Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՓԱՐԻԶԸ ՊԻՏԻ ՊԱՐԷ ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ
      
       Փարիզըզ պիտի պարէ այս գիշեր։ Ամբողջ Ֆրանսան պիտի պարէ։ Պիտի շարունակէ պարել մինչեւ երկուշաբթի։ Գիշեր ցերեկ։
       Ի՜նչ կարօտ, 1940էն ի վեր, երբ Յուլիս 14ի ժողովրդական խրախճանքներն ալ դադրեցան, ի նշան պարտութեան եւ սուգի։ Երբ դադրեցան պարերը, ինչպէս աւանդական զօրահանդէսներն ու միւս արարողութիւնները։
       Կեանքի սովորական երեւոթները կը շարունակուէին գրաւման շրջանին մէջ ալ։ Թատրոն, սինեմա, զարմանազան երեկոյթներ եւ ցերեկոյթներ։ Յետոյ «նոր կարգուսարք»էն թելադրուած ներկայացումներ եւ ցուցահանդէսներ։
       Եւ անփոյթ բազմութիւններու գորշ զանգուածը, աշխարհաքաղաքացիներու ամբոխը կը շարունակէր զուարճանալ, կերուխումներ, ընդունելութիւններ սարքել, մինչ բուն ժողովուրդը օրծը իրիկուն կ’ընէր պոչ կապելով։
       Եւ սակայն, ո՜ւր էր նախկին Փարիզը, - այն որ Ազգ. տօնի նախորդ օրն իսկ, պողոտաները եւ կողմնակի փողոցները կը թնդացնէր իր ցնծութեան աղաղակներով։ Կ’ոստոստէր, կը պարէր, կը համբուրուէր։ Թափօրներ կը կազմէր, փառաբանելու համար ազատութիւնը։ Միեւնոյն ատեն պահանջներ դնելով, լաւագոյն օրերու համար։
       Այդ օրերն են որ կը վերսկսին այսօր, արտակարգ պոռթկումով մը։ Կառավարութիւնը ինք ճոխ եւ այլազան յայտագիր մը մշակած է, չորս օրուան համար։ «Թող տղերք ոգեւորուին»։
       Եւ տօնակատարութեան, ընդհանուր խանդավառութեան պիտի մասնակցին օտարներն ալ, - դաշնակից զինուորները, ինչպէս եւ ներկայացուցիչներ հարեւան մայրաքաղաքներէն։
       Ցնծալով եւ պարելով, մարդիկ պիտի փորձեն մոռնալ այն օրերը, երբ կ’երգէր յեղափոխական բանաստեղծը, իր թաքստոցէն.
      
       Փարիզը կը մսի, Փարիզը անօթի է,
       Փարիզը այլեւս շագանակ չուտէր փողոցին մէջ,
       Փարիզը պառաւի հինցած հագուստներ հագեր է.
       Փարիզը կը քնանայ ոտքի վրայ առանց օդի մեթրոյին մէջ…
      
       Անշուշտ երանութեան, կաթ ու մեղրի, տաք վառարանի օրերը չվերահաստատուեցան, երկրին ազատագրումէն վերջը։ Ընդհակառակն, վարչական իշխանութիւնները գիշերը ցերեկին խառնած կ’որոճան, կը տքնին, հետզհետէ բարելաւելու համար կեանքի պայմանները։ Մանաւանդ ի նախատեսութիւն յառաջիկայ ձմրան, որ շատ աւելի դաժան կրնայ ըլլալ, եթէ ածուխ չճարուի։
       Բայց, ժողովուրդը ուրախ է եւ պիտի պարէ, քանի որ խորտակուեցան գերութեան շղթաները։
       Այլեւս ազատ, այսուհետեւ ինքն է տնօրէնը իր ճակատագրին։ Ինքը պատասխանատուն՝ գալիք բարիքին կամ չարիքին։
       Իրեն հետ, պիտի պարեն զինակիցներն ալ, - անոնք որ եւրոպան սարսեցին ի խնդիր լաւագոյն օրերու։ Անոնք որ միլիոններ զոհեցին, միանգամ ընդմիշտ խափանելու համար յաւիտենական անէծքը, - պատերա՜զմ…
       Իսկապէս պիտի խաղաղի՞ աշխարհը, այս դղրդագին աւերումներէն եւ աննախընթաց նախճիրներէն վերջը։ Այլ մանաւանդ, պիտի վերահաստատուի՞ արդարութիւնը, որ ջարդու փշուր կը տքայ արեան ճապաղիքներուն վրայ։
       Անբախտ ժողովուրդները կը սպասեն եւ կը յուսան։ Իսկ անոնք որ բախտաւոր աստղի տակ ծնած են, չեն մտածեր «բարակ բաներ» ու մասին։
       Անոնք իրենց երանութիւնը կ’ըմպեն պարելով եւ ցնծալով։ Եւ ազատագրուած հայրենիքին օրհնութիւնը կ’երգեն խմելով եւ համբոյրների փոխանակելով։
       Ո՞վ պիտի չուրախանար, տեսնելով ցնծատօնը ազատագրուած ժողովուրդի մը։
       Եւ մեր հալածական բազմութիւններն ալ կը ձայնակցին ընդհանուր խրախճանքին։ Բազմութիւններ որոնք ոչ միայն տառապեցան իրենց հետ, այլեւ իրենց քրտինքն ու արիւնը խառնեցին ընդհանուր ճիգին։ թէ իբրեւ բանակի զինուոր հազարներով- եւ թէ իբրեւ կամաւոր կամ ըմբոստ, ռազմիկ Դիմադրական Ճակատի։
       Փարիզը պիտի պարէ այս գիշեր։ Ամբողջ Ֆրանսան պիտի խայտայ հրապարակային պարերով։
       Պիտի գա՞յ օրը որ մենք ալ կարենայինք պարել։ Պարել ու երգել, հայրենի երկնքին տակ.
       Էս գիշեր լուսնակ գիշեր…
      
       13 Յուլիս 1945