Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԲԱՑԷՔ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐԸ
      
       Արձակուրդի օրեր են եւ ամէն մարդ կը խօսի օդի, լոյսի, ջուրի մասին։
       Ամէնէն անճարն ալ խօսակից կը փնտռէ, պատմելու համար օդափոխութեան բարիքները։
       Աս ու ան լեռ եւ ծով տեսեր են։ Ուրիշներ՝ ջերմուկ եւ արեւ։
       Կան ալ որ լեզու կը թափեն, նկարագրելու համար իրենց պտոյտները՝ երկրէ երկիր։
       Իրենց համար գաղտնիք չունին Զուիցերիան, Իտալիան, Սպանիան կամ Վոսփորի ափերը։
       Օդ, լոյս եւ ջուր։ Նոր հորիզոն եւ թարմութիւն։
       Ամէն պարագայի մէջ, կազդուրում։ Տեսակ մը երիտասարդացում՝ աշուն մը եւ ձմեռ մը եւս անցընելու համար։
       Անշուշտ մարմնական վերանորոգումը իրեն հետ կը բերէ հոգեկան աշխուժացում ալ։
       Մարդիկ աւելի տրամադիր կ’ըլլան հետաքրքրուելու հանրանուէր գործունէութեամբ։
       Գոնէ թմրած ջիղրերը կ’արթննան եւ աչքերը աւելի որոշ կը տեսնեն չարն ու բարին։
       Երբ մաքուր օդ շնչած են, կ’ուզեն որ քիչ մը թարմութիւն մտնէ նաեւ մեր հանրային կեանքին մէջ։
       Այս հիւրընկալ երկրին երիտասարդ վարչապետը, որ կարգ մը յանդուգն ձեռնարկներ կատարեց, աչքի կը զարնէ ուրիշ առաւելութեամբ մը։
       Կ’ուզէ, կը փորձէ «քիչ մը թարմ օդ» ներմուծել Ֆրանսայի պետական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքին մէջ։
       Քիչ մը թարմ օդիկը կարօտինք մենք ալ, սկսելով այս գաղութէն։
       Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է լայն բանալ պատուհանները, որպէսզի բացուին մեր աչքերը։ Որպէսզի թարմ օդ շնչեն միտքերն ու սրտերը։
       Հարկ է թօթափել ինքնահաւանութեան, մեկուսացման, թմրութեան եւ լճացման դեղին փոշին, որ կանխահաս ծերութիւն կը նշանակէ։
       Չէ՞ք տեսներ, - աշունը տիրաբար նստեր է տարագիր բազմութեանց հանրային կեանքին վրայ։
       Չէ՞ք լսեր դեղնած տերեւներու խշրտուքը, ամէն ասպարէզի մէջ։
       եղածը պահելու աշխատանքը յաճախ կը շփոթուի շուտ մաշեցնելու սովորամոլութեան հետ։
       Յոգնած աչքերը պղտոր կը տեսնեն ամէն բան։
       Երիտասարդները գունաւոր ակնոցներ կը փնտռեն, ծուռնու շիտակը զանազանելու համար։
       Գործօն ուժեր եւ մամուլը ահագին եռանդ կը սպառեն, տարրական ճշմարտութիւններ պարզելու համար։
       Իւրաքանչիւր համրանք իրեն յատուկ պատեանի մը մէջ ամփոփուած, չի համարձակիր տեսնել թէ ինչ կը բանի դրացին։
       Տարագիր բազմութիւնները կը թարթափին անորոշութեան մէջ, անճար նայուածքներ ուղղելով չորս հովերուն։
       Հոծ գաղութներէն այն որ ուժ եւ բախտ ունի, վերէն կը նայի միւսներուն վրայ։
       Ուրիշներ իրենց իւղով կը տապկուին, միշտ նախընտրելով դիւրին, հարթ ճամբաները։
       Ընկալեալ սովորութիւնները մամուռ կապած են ամէն տեղ, կախարդական շրջանակ մը ստաղծելով։
       Երեսնամեայ փորձառութիւնը կ’ապացուցանէ թէ լրջօրէն կը կարօտինք ներքին օդափոխութեան մը։
       Լոյս եւ թարմութիւն։
      
       14 Օգոստոս 1954