Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՌՈՒԲԷՆ
      
       Այսպէս կոչուեցաւ։ Այսպէս ալ պիտի արձանագրուի պատմութեան մէջ։
       Ոչմականունը բանմը պիտի աւելցնէր իր հմայքին վրայ, ոչ ալ որեւէ ածական պիտի կրնար իր արժէքը խտացնել մէկ բառով։
       Ռուբէն- թանձրացեալ յեղափոխութիւն եւ գիտութիւն։ մէկը միւսին լրացուցիչ։ Երկուքն ալմիս ու ոսկոր դարձած մէկ մարդու մէջ։
       Բացառապէս ինքնուրոյն՝ մտածումով թէ գործքով։ Մինչեւ անգամ լեզուով եւ գրչով։
       Իր տիրական գիծը՝ սուր եւ անողոք տրամաբանութիւն մը, որ կը բխէր հայրենի հողէն։ Եիւղէն եւ գիւղացիէն։
       Ուսանողութեան շրջանին հետեւած ըլլալով բնագիտութեան, աւելի զարգացած էր այդ գիծը։ Յեղափոխութիւնը ի վերջոյ իրեն համար դարձած էր ոչ միայն անձնազոհ քաջութիւն եւյարատեւ պայքար յանուն ազատութեան եւ հայրենիքի, այլեւ գիտութիւն, բառին ամենալայն առումով։
       Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այն հրաշագործ հնոցն է, ուր ինքնաբերաբար կը թրծուին, կը կազմաւորուին բազմազան արժէքներ։
       Կազմակերպութիւնը իր էութեամբ կը խրախուսէ բոլոր ընդունակութեանց ներդաշնակ զարգացումը։ Միեւնոյն ատեն թեւ կուտայ բացառիկ տաղանդներու աճման։
       Արդարեւ, համրանք չունին բացառիկ դէմքերը մեր վաթսուն տարուան փոթորկաձայն պատմութեան մէջ։
       Այդ եզական դէմքերէն մէկն ալ՝ Ռուբէն Տէր Մինասեան, որուն մահը կ’ողբանք այսօր, այնքան տաժանելի պայմաններու մէջ։
       Ազատագրական պայքարի փոթորիկներուն մէջ նետուած իբրեւ հասարակ զինուոր, ողբացեալ ընկերը շուտով կը գրաւէր առաջաւոր դիրքեր՝ շնորհիւ իր քաջութեան, սրատեսութեան եւ հմտութեան։
       «Յեղափոխականի մը Յուշեր»ուն մէջ պիտի գտնէք ոչ միայն համատարած ալեկոծութեան մը յորձանքը, այլեւ իր յեղափոխական-քաղաքական կեանքի զարգացման ելեւէջները։ Ուղենիշեր՝ որոնք մօտաւոր նպատակներէն կ’առաջնորդեն դէպի հեռաւոր բարձունքները։
       Իրեն համար գաղտնիք չունէին երկրին աշխարհագրութիւնն ու պատմութիւնը, սահմանէն ասդին թէ անդին։
       Ոչ ոք իրեն չափ տիրաբար սերտած, ուսումնասիրած, թարգմանած է Հայաստանի լեռներու եւ ջուրերու, կիրճերու կամ դաշտերու խորհուրդը։
       Երբ կըխօսի Տարօնի, Վասպուրականի, Բագրեւանդի, Գուգարաց կամ Սիւնեաց աշխարհի մասին, ձեր աչքին առջեւ կ’ունենաք փաստացի, կենդանի պատկեր մը՝ ներքին թէ արտաքին բովանդակութեամբ։ Եւ անմիջապէս կ’մբռնէք, թէ ինչ արժէքունի այս կամ այն երկրամասը՝ քաղաքական, տնտեսական, ջրագրական եւ ռազմագիտական տեսակէտով։ Կը համոզուիք, թէ ինչու դժուար է հայկական անկախ պետութիւն հաստատել առանց Վասպուրականի, Արարատի, Բագրեւանդի կամ Սիւնիքի։
       Շատ ենք ունեցած եւ դեռ ունինք- բարեբախտաբար- քաղաքական գրականութեան վարպետներ։
