Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ
      
       Այսօր, Մարսէյլի մէջ կը տօնուի Մինաս Չերազի հանրային գործունէութեան 60 ամեայ յոբելեանը։
       Մինաս Չերազ դասական ներկայացուցիչն է այն սերունդին, որ հայ ժողովուրդին վիճակին բարելաւումը կը սպասէր Եւրոպայէն։ Այն շրջանին ուր ինք ասպարէզ նետուեցաւ, մարդիկ միայն Պապը Ալին ունէին իբրեւ յոյս եւ ապաւէն։ Խրիմեան պատռեց վարագոյրին մէկ մասը, Մինաս Չերազն ալ միասին։ Առաջին քաղաքական փորձն էր, որ կը կատարուէր։
       Բայց յեղափոխական մը չէր Մինաս Չերազ։ Եւ ճիշդ ատոր համար ալ, մինչեւ իր հասուն եւ ալեւոր տարիքը, մնաց նոյն վիպական տիպարը, մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք ման գալով, դիւանագէտներու դուռները ափ առնելով, ի խնդիր հայկական դատին, որուն լուծման ուղիղ ճանապարհը չէր գտնուած դեռ։ Իր «Յիշատակ»ներուն մէջ կը հանդիպինք այնպիսի պատմութիւններու, որոնք վկայականներ են իր եւ իր սերունդի միամտութեան։ Կամքով թոյլ, միշտ կ’ազդուէր ամէն հոսանքէ։ Իր մշակած գրականութիւնն ալ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, իբրեւ աղօտ նշոյլ մը, արտայայտութիւնն է իր խառնուածքին, հեզ եւ տժգոյն։
       Ներկայ սերունդը, չարաչար յուսախաբ հայկական դատի նախակարապետներու մանկունակ միամտութիւններէ, յարգանք ունի, այսուհանդերձ, բոլոր վաստակաւորներուն հանդէպ. գոնէ անոնց հանդէպ, որոնք անկեղծօրէն հաւատացին սրբութեան մը եւ տքնեցան անոր համար։ Չերազն ալ եղաւ այդ վաստակաւորներէն, եւ պէտք է իբր այդ ողջունել զայն։
       Ահա կեանք մը, որ մաշեր է աւելի քան կէս դար, հաւատքի մը համար։
      
       30 Մայիս 1926