Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿՏԱԿՆ ԱԼ ՔԱՐԻՒՂ
      
       Եղաւ ինչ որ կը նախատեսէինք։
       «Բարի Գալուստը», ինչպէս կը կոչէր գրագէտ Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ, 20-25 տարի առաջ, անգամ մը եւս աննշան համրանքի մը տեղ դրած է հայ ժողովուրդը, միջազգային սեփականութիւն դարձնելով իր անհաշուելի հարստութիւնը։
       Կարդացիք իր կտակը, որ քարիւղ կը հոտի։ Ուրիշ խօսքով, լպրծուն է եւ թթու։
       Ուրեմն, իր հարստութեան մեծագոյն մասը պիտի վերածուի Փորթուկալեան Հիմնարկութեան մը, եւ պիտի յատկացուի «մարդասիրական, գեղարուեստական, կրթական, գիտական նպատակներու, բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ»։
       Հայոց ազգին անունը չկայ։ Բայց հարկաւ իր բաժինը պիտի ստանայ, իբրեւ «քաղաքակիրթ» մասնիկ մը։
       Ազգային կեանքի մէջ արդէն մասերու բաժնուած, միջազգային անդաստանին մէջ ալ հայ ժողովուրդը կը դառնայ կոտորակ մը, Կիւլպէնկեան կտակով։
       Ներողութի՛ւն։ Թանկագին բաժին մը տրամադրուած է երկու հայկական հաստատութեանց, Պոլսոյ Ազգ. Հիւանդանոցին եւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան Մատենադարանին։
       Ինչպէս կ’երեւայ, հայ միլիառատէրը ուզած է հետեւիլ Նոպէլի օրինակին, որ իր հսկայական հարստութիւնը տրամադրած է միջազգային գրականութեան, արուեստի եւ գիտութեան զարգացման, տարեկան մրցանակներով։
       Դժբախտաբար Գալուստ Կիւլպէնկեան մոռցեր է- կամ իր խորհրդականները մոռցուցեր են- որ շուէտացի միլիոնատէրը երկիր ունէր ազատ եւ բարգաւաճ ժողովուրդով։
       Ի՞նչ բաժին կրնան յուսալ հայրենիքըեւ տարագիր բազմութիւնները Կիւլպէնկեան Հաստատութենէն, երբ գիտենք որ կտակակատարներէն երկուքը օտարականներ են, մէկը՝ Փորթուկալցի փաստաբանը, միւսը անգլիացի լորտ մը։ Երրորդ անդամը, Կիւլպէնկեանի փեսան, ո՞րքան ձեռնհասութիւն եւ ձայն կրնայ ունենալ, կարելի եղածին չափ ճոխացնելու համար հայկական բաժինը։
       Մանաւանդ որ, հանգուցեալը ուրիշ օտարականներ ալ կ’առաջարկէ իբրեւ գործակից, երկու Հայերու հետ (մէկը՝ անկար ծերունի մը, միւսը՝ անծանօթ հայկական կեանքին)։
       Բարեմիտներ պիտի կարծեն թէ Հայոց ազգին անունը պիտի փառաւորուի այս կտակով։
       Պակաս ըլլա՜յ այդ փառքը։
       Ո՞ր միջազգային թանգարանին եւ Մատենադարանին մէջ արձանագրութիւն չկայ Հայոց ազգի մասին։
       Մինչդեռ, ամբողջ ժողովուրդ մը- կենդանի ուժ- անկարելին կը փորձէ, վառ պահելու համար իր արեւը ի սփիւռս աշխարհի…
       Փառքի ո՞ր տեսակը անմոռանալի յիշատակ մը պիտի չձգէր պատմութեան մէջ, -
       Հայկական համալսարան մը՝ օտար ափերու վրայ։
       Հայկաւանի մը վերածել եղբայրական Լիբանանի այն գարշահոտ խրճիթները ուր ամբողջ սերունդներ կը ծիւրին աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր։
       Հարիւրաւոր դպրոցական շէնքեր Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր, ներկայ ախոռներուն տեղ։
       Հաստատուն Հիմնադրամ մը՝ Հայկական Մշակոյթի զարգացման համար։
       Արդիական աւան մը՝ հայրենիքի մէջ։
       Կրնաք ճոխացնել շարքը, նկատի առնելով ժառանգութեան գումարը։
      
       27 Յուլիս 1955