Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԵՐ ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ
      
       Մեծ ճիգ մըն է, որ կը փորձենք, օրաթերթի վերածելով Յառաջը։
       Ծնած՝ անմիջական պահանջէ մը, այս թերթին առաջին հոգը եղաւ հաղորդակցութեան կապ մը դառնալ ցիրուցան բազմութիւններու միջեւ, ներկայացնել ինչ որ կայ ու կը կազմուի այս գաղութին մէջ։ 1923ի սկիզբն էր, որ Ֆրանսան դարձաւ լուրջ կայան մը, թափառական գաղթականութեան համար։ Մինչեւ Յունաստանի տեղահանութիւնը եւ Պուլկարիոյ ու Սուրիոյ ներքին տագնապներուն սաստկացումը՝ այնքան ալ հրապոյր չունէին Սէնի ափերը, մանաւանդ որ դեռ թարթափումի մէջ էր 1922ի աշնան առաջին կարաւանը։
       Շուտով սկսաւ նոր «Ելք»ը, եւ 1925ի ամառը, երբ հիմնուեցաւ Յառաջը, արդէն որոշ համրանք եւ դիմագիծ ունէր այս գաղութը։ Եւ իբր այդ ալ, արժանի էր մասնաւոր ուշադրութեան։ Հայ ժողովուրդի հիմնական շահերուն տեսակէտէն, երբեք ցանկալի չէ որ ամբողջ բազմութիւններ տուն տեղ ըլլան օտար ափերու վրայ։ Բայց ուրի՜շ են մեր բաղձանքները, եւ բոլորովին ուրիշ՝ «աշխրքի բաները»։ Այսօր տարագիր ժողովուրդը պատէ պատ կը զարնուի, պատառ մը հաց եւ գլուխ դնելիք բարձ մը գտնելու համար։ Իր առջեւ ամուր փակուած են ոչ միայն հարեւաններուն, բախտակիցներուն կամ բախտաւորներուն դուռները, այլեւ իր սեփական հայրենիքին դուռները։ Եւ քանի կ’անցնին տարիները, այնքան կը նեղնայ հորիզոնը։
       Հակառակ մեր կամքին, այսօր 50 60. 000 Հայութիւն խարիսխ ձգած է այս ընդարձակ տարածութեան վրայ, անխնայ վատնելով իր կենսական հիւթը, տարրական ապրուստի մը համար։ Բազմազան են այս կացութեան չարիքները, եւ ինչ որ կը փորձուի ամէն կողմէ, մամուլով եւ կազմակերպութեամբ, կորուստը սահմանափակելու աշխատանք մըն է։ 1919ին, ցիրուցան բազմութիւնները հաւաքելու եւ մէկ տեղ կեդրոնացնելու խնդիրը կար սեղանի վրայ։ Եօթը տարի յետոյ, այդ ծրագիրը օրակարգի վրայ պահելով եւ հետապնդելով հանդերձ, իբրեւ անմիջական գործ, նո՛յն բազմութիւնները եւ մանաւանդ անոնց սերունդը ՀԱՅ պահելու հնհնուքը ունինք…
       Յառաջ ուզեց աջակցիլ այդ աշխատանքին, միշտ արծարծելով ազատ եւ անկախ հայրենիքի գաղափարը, պահանջելով բանալ Հայաստանի դուռները, ուժ տալով հայկական խօսքին ու գիրին, խրախուսելով ամէն ձեռնարկ, որ կը նպաստէ ինքնագիտակցութեան զարգացման եւ հայկական մշակոյթին։
       Մեր ուժերուն համեմատութեամբ գործադրելով ամբողջական ծրագրի մը զանազան մասերը, մենք մասնաւոր հետաքրքրութեամբ պրպտեցինք հայ աշխատաւորութեան հոգերն ու բաղձանքները, անոնց համրանքը, տնտեսական վիճակն ու տառապանքը։ Եւ թերթը մտերիմ շունչով մը կապուեցաւ իր ընթերցողներուն հետ, որոնց մեծ մասը աշխատաւորներ են։
       Ու Յառաջ ը եղաւ նաեւ ժամադրավայրը բոլոր անոնց, որ գրիչ ունին ու սիրտ։ Չսահմանափակուելով պարզ գաղութի թերթի մը շրջանակին մէջ, ան կենդանի կապ մը դարձաւ ամբողջ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, եւ գաղութէ գաղութ, ձգտելով տալ ամբողջ համահայկական կեանքի, եւ քաղաքական ու տնտեսական իրադարձութեանց պատկերը։
       Բայց, շաբաթը երեք անգամ հրատարակութիւնն իսկ արգելք մըն էր գոհացնելու շատ մը պահանջներ, եւ լրացնելու մեր ծրագիրը։
       Կանգ չառնելով ո՛րեւէ զոհողութեան առջեւ, ահա կը մտնենք նոր հանգրուան մը, նո՛յն ոգեւորութեամբ եւ հաւատքով, եւ աւելի բազմակողմանի ծրագրով։
       Աննախընթաց էր երկօրեայ Յառաջ ի գտած ընդունելութիւնը։ Վստահ ենք թէ տարբեր պիտի չըլլայ ե՛ւ ամէնօրեան, միշտ հաւատարիմ իր աշխարհահայեացքին։
      
       31Դեկտեմբեր 1926