Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՄՇԱԿԵԼ, ԱՅԼԵՒ ՀԱԿԱԶԴԵԼ
      
       Թոյլ տուէք անգամ մը եւս արծարծել արդի աշխարհաբարի մշակման, ճոխացման եւ գունաւորման խնդիրը։
       Ուրիշ երկու խմբագրականներով, շեշտեցինք կարգ մը պահանջներ. -
       1. - Պրպտել բառարանները եւ փնտռել մոռցուած բառեր, զանոնք իրենց բուն իմաստով գործածելու եւ կամ նոր իմաստի մը պատշաճեցնելու համար։
       2. - Մղել բանասէրները, լեզուագէտները, քերականագէտները, հրապարակագիրներն ու գրագէտները, որ կարելին փորձեն, արդի կեանքէն եւ անոր պահանջներէն ծնած բառեր եւ բացատրութիւններ հայացնելու համար։ Անշուշտ խուսափելով թութակային հայկաբանութենէ կամ արհեստական գիւտերէ։ Եթէ կան բառեր որ չեն թարգմանուիր, կարելի է յետաձգել, փոխանակ ամէն գնով հայացնելու եւ ծիծաղելի դառնալու։
       3. - Հաւաքել, զտել, մաղել գաւառաբարբառները, գրաւոր թէ անգիր, եւ ձգտիլ զանոնք տարածելու, եթէ իրապէս կը համապատասխանեն պահանջի մը եւ կ’օգնեն ազնուացնելու, ճոխացնելու լեզուն։
       Եւ պէտք չէգոհանալ միայն գաւառաբարբառներով, այլեւ սերտել արարատեան բարբառը, նոյնիսկ այսօրուանը, գտնելու համար մոռցուած գեղեցկութիւններ, մանաւանդ ասացուածքներ, որոնք յաճախ աւելի հարազատ են, քաղուած ըլլալով բուն աղբիւրէն- Երկիր։
       Այս ընդհանուր սկզբունքները թելադրած ատեն, կասկած մը կը տանջէ մեր միտքը։
       Քանի՞ հոգի պիտի գտնէք, օրինակ, լրագրական հրապարակի վրայ, որ բարեհաճին եթէ ոչ նախաձեռնութիւն ստանձնելու, գոնէ աջակցելու։ Կ’ըսենք աւելին, - չխանգարելու ձեռնարկը, անհոգութեամբ, ծուլութեամբ կամ տգիտութեամբ։
       Այս մտավախութիւնը կը ծնի վերջին 15 տարիներու փորձառութենէն։
       Ափէ ափ նետուեցանք առտու մը, եւ, ինչպէս որ անհատական կեանքի մէջ իւրաքանչիւրը իր գիտցածը օգտագործեց, մամուլին եւ հանրային կեանքին մէջ ալ ամէն մէկը ճամբայ ինկաւ իր բերած պաշարով կամ հասկացողութեամբ։ Հետեւա՞նքը, - երբեք այքան բարբարոսական բաբելոնի մը վերածուած չէր հայկական մամուլը։
       Միայն Երեւանը չէ որ անտէր «բոստան» մը դարձուցեր է մեր սքանչելի այգին, մեր յորդահոսան, ճկուն եւ ջրարբի մայրենիքը։
       Արտասահմանի մէջ ալ ունինք թերթեր ու գիրքեր, որոնք հաւատքէ կը հանեն ընթերցողը, առաջին ակնարկով իսկ։ Ոչ միայն յօդուածներու, երկարաշունչ ուսումնասիրութեանց կամ գրական արտադրութեանց մէջ, այլեւ հասարակ լուրի մը թարգմանութեամբ։ Այն աստիճան որ, երբ անհրաժեշտ գտնես լուր մը արտատպել, կը ստիպուիս վերէն վար սրբագրել կամ հայերէնի թարգմանել- ինչպէս երեւանի թերթերը, - փոխանակ նոյնութեամբ գրաշարին յանձնելու։
       Եւ ամէնէն վրդովիչ պարագան այն է որ, այդ կարգի թերթերու խմբագիրները եւ յօդուածագիրները փափաք ալ չունին եթէ ոչ նոր սորվելու, գոնէ դպրոցին մէջ սորվածը անաղարտ պահելու։ Ամէն մէկը հեղինակութիւն մը դարձեր է ինքն իր մէջ, եւ լեզուին հետ կը խաղայ իր ուզածին պէս, անճոռնի, անհանդուրժելի խառնիճաղանճի մը վերածելով զայն։
       Չենք ուզեր խճողել նիւթը, օրինակներ յիշելով կամ անուններ արձանագրելով։
       Եթէ միայն այս մասին բացուած դասընթացքներուն հետեւած ըլլային մեր ամենագէտները, Ղազիկեանի սաստերէն մինչեւ Տարազի հայրական խրատները, եթէ գոնէ տասը կոպիտ սխալ սրբագրած ըլլային, լսելով բարեկամական մատնանշնումներ, շատոնց անհետացած կ’ըլլային բազմաթիւ բարբարոսութիւններ։ (Դեռ ոչ մէկը բարեհաճեցաւ «յետ այսու»ն գրել «այսուհետեւ», կամ «դրութիւն»ը (սիստեմ) չգործածել իբրեւ «կացութիւն», «վիճակ» եւ կամ սորվիլ թէ «Նիսէ»ն պատմական Նիկիան է)։
       Սորվելու, սերտելու, մշակելու ծուլութեան հետ զուգընթաց կ’երթայ շրջանէ շրջան, բերնէ բերան փոխանցուած սխալներու նուիրագործումը։
       Բազմաթիւ գրիչներ մինչեւ այսօր ալ թութակաբար կը բգործածեն բառեր ու բացատրութիւններ, որոնց վրայ շատոնց խաչ քաշած է յառաջապահ մտաւորականութիւնը։ Այդ գոհարներու մեծ մասը Կովկասէն փոխադրուած են, ուրիշներ ալ Պոլսէն, իբրեւ ցնցոտիներ, առօրեայ խօսակցութեանց կամ ճառերու մէջ, և նոյնութեամբ տեղ կը գտնեն մինչեւ անգամ հեղինակաւոր համարուած գրիչներու տակ։ Ոչ մէկ փորձ կամ տրամադրութիւն՝ հակազդելու, կտրել նետելու, շտկելու։ Քիչ մը ճաշակ ներարկելու։
       Անշուշտ այս չարիքը չի դարմանուիր խրատներով կամ սաստերով, երբ մարդիկ ոչ արուեստին սէրն ունին- այս ալ արուեստ է- ոչ ալ պատասխանատուութեան զգացում։
       Եւ սակայն, անհրաժեշտ էանխնայ զարնել մուրճը, կանխելու համար աւելի մեծ չարիքներ։
       Հարկ է զարնել մուրճը, մանաւանդ անոր համար որ, գաղութներու մեծ մասին մէջ զրկուած ըլլալով հայկական դպրոցներէ եւ մասնաւորապէս միջնակարգ վարժարաններէ, մամուլը դարձած է տեսակ մը կրթարան։ Հազարաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ իրենց հայերէնը սորվեցան եւ դեռ կը սորվին օրուան թերթերէն։
       Եթէ ուրիշներ, մեր կամքէն անկախ ուժեր կը հալածեն, կը խաթարեն մեր լեզուն, մենք ալ մեղսակիցներ չդառնանք, գիտակցաբար։
      
       27 Փետրուար 1938