ՁԱՅՆ
ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ
Երբ
սկսէր
խօսիլ,
հեռանկարն
էր
որ
կը
պարզուէր
աչքերուդ
առջեւ։
Արարատի
լանջերուն
վրայ
հասունցած
Դրօն
էր։
Իսկ
եւ
իսկ
«Ձայն
հայրենեաց»։
Մտքով,
սրտով
եւ
բազուկով։
Մշակուած,
կոճկուած
հայերէն
մը
չունէր։
Բայց
գիտէր
բառերը
իրենց
տեղը
դնել
առանց
ճարտասանական
ձեւեր
փորձելու։
Եւ
նախադասութիւնները
իրար
կը
լրացնէին
կուռ
տրամաբանութեամբ։
Ընդդիմութեան
մը
հանդիպած
ատեն
ալ,
կը
ջանար
պահել
հաւասարակշռութիւնը,
ի
վերջոյ
ելք
մըգտնելու
համար։
Արեւելեան
թէ
արեւմտեան
Հայաստանը,
մինչեւ
անգամ
ամբողջ
Կովկասը
բաց
գիրքեր
էին
իրեն
համար,
ռազմագիտական
ծրագիրներ
որոճալու
համար։
Հայաստանի
եւ
դրացի
երկիրներու
աշխարհագրական
տարբերութիւնները,
հակառակորդին
ռազմագիտական
առաւելութիւնները,
յանդուգն
մտածումներ
կը
թելադրէին
իրեն,
ինչպէս
Ռուբէնի։
Եւ
ելքեր
կը
փնտռէր
ու
կը
գտնէր,
առանց
ակադեմական
հատորներ
պրպտելու։
Հայոց
պատմութիւն
եւ
աշխարհագրութիւն,
այսքանը
կը
բաւէր,
փրկութեան
ճամբան
գտնելու
համար։
Մնացեալը
սրատեսութեան,
քաջութեան
եւ
յարատեւութեան
խնդիր
էր։
Մեր
ֆետայիները
գիրքերէն
չսորվեցան
հայրենիք
փրկելու
կամ
կերտելու
գաղտնիքը։
Ոչ
ալ
թութակաբար
իւրացուցին
օտարին
գիտելիքները։
Հայրենիքի
ձայնը,
անոր
տառապանքն
ու
երկունքը
ամբողջ
ակադեմիա
մը
կը
կազմէին
իրենց
համար։
Դրօները
մնացին
անպարտելի,
վասնզի
հայրենիքի
ազատութեան
գաղափարը
հոգեշահ
քարոզ
չէր
իրենց
համար,
այլ
միս
եւ
ոսկոր։
Կամք
եւ
աշխատանք։
Անձնուիրութիւն
եւ
հաւատարմութիւն։
Պատմական
շարականագիրը
շատ
քիչ
բան
գիտէր
բուն
անձնազոհութեան
մասին,
երբ
կ’երգէր
«Անձինք
նուիրեալքը»։
Մեր
ժամանակակից
պատմութիւնը
ստեղծեց
նուիրեալներու
սերունդ
մը,
որ
լեռ
ու
ձոր
կը
թնդացնէր
տարիներով,
յանուն
ազատութեան
եւ
խաղաղութեան։
Այսօրսակաւաթիւ
դէմքեր
մնացած
են
արիներու
այդ
սքանչելի
փաղանգէն
որ
իր
բազուկով
ճեղքեց
հայ
ժողովուրդին
լացի
ու
խաւարման
մշուշը։
Ուրիշ
ոեւէ
ժողովուրդի
քաջերը
պիտի
չկրնային
աւելին
կատարել,
տուեալ
պայմաններուն
մէջ։
Եւ
այսօր,
յարգանքի
երեկոյ
մը
սարքելով
ողբացեալ
Դրոյի
յիշատակին,
մենք
ոգեկոչած
կ’ըլլանք
միւս
անհամար
քաջերը,
յայտնի
թէ
անյայտ
ֆետայիները,
որոնք
ուժասպառ
ինկան
միեւնոյն
ճամբուն
վրայ։
Այդ
խոնարհներէն
մէկն
ալ՝
Սասունցի
Մուշեղը,
որ
անհետացաւ
Դրոյէն
քանի
մը
շաբաթ
ետքը։
Ոգեկոչել
անոնց
յիշատակը
օտարութեան
մէջ,
կը
նշանակէ
սերունդէ
սերունդ
փոխանցել
ռազմիկներուն
եւ
նահատակներուն
պատգամը,
-
Միացեալ
Հայաստան՝
միացեալ
Հայութեամբ։
Անոնց
կեանքն
ու
գործը
կենդանի
դասընթացք
մը
կը
կազմեն,
պատմութեան
իմաստը
սերտելու
եւ
լայնօրէն
ըմբռնելու
համար։
Անոնք
իրենց
երիտասարդ
արեւը
զոհեցին,
որպէսզի
յաջորդ
սերունդները
փրկուին
բռնակալներու
հալածանքի,
ջարդի
եւ
գերութեան
մղձաւանջէն։
Ազատ
երիտասարդութեան
կ’իյնայ
շարունակել
ճամբան,
համաձայն
նոր
պահանջներու։
14
Ապրիլ
1956