ԱՌԱՆՑ
ԵՐԴԻՔԻ
Զատիկ
մը
եւս,
առանց
երդիքի,
հեռաւոր
եւ
օտար
ափերու
վրայ…
Ֆրանսան
միակ
երկիրն
է,
որ
երբեք
մտքէ
չէր
անցներ,
իբրեւ
գաղութ։
Տարիներէ
ի
վեր,
Փարիզի
հետ
կապուած,
անով
սնած
սերունդ
մը
ունինք,
որ
կ’երթար
ու
կուգար,
ուսման
կամ
առեւտուրի
համար։
Քիչեր
արմատ
կը
ձգէին
այստեղ,
ընդհանրապէս
այնպիսիներ,
որոնց
խորթ
կուգար
հայկական
միջավայրը։
Դաս
մը
առանց
դասակարգի,
որ
կը
լուծուէր
յորձանքին
մէջ,
առանց
իրական
արժէք
մը
աւելցնելու։
Երէկ
տուն
տեղ
էին,
այսօր՝
թափառական։
Երէկ
ճնճղուկներուն
համար
անգամ
ցորեն
ունէին
երդիքներուն
վրայ,
ինչպէս
առատ
հաց՝
հանդիպող
հիւրին
համար,
թոնիրին
կամ
բուխերիկին
բոլորտիքը։
Այսօր՝
իրենք
դատապարտուած
են
անօթութեան,
եթէ
մէկ
օր
պակաս
տքնին։
Երէկ՝
հազարաւոր
մանուկներ
զուարթութիւն
կը
ցանէին
իրենց
շուրջը,
այսօր
կան
նոյն
մանուկները,
բայց
ոչ
ա՜յն
հարազատ
ծիծաղը,
ո՛չ
իսկ
լեզուն։
Ո՛չ
թէ
մամիկը,
այլ
հայրն
ու
մայրը
արդէն
թարգմանով
կը
խօսին
իրենց
զաւակներուն
հետ…
Եւ
այս
բոլորը՝
երդիքի
պակասէն,
ազատ
եւ
անկախ
հայրենիքի
կարօտէն,
որ
կը
տեւէ
ու
կը
տեւէ։
Կ’անցնի՜
այս
ալ։
Մեր
ժողովուրդը
խորապէս
ըմբռնած
է
ապրելու
գաղտնիքը,
որ
կ’ամփոփուի
մէկ
բառի
մէջ,
-
Տոկալ։
Շատերը
իր
հասակակիցներէն,
աւելի
հիներ
ու
զօրաւորներ,
խառնուեցան
պատմութեան,
ձգելով
միայն
արձանագրութիւններ
եւ
փառքեր։
Հայ
ժողովուրդը
քիչ
ունեցաւ
յաղթանակներ
եւ
փառքեր։
Չունեցաւ
իր
ազգային
Զատիկը։
Բայց,
դարերու
մէջէն,
եւ
ամէն
ափի
վրայ
պտըտցուց
կրակ
մը,
որ
ընդունակ
է
լեռներ
շարժելու։
Այդ
կրակը՝
ներքին
արժէքն
է
որ,
մինչեւ
այսօր
ալ,
անհանգստութիւն
կը
պատճառէ
իր
թշնամիներուն։
Անոնք
փորձեցին
բոլոր
դաւերը
եւ
ինչ
որ
կրնայ
յղանալ
դիւային
երեւակայութիւն
մը,
բայց
փոխանակ
ծիծաղելու,
կը
մռլտան
ու
կը
գալարուին։
Հայ
ժողովուրդի
կենսուրախ
կեցուածքն
իսկ
Զատիկ
մըն
է,
որ
զարմանք
կը
պատճառէ
իր
յաղթականներուն։
Իր
աչքերուն
շողը
աւելի
զօրաւոր
է
քան
սրտաբեկութեան
մշուշը,
իսկ
լաւագոյն
օրերու
հաւատքը,
որ
միշտ
իր
առաքինութիւնն
եղած
է,
ամբողջ
նշանախօսք
մը
կ’արժէ։
Թափառական
ենք
երկու
երրորդով.
չունինք
երդիք,
ոչ
ալ
վարուցանք՝
այս
երկնքին
տակ։
Ի՜նչ
փոյթ։
Այս
երկուքն
ալ
իր
Զատիկը
կ’ունենայ,
ուշ-կանուխ։
Միշտ
հաղորդ
մնալով
հայրենիքի
գաղափարին,
բաժնելով
անոր
չարն
ու
բարին,
մենք
անպայման
կը
տեսնենք
այդ
օրը։
4
Ապրիլ
1926