ո՛չ վհատիլ, ո՛չ ալ շեղիլ։
       Առասպել չէ, - Կէօթէն յիսունըեօթը տարի տքնած է «Ֆաուստ»ին վրայ։ Եւ ապահովաբար մինչեւ վերջն ալ դժգոհ մնալով։ Չգտնելով յագեցում՝ իր թռիչքին կամ խորութեան։
       Սահման չունեցաւ իր գաղափարական խոյանքը, ինչպէս իր մտքին հորիզոնը։
       Մնաց «յաւիտենական ուսանողը»։ Բայց ոչ իբրեւ քանքարաթաքոյց։ Ոչ թէ զովացնելու համար իր անհանգիստ հոգին։ Այլ, որպէսզի կարենայ լուծել Տիեզերական Խռովքը։ Որպէսզի կարենայ միշտ սլանալ ու մաքառիլ, ճանկռտելով մագլցիլ բարձունքէ բարձունք, - մինչեւ այնտեղ ուր կրնայ զօրել մարդկային միտքը, մարդու բարիքին համար։
       Կէօթէի գերագոյն առաքինութիւնն է՝ մարդկայինը։
       Բառերը անզօր են, բառերը մաշած են, բնորոշելու համար այն Երկունքը որ մինչեւ այսօր ալ ակնածանքի կը կանչէ, հակառակ փիլիսոփայ-բանաստեղծին ազնուապետական, մեկուսացեալ, պահպանողական խառնուածքին։
      
       *
      
       …Հայերէն թերթը քիչ մը ամէն բան ըլլալով, ճակատագրուած է որ եզրակացութիւն մը, եթէ ոչ «դաս» մը հանուի ամէն դէպքէ։ Քաղաքականէն մինչեւ գրականը։
       Ի՜նչ աւելի բնական եզրակացութիւն քան այն ամեհի թռիչքը բարձունքէ բարձունք, որ անմահացուց Կէօթէն, եւ այն երկիւղած պաշտամունքը որ սերունդէ սերունդ այդ Մեծութեան կը կապէ հզօր ժողովուրդ մը։
       Ժողովուրդները հօտ են կամ աւազ, առանց բարձունքներու։ Առանց աչք ու միտք ուղղելու դէպի բարձունքները։
       Մենք ալ, «մերովսանն», ունինք բարձունքներ ու խոյանք։ Արժէքներ ու խորհուրդներ։ Ճիգ ու երկունք։ Մոխիրներու տակ թաղուած կայծեր, ինչպէս անյագ տենչեր։
       Բայց, ունի՞նք գիտակցութիւնն ու պաշտամունքը այդ բոլորին։ Ունի՞նք այնքան սէր եւ հպարտութիւն, պանծացնելու եւ տարածելու համար այդ բոլորը։
       Բանակներն ու օդանաւերը չեն որ կը ներշնչեն, կը թաթաւեն, կը խռովեն գերման ժողովուրդը։
       Զինուորական պարտութիւնները չեն որ ուժասպառ, անկենդան զանգուածի մը կը վերածեն բազմութիւնները։
       Ժողովուրդները կը մեռնին, երբ կը մեռնի սլացքը դէպի բարձունքները։ Դէպի Լոյսը։
       Երբ կը մեռնի «աստուածներ ստեղծելու» փառասիրութիւնը։
       Փո՞քր ենք։ Հալածակա՞ն։ Ցիրուցա՞ն։
       Այդ անողոք իրականութիւնն իսկ ոչ թէ պիտի վհատեցնէ, այլ աւելի պիտի ուժաւորէ մեզ, սլանալու դէպի բարձունքները։
       27 Մարտ 1932