Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԷԿԸ ՄԻՒՍՈՎ ՊԻՏԻ ՇՆՉԷ
      
       Հայաստան եւ Հայկական Արտասահման երկու թեւերն են միեւնոյն ամբողջութեան։ Երկու զանգուածներ, որոնք իրար պիտի լրացնեն հայրենի հողին վրայ։ Միացեալ եւ ազատ։
       Սովորական իմաստով գաղութներ չեն ինչ որ Հայկական Արտասահման կը կոչենք։
       Ուրեմն, թերխաշ, տնաբոյս քաղաքագէտներ իրաւունք չունին կամակատար հպատակի կամ կթան կովու տեղ դնելու զանոնք։
       Թուրքիոյ հայ ժողովուրդին վերջին մնացորդը կը ներկայացնեն այդ գաղութները։ Բազմութիւններ խորապէս հայրենասէր, թէեւ հեռու հայրենիքէն։
       Կը նշանակէ թէ որեւէ իշխանութիւն պարտաւոր է նկատի առնել անոնց բաղձանքները, տեսակէտներն ու տրամադրութիւնները, այս կամ այն կարգադրութեան ատեն։
       Ամէն պարագայի մէջ, իրաւունք չունի արհամարհելու, նուաստացնելու կամ իր կամքը պարտադրելու, պղտորելով մթնոլորտը, հայրենիքին մէջ թէ դուրսը։
       Այս տարրական գիտակցութեան- պարտականութեան- հետքն իսկ չենք տեսներ, տարիներէ ի վեր։ Մանաւանդ այժմ։
       Ընդհակառակն, ահա ռատիօ-Երեւանն ալ «մոբիլիզացուել է»- ո՜վ բարբարոսութիւն- լրացնելու համար բանաւոր եւ գրաւոր բանսարկութեանց պակասը։ Տեսակ մը ջլամարտ, որ պարզապէս տկարութիւն, հոգեկան թշուառութիւն կ’ապացուցանէ։
       Կը թուի թէ այս պարոնները չեն գիտեր որ Արտասահմանի ողջամիտ մեծամասնութիւնը շատոնց փակած է իր աչքերն ու ականջները ինչպէս թխածոյ եւ գարշահոտ հրատարակութեանց, նոյնպէս այդ անթել կամ թելաւոր վայրահաջութեանց առջեւ։
       Եւ կը մոռնան թէ այդ մեծամասնութիւնը երէկուան բարեպաշտ համբակը չէ, որեւէ եղանակի վրայ պարելու համար։
       Ան գիտէ Խ. Հայաստանի սեւն ու ճերմակը։ Եւ չափած է անոր վարիչներուն կամ ուղեկիցներուն քաղաքական իմաստութեան, կարողութեան աստիճանը։
       Այդ մեծամասնութիւնը շան-քարոզ չէ որ կը սպասէ ռատիօ-Երեւանէն, այլ քաղաքական աշխատանք։ Հոգ չէ թէ համեստ չափով։
       Հո՛ղ, ափ մը հող եւս։ Ներսէն կամ դուրսէն։
       Ան կը պահանջէ որ Երեւանցիները լայն բանան դուռներն ու պատուհանները։ Գոնէ մշակոյթի ճակատին վրայ, որպէսզի Հայրենիքն ու Արտասահմանը մօտէն ճանչնան իրար, փոխանակ այս կամ այն «չինովնիկ»ին, մունետիկին բարեհաճութեան ապաւինելու կամ թերթ ու գիրք ճարելու սեւ շուկայէն։
       Ան կ’ուզէ բաց աչքերով տեսնել հայրենիքին չարն ու բարին, եւ ոչ թէ հանելուկ լուծել «կ’ուտենք-կը խմենք» նամակներով կամ փախստականներու յեղապատառ պատմութիւններով։
       Ան հայրենիքին զօրացումը եւ ցիրուցան բազմութեանց ինքնապաշտպանութիւնը կը փնտռէ ուղղակի եւ սերտ, անվերապահ յարաբերութեանց մէջ։
       Ան չի հանդուրժեր որ տգետ եւ անոպայ մարդիկ աղճատեն հայերէնը, կամ ուրանան իրենց մայրենի լեզուն, հաճոյք պատճառելու համար օրուան իշխանութեան։
       Ան պատրաստ է իր բոլորանուէր աջակցութեամբ զարկ տալու հայրենիքի մշակոյթին, արժեցնելով հայ ժողովուրդի արեւմտեան ճակատին դարաւոր վաստակը։
       Մէկ խօսքով, - այդջախջախիչ մեծամասնութիւնը, կը հաւատայ թէ Հայրենիք եւ Հայկական Արտասահման իրարմով պիտի շնչեն։ Առանց կասկածելի միջնորդներու։ Մինչեւ մեր բաղձանքներուն վերջնական, ամբողջական իրականացումը։
       Ո՛վ որ քարեր կը շարէ այս ճամբուն վրայ, տհաս գիտելիքներով եւ ամբոխավարական մարզանքներով, չի կրնար բարեկամ դառնալ ո՛չ Երեւանի, ո՛չ ալ տարագիր բազմութեանց։
       Հայկական Արտասահմանը «շրջանաւարտ» է ոչ միայն մշակոյթի ճակատին վրայ, այլեւ իբրեւ քաղաքական միտք, իր կաթը ծծած ըլլալով տառապանքէն եւ աշխատանքէն։
      
       13 Յունիս 1948