Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ՍԻՐՏՍ ՆՄԱՆ Է ԷՆ ՓԼԱԾ ՏՆԵՐ»
      
       Վարդապետին բոլոր արժանիքներուն մէջ- տաղանդ, արուեստ, գիտութիւն, կամք եւ խանդավառութիւն- տիրական պիտի մնայ ոգին, այնքան վճիտ, խորունկ եւ ծաւալուն։
       Ի՞նչ պիտի ըլլար արմատախիլ բազմութեանց հոգեկան պատկերը այսօր, եթէ Վարդապետը դուրս ելած չըլլար Էջմիածինէն կամ Կովկասէն։ Եթէ հանդիպած չըլլար Պոլիս, Բիւթանիա, Փոքր-Ասիա, Եգիպտոս եւ այլուր։
       Վարդապետին առաքելութեան չէ՞ք պարտիր ինչ որ կը թրթռայ ձեր ականջին, կը սարսռայ ձեր շրթունքներուն վրայ մինչեւ այսօր։ Ծովերէ ծով եւ ցամաքէ ցամաք։
       Ի՞նչ ունէինք երբեմնի սուլթանախնամ ոստանին մէջ, Կոմիտասի գալուստէն առաջ։
       Եւ, բոլոր երգերուն ինչպէս երգիչներուն կամ երգչախումբերուն մէջ, ո՞րն էր այն բացառիկը, որ ամէնէն աւելի ոգի, խռովք, ուժ արեւ եւ արցունք ցանեց սիրտերու մէջ, ծաւալեցաւ ու տեւեց. - Կը տեւէ՜ մինչեւ այսօր։
       Երգեր շա՜տ էինք լսեր, մինչեւ Կոմիտասի գալուստը։ Ու կը լսենք մինչեւ այսօր։
       Եւ սակայն, ո՞ր կանչը, նոյնիսկ մրմունջը այնքան ուժգնօրէն ճեղքեց խաւարը, անզալաբար լեցնելով անջրպետը, փարթամ այլ սնամէջ քաղաքները խոնարհեցնելով գիւղին առջեւ։
       Վարդապետը յաղթեց, վարդապետը գերազանցեց, որովհետեւ իրեն հետ ունէր լեռն ու դաշտը, հովն ու արօրը, սէրն ու աշխատանքը, ժպիտն ու արեւը, վտակն ու«Կռունկ»ը, խոյանք ու սարսուռ ամբողջ ժողովուրդ մը իր հարազատ յոյզերով, փոթորիկներով, ուրախութեամբ եւ տրտմութեամբ։
       Սիրտս նման է էն փլած տներ,
       Կոտրեր է գերաններ, խախտեր է սներ…
       Նոր Կոմիտասի մը կարօտն ունինք մենք այսօր, սնուցանելու համար մեր սիրտը, որ ահա կը փլի, շատերու համար փլա՜ծ է արդէն «նման էն տներ»- հեռո՜ւ գիւղէն ու դաշտէն, աղօտ յիշատակի մը վերածելով հայրենի լեռն ու գետն ու գերանդին։
       Կարօ՜տն ունինք խանդակաթ սրտի մը եւ հզօր արուեստի մը, որ կրկին ու կրկին պեղելով անսպառ ակունքը ժողովրդական երգին, քիչ մը շող, պուտ մը աւիշ հեղուր մեր հոգիներուն մէջ։
       Ո՛չ մէկ ժողովուրդ այնքան խմորուած, նոյնացած է իր երգերուն հետ, որքան այս հալածական բազմութիւնը։
       Եւ ոչ մէկ ժողովրդական երգ այնքան հրաշագործ ազդակ մը եղած է ինքնապաշտպանութեան համար, որքան հայկականը։
       Կոմիտաս խորապէս ըմբռնեց այդ խորհուրդը, - եւ ատով իսկ յեղափոխութիւն մը կատարած եղաւ, տիրական եւ ինքնուրոյն։
       Մենք այդ յեղափոխութեան շարունակութիւնն է որ կը սպասենք տարագիր երիտասարդութենէն, - իր սաներէն, բոլոր երգչախումբերէն ու երգիչներէն։
       Եթէ Անդրանիկի գործը կէս մնաց բռնօրէն, նոյն չքմեղանքը չունինք Վարդապետին ժառանգութեան համար։
       Որեւէ զանցառութիւն՝ պիտի նշանակէր երկրորդ անգամ թաղել Վարդապետը։
      
       27 Հոկտեմբեր 1935