ԵՐԿՈՒՆՔԷ
ԵՐԿՈՒՆՔ
Կ’ըսե՜ն,
«ոմանք
ի
նոցանէ».
-
Կ’արժէ՞
այդքան
պանծացնել
Մայիս
28ը։
Պարզապէս
պատահմունք։
Դէպքերու
դասաւորում,
որ
իրեն
հետ
բերաւ
յուսախաբութիւն,
աւեր
եւ
արիւն։
Եւ
ի՞նչքան
կրցաւ
տեւել,
-
ոչ
իսկ
երեք
տարի։
Եթէ
Ռուսն
ալ
օգնութեան
հասած
չըլլար…
Մի՛
փրփրիր
եւ
լսէ՛,
ցամաք
հոգի։
Սորվէ՛
լսել։
Եթէ
առիթը
ունեցած
ես
պատմութիւն
թղթատելու,
գոնէ
ժամանակակից
պատմութիւնը
սերտելու,
պիտի
տեսնես
բազմաթիւ
նման
«պատահմունքներ»։
Շատ-շատերը
այսօրուան
ազատ
ու
անկախ
ազգերէն
իրենց
փրկութիւնը
կը
պարտին
այդպիսի
դասաւորումներու։
Աշխարհ
մը
կը
բռնկի,
ամբողջ
ժողովուրդներ
կրակը
կ’իյնան։
Ճակատներ
կը
փայլատակին
ու
կը
խորտակուին,
ուրիշներ
կը
բոցավառին
ու
կը
յաղթանակեն։
Դժուար
է
գիտական
ճշդութեամբ
նախատեսել
ճակատամարտներու
ելքը։
Շատ
բան
կախում
ունի
աշխարհագրական,
զինուորական,
նիւթական
ազդակներէ։
Իսկ
այդ
բոլորին
վերեւ՝
բարոյական
կորովն
է
որ
կը
սրէ
նայուածքները,
եւ
աւիշ
կը
հոսեցնէ
երակներուն
մէջ։
Արդ,
մէկդի
դնելով
բոլոր
յարակից
դէպքերը,
-
Ռուսին
փախուստը,
Թուրքին
դաւերը,
հարեւաններուն
խաղերը
եւ
ուրիշ
բազմաթիւ
պարագաներ,
-
1918
Մայիսի
վերջերը,
ճակատագրական
շրջանի
մը
մէջ,
կռիւ
եղա՞ւ
թէ
ոչ։
Օրհասական
ճակատամարտներ
մղուեցա՞ն
նախնական,
անբաւական
միջոցներով,
բայց
գերագոյն
վճռականութեամբ,
Մահ
կամ
Ազատութիւն։
Այս
կամ
այն
դրօշին
տակ
եւ
կամ
առանց
դրօշի։
Ֆետայիներով
եւ
կանոնաւոր
զինուորներով։
Հինով
ու
նորով։
Ե՛ւ
արեւելքի,
ե՛ւ
արեւմուտքի
քաջերով։
Գոյամարտ՝
10-12.
000ով,
ընդդէմ
թշնամի
բանակի
մը
որ
կը
հաշտուէր
30-35.
000։
ԵՒ
այս
բոլորը
յանգեցա՞ն
ելքի
մը,
հոգ
չէ
թէ
ոլոր-մոլոր։
Ունեցա՞նք
ափ
մը
հող
մեր
ոտքին
տակ։
Իսկ
այդ
ափ
մը
հողը
չէ՞ր
որ
վառեց
հոգիները,
միեւնոյն
ատեն
սրելով
դաւադիր
եւ
թշնամի
ախորժակները,
հարաւէն
թէ
հիւսիսէն։
Եւ
ի՞նչպէս
կ’ունենայիք
դուք
այսօրուանը,
թող
կոչուի
խորհրդային,
եթէ
կազմուած
չըլլար
երէկուանը։
Ի՞նչպէս
կը
համրէիք
այսքան
միատարր
ժողովուրդ,
մեր
հայրենի
ժառանգութեան
մէկ
մասին
վրայ։
Կ’ունենայի՞ք
այսօրուան
Երեւանը,
առանց
այն
սկզբնական
եւ
հերոսական
աշխատանքին
որ
թափուեցաւ
անասելի
թշուառութեանց
եւ
անհնարին
դժուարութեանց
մէջ,
չեղածէն
բան
մը
ստեղծելու
առաջադրութեամբ…
Լսէ՛,
սերտէ
եւ
պատասխանէ։
*
Կ’ըսեն
ուրիշներ,
միշտ
«ի
նոցանէ».
