Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԷՄՔԸ
      
       Որքան արի եւ յանդուգն՝ մարտական ճակատի վրայ, մեր սիրելի Դրօն նոյնքան արթուն էր եւ տոկուն՝ քաղաքական խնդիրներհետապնդած ատեն։
       Ռազմիկը հարկադրուեցաւ դիւանագէտի դեր կատարել դեռ Երեւանէն։ Եւ, աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր այդ ապերախտ աշխատանքին լծուած էր արտասահմանի մէջ, հակառակ իր խառնուածքին։
       Խորապէս կ’ըմբռնէր թէ տարրական պայման է ներկայ ըլլալ ամէն տեղ։ Եթէ ոչ բարիքներ ապահովելու, գոնէ չարիքներ խափանելու համար։
       Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ գործի կուսակցութիւն է։ Ուրեմն, իր աչքն ու ականջը սուր պիտի պահէ, որեւէ անցուդարձի հանդէպ։
       Կը պատահին դէպքեր որոնք սերտ կապ ունին Հայկական Դատին կամ ցիրուցան բազմութեանց ապահովութեան հետ։
       Կը ներկայանան պարագաներ ուր բարեկամն անգամ կրնայ դաւել, եթէ իր դիմացը չգտնէ ընդիմադիր եւ շարժուն ուժ մը՝ իբրեւ արթուն պահակ։
       Ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ արտասահմանի մէջ շրջապատուած ենք այլազան դրացիներով որոնք անընդհատ կը գործեն, նուաճումներ կատարելու համար, ի վնաս անճարին եւ բացակային։
       Երէկ՝ մարտական բազուկն էր որ կարգի կը հրաւիրէր զանոնք։ Այսօր՝ քաղաքական միտքը պիտի գործէ, ելքեր գտնելու համար։
       Այս բոլոր պարագաներուն մէջ, երբ Դրօն էր Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը, տեսակէտները կը պարզէր նոյն շառաչուն ուժգնութեամբ, ինչպէս գնդակ մը արձակած ատեն։
       Ոչ միայն դրացիներուն, այլեւ անոնց հովանաւորներուն հետ խօսելու եղանակ մը ունէր որ մտածել կուտար։ Ամէն պարագայի մէջ, համարում կը ներշնչէր։
       Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, փոքրոգի մարդիկ, գոյնզգոյն դիմակաւորներ փորձեցին մուր քսել իր ճակտին, մերձեցման փորձի մը առթիւ որ ամէն բանէ առաջ կը բխէր զուտ ազգային մտահոգութիւններէ։
       Օրուան հարցն էր, - ի՞նչպէս ընել որ Եւրոպայի հայ գաղութները եւ մեր անճար հայրենիքը ոտքի տակ չերթան, նախայարձակին սանձակոտոր արշաւանքին առջեւ։
       Դրօ իր ամբողջ անցեալն ու հմայքը դրած էր նժարին մէջ, այդ եղերական օրերուն։ Ոչ թէ սնամէջ պատրանքներ սնուցանելով, այլ նախատելով բացակայութեան ահաւոր վտանգները։
       Անշուշտ իրեն համար տառապանք էր այդ պարտականութիւնը։
       Եւ սակայն կատարեց նոյն պայծառամտութեամբ, ճակատաբաց ու վճռական։ Միշտ յիշեցնելով, արիաբար, թէ իր ներկայացուցած ժողովուրդը ոչ փորձանիւթ է, ոչ ալ ամբոխ։
       Վերջին տարիներու ընթացքին, երբ Արեւմուտքը շեշտակի դիրք բռնած էր, յանուն ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի, Դրօ նոյն հետևողականութեամբ կը հետապնդէր հայկական պահանջները։
       Գիտնալով հանդերձ որ պարագաները բոլորովին աննպաստ են մեզի համար, կարելին կը փորձէր, որպէսզի բարեկամն ու թշնամին, դրացիներն ու աշխարհակալները չխախտեն կատարուած նուաճումները։
       Ի ծնէ առաջնորդն էր, թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ խաղաղութեան ատեն։
       Իր մահով իսկապէս անփոխարինելի դէմք մըն է որ կ’անհետանայ հայկական հորիզոնէն։
      
       14 Մարտ 1956