Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՆՉԷ՛ ԿՌՈՒՆԿ, ԿԱՆՉԷ՛
      
       Յաճախ կը փորձուինք հարցնել. - Վարդապետը այս փառքին պիտի հասնէ՞ր եւ իր մշակած կամ յօրինած երգերը այսքան պիտի ծաւալէի՞ն, եթէ դուրս ելած չըլլար Էջմիածնի վանքէն։
       Մանաւանդ, եթէ Պոլիս հանդիպած չըլլար…
       Իր արուեստագէտի բնազդը այլեւս չէր կրնար հանդուրժել վանական սահմանափակ մթնոլորտին։
       Միւս կողմէ, իր շփումը՝ ժողովուրդին հետ, թեւ կուտար իր երեւակայութեան եւ աշխատանքին։
       Նեղ էր հորիզոնը՝ վանքէն Եւրոպա, ուր աննշան համրանքներ միայն ունէինք այն ատեն։
       Գարուն մը կը բացուէր, խանդավառութեան աղբիւրները կը հոսէին, փոխադարձաբար, երբ ծփուն եւ ծարաւի բազմութիւն մը կը խլրտէր իր շուրջը։
       Փրկարար եղաւ այդ առաջին հանդիպումը, Պոլսոյ մէջ։
       Կոմիտաս իր դիմացը կը գտնէր ժողովուրդ մը, որ թմրութեան դատապարտուած էր, արիւնազանգ բռնակալութեան մը թաթին տակ։
       Այդ ժողովուրդը իրաւունք չունէր հրապարակաւ երգելու կամ լսելու ազգային, մինչեւ անգամ ժողովրդական եղանակներ։
       «Շարգի»ն կը տիրապետէր։ Իբրեւ հայկական երգ՝ մարդիկ ստիպուած էին գոհանալ շարականներով, կամ դպրոցէն աւանդուած տժգոյն եղանակներով։
       Ամէն ինչ այնպէս դասաւորուած էր որ հարազատ ոգին ոչ թէ կը զարգանար, այլ կը խեղդուէր, այլուր փոխադրուելով։
       Բառին բուն իմաստով յեղաշրջում տեղի ունեցաւ, երբ Վարդապետին կազմած խումբը առաջին երգահանդէսը կուտար Բերայի մէջ (1910)։
       «Էն ի՜նչ շունչ էր…», պիտի ըսէր Խ. Աբովեան։
       Հայաստանի գարունը Պոլիս արշաւած էր իր բազմերանգ ծաղիկներով։ Ցնծութեան կանչերով։ Արօրներով ու օրօրներով։ Շողերով ու ցօղերով։ Սոնա «եար»երով ու պարերով։ Այլեւ տքնաջան աշխատութեամբ։ Վարուցանով եւ հունձքով։ Մամիկներու օրհնութեամբ եւ մանուկներու կենսուրախ ճիչերով։
       Սիրտերը զուարթացան։ Միտքերը թարմացան։ Աչքերը սկսան շողալ։
       Ճշմարիտ առաքեալ, Կոմիտաս նոր հորիզոն կըբանար, ոգի ներշնչելով ճիտըծուռ ժողովուրդի մը։ Զայն կ’առաջնորդէր դէպի գիտակցութիւն։ «Դէպի աղբիւրը լոյսին»։
       Այնուհետեւ երգահանդէսները կրկնուեցան թաղէ թաղ։ Նոր երգերը շրջան կ’ընէին բերնէ բերան, հանդիսաւոր առիթներու մէջ, կամ տունէ տուն։
       Վարդապետը տաղանդաւոր աշակերտներ ալ ունեցաւ։ Կազմուեցան այլազան երգչախումբեր։
       Եւ երբ սեւ օրերը եկան ու զանգուածային արտագաղթ մը տեղի ունեցաւ, պատրաստ հերթափոխներ ունէինք, որոնք արտասահման փոխադրեցին թանկագին ժառանգութիւնը։
       Անոնք ալ իրենց կարգին տքնեցան, գանձարանը նորոգելով, ճոխացնելով նոր ուժերու հետ։
       Հայրենիքն ալ իր կարգին։
       Եւ այսօր, կռունկները կը կանչեն ամէն տեղ.
       Աշխարհն է արեգակ, սիրտս կարօտ է…
       Որքա՜ն երկար տեւեց այդ կարօտը, - ծարաւ ազատութեան, հայրենիքի եւ յարատեւ խաղաղութեան։
       Այն ալ՝ անճար ժողովուրդի մը համար որ ուրիշ բան չուզեր եթէ ոչ իր ազատ բոյնը՝ աշխարհի արեւուն տակ…
      
       15 Ապրիլ 1956