Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆԻԿՈԼ ՎԵՐԾԱՆՈՂ
      
       Այս մէկ բառը պիտի բաւէ՞ր բնորոշելու մեր ողբացեալ ընկերը։ Խտացնելու անոր արժէքը՝ իբրեւ միտք եւ վաստակ։
       Ամէն պարագայի մէջ, բառը շատ աւելի ծանր կը կշռէ մեզի համար, քան շռայլաբան ածականներու ամբողջ կոյտ մը։
       Արդարեւ, ժամանակակից Վերծանողն էր Նիկոլ Աղբալեան։ Բեղուն եւ մշտանորոգ։ Տոկուն եւ բազմակողմանի։ Իսկապէս աննման՝ իր մտածումի եւ աշխատանքի եղանակով, իր պրպտումի եւ հիւսուածքի նորութեամբ, եթէ ոչ յանդգնութեամբ։
       Վտակի մը պէս կը հոսէին, օրինակ, իր նկարագրութիւնները հայ «գրիչ»ներու մասին։ (Պատմութիւն Հայ Գրականութեան)։ Կարդալով զանոնք, դուք ձեր առջեւ կը գտնէիք ընտանի դէմքեր։ Ձեզի կը թուէր թէ անոնք ձեր աչքին առջեւ էին դեռ երէկ, թէ կ’ընդօրինակէին, կը գրէին, կը պատկերազարդէին հազարաւոր աչքերու տակ։
       Մինչդեռ, դարերու փոշին խաւ կապած էր անոնց դէմքերուն եւ գործերու վրայ։
       Նիկոլ Աղբալեան գիտցաւ այդ փոշին մաքրել վարպետի հոտառութեամբ, եւ ձեր առջեւ պարզել իւրաքանչիւր գրիչի հարազատ պատկերն ու տքնաջան վաստակը։ Ան կրցաւ ճեղքել դարերու աղջամուղջը, գտնելով հայ մտքին ու գրքին երկունքը, անոր տեւականութեան եւ ծաւալման գաղտնիքը։
       Դժբախտաբար աչքի առջեւ չունինք իր պատմութեան Ա. հատորը կամ «Ակօս»ները, գոնէ երկու վկայութիւն քաղելու համար։
       Նիկոլ մը միայն պիտի կրնար նկարագրել այդ «գրիչ»ներուն ամէնօրեայ տառապանքը, առանց գրագիտական մարզանքներ փորձելու։ Որքան պարզ, այնքան խօսուն։ որքան մատչելի, այնքան խոր։
       Ո՞ր ժողովուրդը ունեցած է այդքան «դպիրներ» ու «գրիչներ», «նուաստ» կամ «տրուպ» ծառաներ ու «մեղաւորներ», որոնք սրբազան պարտականութիւն կը համարէին Աւետարան մը, պատմութիւն մը, Սաղմոս մը կամ այլապէս պիտանի գիրք մը օրինակել գիշեր-ցերեկ, մոմի մը աղօտ լոյսին տակ կամ լուսնի լոյսով խցիկի մը խորը։ Փախուստի, աքսորի ճամբաներուն վրայ։ Ճգնարանի մը խոնաւութեան մէջ։ Կէս անօթի, կէս կուշտ։Յաճախ ահուդողի մէջ։
       Մելանը կը պտղէր, թուղթը կը փտէր, ճանճերը ոստայն կը հիւսէին։ Եւ կը պատահէր որ ամբողջ աշխատանք մը փոշիանար, մոխիր դառնար, կամ գողցուէր եւ անհետ կորսուէր։
       Մարդիկ նորէն կը սկսէին հաւաքել ու վերակազմել, որպէսզի կարելի ըլլար ժառանգութիւնը փոխանցել սերունդէ սերունդ։
       Նիկոլ Աղբալեան այս բոլորը կը պատմէր, ոչ թէ իբրեւ հասարակ բանասէր, այլ վերլուծելով, վերծանելով, վերակենդանացնելով։ Արուեստագէտի մը նախանձախնդրութեամբ։
       Անշուշտ միեւնոյն շունչն ու հմտութիւնը պիտի սարսռային իր միւս հատորներուն մէջ, եթէ արիւնը գլուխը չխուժէր տարիքի բեռէն եւ տառապանքի ծանրութենէն…
      
