ԳԷՈՐԳ
ՉԱՎՈՒՇ
Մեր
յեղափոխական
պատմութեան
մէջ
դէմքեր
կան
որոնք
տակաւին
չեն
ուսումնասիրուած
անհրաժեշտ
մանրամասնութեամբ։
Այդ
շարքէն՝
Գէորգ
Չավուշը,
որուն
նահատակութեան
տարեդարձն
է
այսօր,
27
Մայիս։
Ո՞վ
չի
գիտեր
երգը,
այնքան
պարզ
այլ
խռովիչ.
Հազար
ինն
հարիւր
եօթ
թուականին
Չքնաղ
մայիսի
քսանեւեօթնին,
Տօն
է
բազմաշխատ
մահուան
Գէորգին,
Սասնոյ
հարազատ
մեծանուն
քաջին։
Այստեղ,
փարիզի
մէջ
ալ
տակաւին
կան
արական
եւ
մանաւանդ
իգական
ձայներ,
որոնք
հարազատօրէն
կ’երգեն
Ներսէս
եպիսկ.
Խարախանեանի
այս
երգը,
միեւնոյն
ատեն
պատմութիւնը
օրհասական
ճակատամարտին.
Քաջի
մոսինը
գոռաց
երեք
ժամ.
Երկինք
ու
երկիր
թնդաց
մի
անգամ,
Խիստ
իրարանցում
եղաւ
զօրաց
մէջ,
Փռուող
դիակաց
չկար
թիւ
ու
վերջ։
Կռիւը
կը
շարունակուի
մինչեւ
իրիկուն։
Բայց,
միեւնոյն
ատեն
Գէորգն
ալ
կ’իյնայ
մահամերձ,
եւ
ռազմիկները
կ’առնեն
կը
տանին
վիրաւոր
մարմինը,
խոտերուն
տակ
թաղելու
համար։
Քաջին
զինակիցներէն
կենդանի
վկայ
մը,
ընկեր
Մարգար,
կ’արտագրէ
անոր
բանտի
պատմութիւնը։
Հում
նիւթ
մը,
որ
կրնար
դիւցազներգութեան
մը
վերածուիլ։
Գէորգը
այնտեղ
երեւան
կուգայ
ոչմիայն
իբրեւ
մարմնացեալ
ֆետայի,
այլեւ
իբրեւ
մտքի
մարդ։
«Քաղքցի»
մը,
նոյնիսկ
փիլիսոփայ,
պիտի
չկրնար
այդքան
հարազատօրէն,
խտացնել
ամբողջ
ժողովուրդի
մը
տառապանքն
ու
ազատութեան
կարօտը։
Գէորգին
հիմնական
արժանիքներէն
մէկն
ալ
այն
եղաւ
որ,
երբեք
չուզեց
հեռանալ
Երկրէն,
հակառակ
ուղղակի
եւ
անուղղակի
պնդումներու։
Պատմական
պիտի
մնան
իր
խօսքերը,
սուր
սլաքներ՝
ուղղուած
«քաղցքցի»ներուն.
-
Գացէք
տեսէք
իմա՜լ
ժողովուրդ
է.
արժէ
մեռնիլ
անոր
համար…
Եւ
ինքն
ալ
մեռաւ
գիտակցօրէն,
քսան
տարի
մարտնչելով
արիւնածարաւ
թշնամիներու
դէմ,
որոնք
դժոխքի
վերածեր
էին
Տարօնն
ու
Սասունը,
ինչպէս
ամբողջ
Հայաստանը։
-
«Ոչ
մէկ
բեմէ
մարդկային
ձայնը
կրնայ
այնքան
հեռուն
հասնիլ
որքան
գերեզմանէն»։
Ո՛վ
ալ
արտասանած
ըլլայ
այս
խօսքը,
պիտի
տասնապատկէր
անոր
իմաստը,
ի
տես
հայկական
Դիւցազնամարտին։
Ուրիշ
ազգեր,
բախտաւորներ,
բազմալեզու
հրատարակութիւններ
ունեցան։
Անոնց
յեղափոխական
մարտնչումները,
հերոսական
խոյանքները
աւելի
շուտ
կը
լսուէին,
միջազգային
պողոտաներու
վրայ։
Անոնց
աշխարհագրական
դիրքը
նպաստաւոր
էր
ոչ
միայն
կռուելու,
այլ
եւ
արձագանգ,
խրախոյս
եւ
զինակից
գտնելու
համար։
Տասնըվեց
տարի
անցած
է
երկրորդ
աշխարհամարտէն
ի
վեր,
եւ
տակաւին
հատորներ
կը
դիզուին,
Ֆրանսայի
եւ
միւս
գրաւեալ
երկիրներու
Դիմադրական
պայքարի
մասին։
Մեր
դիմադրական
պայքարը
մղուեցաւ
խաւարակուռ
Ասիոյ
անդնդախոր
լեռներուն
եւ
ձորերուն
մէջ,
ուր
Աստուած
անգամ
մոռցած
էր
«Հայոց
արիւն
հոտոտել»։
Նոյնիսկ
մենք
աղօտ
գաղափար
ունինք
այդ
օրհասական
պայքարին
ուժգնութեան
եւ
խորութեան
մասին։
Գէորգ
Չավուշներու
պատմութիւնն
անգամ
մշուշի
տակ
թաղուած
է։
27
Մայիս
1953