       Բայց, դժուար է գտնել հեղինակութիւն մը, որ այնքան բազմակողմանի եւ հասուն, տոկուն նիւթ ճարած ըլլայ մեր ազատագրական պայքարին և քաղաքական գործունէութեան համար, որքան Ռուբէնը։
       Ատելով կ’ատէր գրողները, բայց ի վերջոյ ինքն ալ դարձաւ գրող։ Ոչ թէ ասուպի մը պէս երեւալու, այլ յարատեւօրէն տքնելու, հատորներ դիզելու համար։
       Որքան հում նիւթեր՝ իր «Յուշեր»ուն մէջ, զորս կ’աճապարէր լրացնել, խորապէս զգալով թէ վախճանը կը մօտենայ։
       Քանի մը ամիս առաջ, ի պատասխան պաշտօնական նամակի մը, կը յայտնէր թէ ինք զբաղած է «մեռելները ողջնցնելով, խօսեցնելով»։
       Քիչեր կրցած են այդ «մեռելները»- յայտնի եւ մանաւանդ անյայտ հայդուկները ողջնցնել, խօսեցնել այնքան հարազատօրէն, որքան Ռուբէն։ Դուք իր «Յուշեր»ուն մէջ պիտի գտնէք բազմազան հում նիւթեր, որոնց մշակումը նոր էջ մը պիտի բանար մեր ժամանակակից գրականութեան մէջ։ Ե՛ւ բացառիկ տիպարներ, ե՛ւ համամարդկային աշխարհահայեացք։
       Տակաւին առիթ պիտի ունենանք լայնօրէն պարզելու իր յեղափոխական եւ քաղաքական գործունէութիւնը, ուր նմանապէս կը վարէր ինքնուրոյն գիծ մը։
       Ռուբէն մնաց միշտ նոյն քննական միտքը, իբրեւ գործիչ, լիազօր կամ Բիւրոյի անդամ։ Յաճախ բազմապատկելով տրամաբանութեան խաղերը, անելի կը մատնէր դիմացինը, հիմնական հարցի մը լուծումը գտնելու համար։ Ինք հանգոյցը քակած կ’ըլլար, բայց տեսակ մը քննութեան կ’ենթարկէր դիմացինը։
       Յեղափոխութեան շրջանէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումը, Ռուբէն երբեք չօրօրուեցաւ պատրանքներով։ Խորապէս կը հաւատար ուժերու հաւասարակշռութեան օրէնքին եւ այդ ուղղութեամբ ալ գործեց Հանրապետութեան կազմաւորման շրջանին։
       Իր քաղաքական հանգանակին մաս կը կազմէր, նաեւ, Մօտաւոր եւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն սերտ եւ միակամ գործակցութիւնը, իբրեւ հիմնական ելք Հայկական Դատի լուծման։ Յաճախ վիճելի լաւատեսութիւն մը կը մատնէր այս գետնին վրայ, հակառակ հմտօրէն դասաւորուած տեսութեանց եւ աշխարհագրականպատմական փաստերու, որոնք նոյնպէս կը կազմեն հում նիւթեր՝ ապագայ գործունէութեան համար։
       Իր առողջական վիճակը լրջօրէն խանգարուած էր վերջին տարիներու ընթացքին։ Այնպէս որ, հեռու մնաց գործօն կեանքէ, նուիրուելով իր յուշերուն խմբագրութեան, Փարիզի մէջ։
       անցեալ տարի, Հ. Յ. Դաշնակցութեան 60ամեակին առթիւ, Փարիզի տօնակատարութեան կը նախագահէր գրաւոր ճառով մը։ Երկրորդգրաւոր ուղերձ մըն ալ կ’ուղղէր Մարսէյլ, միեւնոյն առիթով։ Այս երկու ճառերը կը կազմեն տեսակ մը կտակ՝ իբրեւ յեղափոխական գիտակցութիւն եւ իբրեւ քաղաքական վերլուծում։
       Կրնաք վկայել թէ Ռուբէն մեռաւ նոյն անսասան հաւատքով։ Իր մահով հուժկու ձայն մը եւս կը պակսի Դաշնակցութեան «հին պահակախումբէն», որուն անդամները մատներու վրայ կը համրուին այլեւս…
      
       5 Դեկտեմբեր 1951