-
Ընդունինք
թէ
արդար
են
այդ
բոլորը։
Բայց,
դուք
Դաշնակցականներդ,
անկախութեան
հռչակման
օրը
դարձուցեր
էք
մենաշնորհ։
Միեւնոյն
ատեն՝
մարտակոչ,
օրուան
իշխանութեան
դէմ։
Դուք
ձեր
փառասիրութիւնները
յագեցնել
կ’ուզէք։
-
Զա՛րկ,
բայց
մտիկ
ըրէ,
դպիրդ
իմ
ամենագէտ։
Մինչեւ
Պոլսոյ
վերջին
արտագաղթը
(1922)
եւ
անկէ
վերջն
ալ
քանի
մը
տարի
շարունակ
միասին
կը
տօնէի՞ք
այս
տօնը։
Ամէն
տեղ
շարք
շարք
բանախօսներ
բեմ
կ’ելլէի՞ն,
-
կղերական,
Դաշնակցական,
Ռամկավար,
Հնչակեան։
Բոլորն
ալ
կը
պանծացնէի՞ն
զայն,
իբրեւ
ազգային
պարծանք։
Նոյնիսկ
հռչակաւոր
Քաջազնունին,
զոր
միշտ
օգնութեան
կը
կանչէք,
շատ
բնական
եւ
նուիրակա
պարտականութիւն
մը
չհռչակե՞ց
Մայիս
28ի
տօնակատարութիւնը,
ընդունելով
հանդերձ
Նոյեմբեր
29ը
(Դեկտ.
2)։
Արդ,
ինչո՞ւ
կէս
ճամբան
մնացիք
դուք։
Ինչո՞ւ
այսօր
խոտելի
կը
գտնէք
երէկուան
պաշտելին։
Ձեր
երէկուան
դի՞րքը
կեղծիք
էր
թէ
այսօրուանը։
Ի՞նչ
բան
փոխուեցաւ
էութեան
մէջ։
Նոր
բանե՞ր
սորվեցաք.
ուրախ
ենք,
աւելին
սորվեցէք։
Բայց,
ի՞նչպէս
կրնաք
ուրանալ
պատմական
երկունքը,
այնքան
դժոխային
պայմաններու
մէջ։
Երկունքը
երկունք
ըլլալէ
կը
դադրի՞,
երախայ
մը
գուրգուրանքի,
հոգածութեան
իրաւունքէն
կը
զրկուի՞,
պարզապէս
մսուրի
մէջ
ծնած,
տաժանելի
մանկութիւն
մը
անցուցած
ըլլալուն
համար։
Իսկ
երբ
դուք
տէր
չէք
ըլլար
ո՛չ
օրհասական
պայքարին,
ո՛չ
կատարուած
գերմարդկային
ճիգերուն,
ո՛չ
հերոսական
խոյանքին,
ո՛չ
ալ
թափած
արիւնին,
կամ
տէր
կ’ըլլաք
ակռաները
թափած
կեսուրներու
պէս,
կէս
բերան,
-
ինչո՞ւ
մեղաւոր
կ’ըլլայ
Դաշնակցութիւնը։
Անո՞ր
համար
որ
հասակագեղ
կանգնած,
իր
ետեւէն
քաշելով
անհամար
բազմութիւններ,
կը
յայտարարէ.
-
Ես
կը
խոնարհիմ
կատարուած
մեծագործութեան
առջեւ։
Ես
թոյլ
չեմ
տար
որ
տգէտ
կամ
քինախնդիր
մարդիկ
նսեմացնեն,
մոռացութեան
մատնեն
երէկուան
երկունքը։
Իմ
հոգիս
կը
խայտայ
ոգեկոչելով
յիշատակը
հազարաւոր
քաջերու
որոնք
արիաբար
մարտնչեցան,
իրենց
եղունգներով
ճանկռտեցին
ռազմադաշտի
հողերն
ու
ժայռերը,
եւ
ստեղծեցին
խարիսխ
մը,
-
ափ
մը
հող։
Ես,
Դաշնակցութիւն,
ամէն
տարի
տօնելով
շահուած
յաղթանակը,
միեւնոյն
ատեն
աչքերս
կ’ուղղեմ
Երեւան
եւ
կը
յիշեցնեմ,
-
Աճեցո՛ւր,
լրացո՛ւր
սահմանը,
եւ
կառավարէ
այնպէս
ինչպէս
որ
կը
տրամադրեն
այս
ժողովուրդին
հիմնական
շահերը։
Նոյն
երկունքն
է
որ
կը
շարունակուի,
եւ
վա՜յ
անոր
որ
չըմբռներ
պատմութեան
վճիռը։
30
Մայիս
1937