       *
      
       Նիկոլ աղբալեան միեւնոյն ատեն այն բացառիկ դէմքերէն էր, որ լիովին կ’ըմբռնէր հայ ժողովուրդին երկու հատուածներուն մտաւոր-գրական ճիգերը։ Եւ իր արտադրութեանց համար կը մշակէր լեզու մը որ կրնայ իբրեւ տիպար ծառայել։
       1920ին, երբ Հանրապետական Հայաստանի կրթական նախարարն էր, մասնաւոր գուրգուրանքով կը դիմաւորէր Հ. Յ. Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին պատգամաւորները, տեսակէտներ ու բաղձանքներ կը յայտնէր, առաջարկներ, ծրագիրներ կը պարզէր։ Բոլորը՝ մէկ մտահոգութեամբ, - կարելի եղածին չափ սերտ կապեր հաստատել երկու հատուածներուն Մշակոյթին միջեւ։
       Այդ այն օրերն էին երբ մարդ կրնար գրականութիւն մշակել կամ գիրք ու թերթ կարդալ՝ առանց իր գլխուն վերեւ զգալու համայնակուլ Կեդր. Կոմիտէի մը սաստը։ Առանց իր սեղանին վրայ տեսնելու անոր ուղեցոյց տասնաբանեան։ Չարաշուք սանձը։
       Ինչ որ չկրցաւ ընել այդ օրերուն, Նիկոլ Աղբալեան փորձեց իրագործել- ինք պիտի ըսէր՝ իրացնել- Արտասահմանի մէջ։ Բեմով եւ գրիչով։ Կենդանի խօսքով եւ Ճեմարանով։
       Ո՞վ պիտիկրնար համրել այն երախտաւոր բազմութիւնները, որ օգտուեցան իր շունչէն, հմտութենէն, ճարտասանութենէն։
       Ամէն մռայլ պահերուն ալ, խորախորհուրդ, լաւատես, խանդավառ մարգարէի մը խօսքն էր որ կ’ալեկոծէր բազմութիւնները, երբ Նիկոլը կը տեսնէին բեմին վրայ։
       Իր դասարանին մէջ ալ նոյն սարսուռն էր որ կը հոսէր, երբ դասախօսն էր Նիկոլ Աղբալեան։
       Եթէ ուրիշներ կրթարան կը հիմնէին «ուսումն ջամբելու համար ազգային մանկտւոյն», Աղբալեան ամբողջ հաւատամք մը, դաւանանք մը կը դնէր Հայ Ճեմարանի հիմնարկութեան մէջ, Լեւոն Շանթի հետ։
       Եւ յուսախաբ չեղաւ։ Այսօր Սուրիա-Լիբանանի, առհասարակ Միջին Արեւելքի մէջ կը հեւայ, կը տքնի սերունդ մը որ այդ հաստատութենէն ծծեց իր կաթը, այնքան հարազատ եւ հոսուն։
       Նիկոլ Վերծանող, միենոյն ատեն յեղափոխական, Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ կը ներկայացնէր այն միտքը որ անդադար կը պրպտէ եւ նոր հորիզոններ կը բանայ։ Բառ մը, խօսք մը իրեն համար դուռ կը բանար անհուն խորհրդածութեանց, յաճախ դառնալով նոր գիտելիք։ Նոյնիսկ վարդապետութիւն։
       Ուժ պիտի ունենա՞նք լեցնելու Նիկոլներու բացը, այս համատարած, յարաճուն ալեկոծութեան մէջ…
      
       28 Սեպտեմբեր 1947