Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԲ ՆՈՐ ՓՈՍ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ
      
       Ամէն անգամ որ նոր գերեզման մը կը բացուի, մահուան սարսուռէն անմիջապէս վերջ, իրար կը հրմշտկեն այլապէս մռայլ խորհրդածութիւններ։
       եթէ միայն վերջին երկու տարիներու կորուստները յիշէինք… Տարեց թէ երիտասարդ։ Վաստակաւորներ՝ մշակոյթի եւ հանրային գործունէութեան։ Յեղափոխական։ Գրագէտ-բանաստեղծ։ Համեստ քրոնիկագիր կամ ազգանուէր երիտասարդ։
       Եւ ահաւասիկ վերջինը, Եղիա Գասպարեան։ Նկարիչ եւ թատերագիր, որուն ձայնը հազիւ կը լսէինք վերջերս։
       Չափազանց համեստ, արուեստին հուրովը տապկուած, ինքն իր մէջ հալեր է այս տղան ալ, բարոյապէս թէ նիւթապէս, համաձայն հրատարակուած տեղեկութեանց։
       Եւ դեռ քանիներ այսպէս, դատապարտուած՝ փոսի մը մէջ թաղելու ե՛ւ գլուխ ե՛ւ փառք։
       Համաստեղն է որ կ’ողբայ երկար ոտանաւորի մը մէջ, ձօնուած՝ իր մտերիմ ընկերոջ յիշատակին. -
      
       Գիտեմ, օր մը պիտ’ մեռնիմ, պիտի մեռնիմ ես օր մը։
       փողոցի՞ն մէջ թէ մահճին, պիտի մեռնիմ ես օր մը։
       Ծանօթներս, մօտ-հեռու, լուր պիտի տան իրարու,
       Թէ ես մեռած եմ արդէն. երեք օր վերջ պիտ’թաղեն։
      
       Տուն մը եւս, ուր մահուան ստուերն է որ կը սարսռայ.
      
       Ընկեր մըն ալ զարմացած, թէ «Անցեալ օր միասին,
       Նստած զրոյց կ’ընէինք, գանգատ չըրաւ իր մասին.
       Էնպէս նստած կը ժպտէր, անուշ անուշ կը խօսէր.
       Գինիի պէս աչքերէն կարծես կեանքըկը հոսէր…
      
       *
      
       Միայն անողոք մա՞հն է որ փոսեր կը բանայ, հետզհետէ նօսրացնելով շարքերը, բոլոր ճակատներուն վրայ։
       «Մահը իր ճամբով»։ Իսկ մեր ամէնօրեայ կեա՞նքը՝ իր անխուսափելի պահանջներով։ Իր հոգերով եւ տառապանքներով։
       Գերեզմանի փոսերը աւելի խոր, աւելի ահաւոր ողբերգութիւն մը չե՞ն պարզեր ձեր առջեւ, երբկը տեսնէք ուրիշ անողոք իրականութիւն մը։
       Կ’ուշանա՜ն, կ’անճրկին յաջորդները, ժառանգորդները, մեղմացնելու համար հողվրտիքներուն կսկիծը…
       Երկինքէն չինկան անոնք որ հայրենի հողին վրայ թաղուելու սփոփանքն անգամ չունին։
       Ամէն մէկը փախստական՝ դժոխքէ մը։ Մեծ մասով ծլած՝ արեան ճապաղիքներու մէջ։ Եւ սակայն ոչ մէկ վարանում՝ իրենց ճամբան գտնելու, իրենց կոչումը արդարացնելու համար։
       Խրատականի՞, քարոզի՞, խնամակալութեա՞ն թէ զօրակոչի կը կարօտին յաջորդները, ասպարէզ նետուելու համար նոյն ինքնվստահութեամբ։ Գիտակցօրէն եւ նուիրումով։
       Որքա՜ն փոսեր-բացեր- կան, հայրենիքին թէ օտարութեան մէջ։
       Ճակատներ որոնք հետզհետէ պիտի խախտին, պիտի փլին, եթէ կէս ճամբան մնան գործօն եւ պահեստի ուժերը։
       Եւ տակաւին արհեստական փոսերը, - անոնք որ կը բացուին դաւադիր ձեռքերով, լպրծուն ճամբաներու վրայ։
       Այս փոսերն ու ճեղքերն ալ «զինուորեալներ» կը պահանջեն։
       Միտքեր եւ թեւեր՝ քնացողները արթնցնելու, վեհերոտները սարսելու, դասալիքները սանձելու համար։ Մշակներ, պահակներ՝ ազատ եւ հարազատ ստեղծագործութեան։ Դէտեր՝ ի դերեւ հանելու համար գոյնզգոյն Փղշտացիներու յայտնի թէ գաղտնի դաւերը։
       Ամէն նոր փոս ազդանշան մըն է։ Ահակոչ։
       Վա՜յ անոնց որ մոռցեր են վառ պահել իրենց սրտին եւ մտքին ճրագը, ապաւինած՝ հեռաւոր կամ հովանաւոր սուրբերու։
       Այն ատեն իրենց զղջումը նոյնքան խոր պիտի ըլլայ որքան մահուան փոսը։
       Այն ատեն փոսեր պիտի բացուին ոչ թէ գերեզմանատան մէջ, այլ իրենց իսկ ճամբուն վրայ։
       Եւ ի զուր պիտի փնտռեն կորուսեալ հետքերը։
      
       6 Փետրուար 1949