ԼԱՅՆ
ԲԱՑԷՔ
ՓԵՂԿԵՐԸ
Անցեալ
տարուան
ընթացքին
կարգ
մը
նշանակելի
երեւոյթներ
պարզուեցան
Երեւանի
գրական
եւ
լրագրական
ճակատին
վրայ։
Նախ,
սկսած
են
արտատպումներ
կատարել
Հայկական
Արտասահմանի
գրական
արտադրութիւններէն,
«Սովետական
Գրականութիւն»
եւ
«Սովետական
Հայաստան»
ամսաթերթերուն
մէջ։
Երկրորդ,
երկու
անգամ
է
որ
խիստ
քննադատութիւններ
կը
հրատարակուին
ֆրանսերէն
ստեղծագործութիւններէ
կատարուած
թարգմանութեանց
սխալներու
մասին։
Երրորդ,
աւելի
յաճախ
կը
զբաղին
լեզուի
հարստացման
կամ
աղճատման
խնդիրներով։
Առաջին
նորութեան
մասին
խօսած
ենք
արդէն
եւ
նորէն
կը
յիշեցնենք
թէ
ծուռ
ճամբու
մը
կը
հետեւին,
երբ
նկատի
կ’առնեն
միայն
առաջաւոր,
յառաջդիմական
կամ
«պրոգրեսիւ-դեմոկրատ»
կոչուած
գրողներ
ու
հեղինակներ։
Հայկանան
Արտասահմանի
ստեղծագործութեանց
հարազատ
պատկերըտալու
համար,
անհրաժեշտ
է
լայն
բանալ
փեղկերը
եւ
մանաւանդ
աչքերը։
Երբ
արեւմտահայ
գրականութեան
դասական
արտադրութիւնները
կ’արտատպեն,
անշուշտ
մարքս-լենինեան
տեսակէտը
նկատի
չունին,
այլ
գործին
արժէքը։
Տարրական
տրամաբանութիւնը
կը
պահանջէ
նոյն
աչքով
նայիլ
նոր
հրատարակութեանց
վրայ։
Իրենք
ալ
գիտեն
որ
«առաջաւոր»
կոչուած
շատ
մը
երկեր
թութակաբանութիւններ
են
կամ
ապսպրանքի
վրայ
գրուած
նմանութիւններ։
Հարազատ
ձայները
զանցառելի
քանակութիւն
մը
կը
ներկայացնեն
այդ
հրատարակութեանց
մէջ։
Ժամանակներու
ոգին
չէ
որ
կը
ներշնչէ
զանոնք,
այլ
հետեւակ,
թերխաշ
միտքը։
Սխալ
թարգմանութեանց
մասին
երկու
փաստացի
քննադատութիւններ
եւրեւցան
«Սովետական
Գրականութիւն»
ամսագրի
1956
Հոկտեմբերի
եւ
Նոյեմբերի
թիւերուն
մէջ։
Երկուքն
ալ
ջախջախիչ
փաստերով
կ’ապացուցանեն
թէ
կոպիտ
սխալներ
եւ
աղճատումներ
կատարուած
են
մասնաւորապէս
Պալզաքի
գործերուն
թարգմանութեանց
մէջ
(
Էօժէնի
Կրանտէ,
Շագրենէ
կաշի,
եւայլն)։
Ակներեւ
է
որ
գործը
յանձնուած
է
համբակ
թարգմանիչներու,
որոնց
գիտցած
ֆրանսերէնը
եւ
հայերէնը
միջակէն
ալ
վար
կը
մնան։
Եթէ
յարաբերութիւնները
ազատ
ըլլային,
կարելի
էր
գտնել
համապատասխան
ուժերը
արտասահմանի
մէջ։
Առաջին
մեծ
պատերազմէն
առաջ,
Թիֆլիսի
Հայոց
Հրատարակչականը
հատընտիր
երկեր
թարգմանել
կուտար
Պոլիս
հաստատուած
հեղինակներու։
Գալով
լեզուական
հարցին,
բարենշան
է
թերթերու
մէջ
կատարուած
բանավէճը,
պայմանաւ
որ
գործնական
ելքի
մը
յանգի։
Ի՞նչ
օգուտ
առողջ
տեսակէտներյայտնել
լեզուի
մաքրութեան
մասին,
եւ
միւս
կողմէ
տոպրակներով
օտարաբանութիւններ
պարպել
թերթերու
եւ
գիրքերու
մէջ։
Ամէնքն
ալ
գիտեն
որչարիքը
չի
սահմանափակուիր
քանի
մըտասնեակշինծու
բառերով։
Հարիւրաւոր
կապկութիւններ,
կոպիտ
սխալներ
եւ
իմաստակութիւններ
կը
խաթարեն
ոչ
միայն
մայրենի
լեզուին
բառարանն
ու
քերականութիւնը,
այլեւ
ոգին։
Լայն
բացէք
փեղկերը
եւ
պիտի
տեսնէք
որ
լեզուաշինարարութիւն
չէ
կատարուածը,
այլ
հասարակ
լեզուակեղծարարութիւն։
20
Յունուար
1957