Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ…
      
       Զատիկ, - եւ, քանի մը օր յետոյ, Ապրիլ 11 (24)։
       Ե՞րբէ անխառն եղած մեր ուրախութիւնը…
       Զատիկ, - այս կրօնական տօնն անգամ, որ հայկական ծիածանով մը կը ծաղկէր մեր գաւառներուն մէջ, խորթ կուգայ Եւրոպայի պողոտաներուն վրայ։
       Կարմիր հաւկիթներուն ներկն իսկ չէ այն ինչ որ ունէինք մենք, - այնքան բնական ու այնքան սիրուն տորոնը։
       Ամէն ինչ՝ արուեստական։ Մենք իսկ՝ մայր հողէն հանուած եւ թաղարի մէջ կծկուած։ Եւ ահաւոր մղձաւանջ մը մեր գլխուն վերեւ։ Ցերեկին՝ խեղդուած աշխատանքի ժխորին մէջ։ Գիշերը՝ գնդասեղի պէս մխուած մեր մորթին։
       Զատի՞կ, - ոչ։ Յիշատակ մը աւելի, խոցոտելու համար սիրտը։ Հանգրուան մը եւս, որ տեսակ մը չարախնդութեամբ կը յիշեցնէ, կ’ազդարարէ թէ չունիս ո՛չ վարկ, ո՛չ ազատութիւն, ո՛չ ալ Զատիկ, երբ չունիս հայրենիք։ Երբ կը պատկանիս «անորոշ» ազգութեան, նետուած՝ եօթն անգամ եօթը ծովերու վրայ։
       Անշուշտ, ծիծաղ կայ եւ այստեղ։ Աւելին քան ունէինք մեր կապոյտ երկնքին տակ։
       Բայց, ա՜յդ ալ հեգնութիւն մըն է՝ նետուած մեր երեսին։ Քրքիջ մը, որ կը յիւշեցնէ մեր մինակութիւնը։ Մեր թշուառութիւնն անհող եւ անարմատ։
       «Կեավո՛ւր»- կը խռնջէին Թուրքերը։ Եւ կը ծիծաղէին, նոյն իսկ մեր ուսերը շոյելով։
       «Օտարակա՜ն», - կը փսփսայ Եւրոպան, ու կը ժպտի ինչպէս Տիրոջը ծառան։
       Եւ եթէ բարձրաձայն չի ծաղրեր մեզ իբրեւ «հայմաթլոս», պատճառը այն է որ գիտէ, բացարձակապէսվստահ է, թէ հայրենիք մը պիտի ունենանք, վաղը, մակարդուելով իր իսկ հայրենիքին մէջ։
       Դառնալով անգլիացի, ֆրանսացի, գերմանացի, սպանացի, փորթուկալցի, արաբ կամ հապէշ, - համրեցէք աշխարհի բոլոր ազգերը։
       Չէ՞ որ մենք մաս կը կազմենք աշխարհի բոլոր մասերուն։ Եւ դարձեր ենք արդէն անբաժանելի, լրացուցիչ մասը տիրող ազգին։ Եթէոչ մեր ուսումնականներով, ամէն պարագայի մէջ մեր զաւակներով։ Մէկէն տասնըհինգ տարեկաններով։
      
       *
      
       Ուրիշ ատեն, տարբեր պարագաներու մէջ, Զատիկը առիթ մըն էր ազգասիրական փսփսուքներու. -
       Ճամբաները պիտի բացուի՞ն։
       Սուլթանը խոստացեր է Զատկին արձակել բանտարկեալները։
       Դեսպանները «նոթա»տուեր են նորէն…
       Փսփսուքներ՝ տուներու չորս պատերուն մէջ։
       Այդ օրերուն, մեծագոյն աւետիսն էր իմանալ որ, Զատկի առթիւ, այս կամ այն ժամուն մէջ, «Տէր Ողորմեա՛»ն երգուած էր յանդուգն յաւելուածով մը- «բանտարկելոց ազատութիւն»։
       Արդ, բանտարկեալներ չունինք այսօր- կը խօսինք արտասահմանի համար։ Ճամբաները բաց են՝ մինչեւ դժոխք։ Մինչեւ Հարաւ. Ամերիկա։ Բայց ոչ մինչեւ «Չանլը Քիլիսէ» (Էջմիածին)։ Ինչպէս կը բացագանչէր թուրք հրապարակագիր մը, ճամբայ ցուցնելով «անհաւատարիմ» Հայերուն։ Երես դարձուցած ենք բոլոր դեսպաններուն (մէջն ըլլալով «հայազգի» Կարախանը)։
       Եւ սակայն, բանտարկեալներ ենք բոլորս, այս ազատ պողոտաներուն վրայ։ Բանտարկեալները՝ մեր կիրքերուն, մեր նախապաշարումներուն, մեր փոքրոգութեան։ Եւ ինչո՞ւ չէ, մեր տգիտութեան։
       Եւ հիմա որ Զատիկ է եւ մեր խռպոտ ձայնը կը լսուի բոլոր պողոտաներուն վրայ այլեւս հարկադրուած չենք փսփսալ չորս պատի մէջ ինչո՞ւ չպոռանք մէկ ձայն եւ մէկ բերան։
       Ընկերնե՛ր, քաղաքացինե՛ր, բարեկամ թէ թշնամի, ։ աջ թէ ձախ, ո՞ւր կ’երթանք այսպէս պատն երեսին քէն կապած։ Կռնակ դարձուցած մէկ- մէկու։ Ամէն մէկն իր գլխուն։
       Գլխագիր «Ազգ»ը՝իր փառքին ու անցեալին ապաւինած։ Կուսակցութիւնները՝ անհաշտ։ Երիտասարդութիւնը՝ կարծես անպատասխանատու։ Իսկ ժողովուրդը՝ լքուած իր բախտին։- Խաղալիկ ովկիանոսներու փոթորիկներուն։ Երէկ՝ մսացու, այսօր ՝ վարձու ոչխար…
       Եթէ Երեւանը չի հետաքրքրուիր մեզմով, մենք, հալածական զանգուած- արեւմտահայ- ժողովո՞ւրդ ենք թէ նախիր։
       Խօսեցէք այս մասին ալ, գոնէ երեք օր։
       Չէ՞ որ Զատիկ է, եւ տրամադրութիւնը բարձր։
       Աւելի բարձր, քան եթէ հայրենիքի յարութեան տօնն ըլլար…։
       Այլեւս չկայ ո՛չսուլթան, ո՛չդեսպան, ո՛չ ոստիկան։
       Մենք մեր գլխուն ենք։ Եւ բաւական ուժով, մեր գլխուն ճարը փնտռելու համար։
       Խորհեցէք, խօսեցէք այս մասին։
       Խօսեցէք ժամուն դուռը, տունը, սրճարանը, գործարանը.
       - Ո՞ւր կ’երթանք այսպէս, անտէր ու անղեկ…
      
       20 Ապրիլ 1930