ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսին
ժամանումէն
ի
վեր,
շատ
կը
խօսուի
եպիսկոպոսական
ժողովի
մը
մասին,
որ
պիտի
գումարուի
Երուսաղէմի
մէջ։
Զանազան
լուրերու
համաձայն,
պիտի
քննեն
եկեղեցական
կանոններու
վերաբերեալ
խնդիրներ։
Կը
խօսուի
նաեւ
կուսակրօնութեան
հարցի
մասին։
Սպասելով
ժողովին
պաշտօնական
յայտարարութեան,
կ’ուզէինք
մեր
տեսակէտները
յայտնել
բացառիկ
երեւոյթի
մը
մասին։
Ի՞նչ
կը
նշանակէ
եպիսկոպոսական
ժողով։
Հայ.
Եկեղեցին,
որ
ժողովրդական
է
եւ
ժողովրդավար,
կ’ընդունի՞
այդպիսի
ժողով։
Կրնա՞յ
օրինաւոր
համարիլ
զայն,
եթէ
նոյնիսկ
միայն
կրօնական
խնդիրներով
զբաղի։
Հռոմէական
եկեղեցին
ունի
կարդինալներու
ժողով
մը։
Անոր
մէկ
պատճէ՞նը
պիտի
ներկայացնէ
Երուսաղէմի
եպիսկոպոսական
ժողովը։
Անունէն
կը
հետեւի
թէ
միայն
եպիսկոպոսներ
պիտի
մասնակցին։
Եթէ
քանի
մը
վարդապետներ
կամ
քահանաներ
ալ
հրաւիրուին,
ժողովը
օրինաւո՞ր
կը
դառնայ։
Այս
հարցումները
կ’ուղղենք
անոր
համար
որ,
իսկապէս
լուսաբանութեան
կը
կարօտի
ծրագրուած
ժողովը։
Որքան
գիտենք,
Հայ.
Եկեղեցին
միշտ
ալ
անհրաժեշտ
համարած
է
աշխարհական
տարրին
մասնակցութիւնը,
որեւէ
խորհրդակցութեան,
ժողովի
կամ
համագումարի
ատեն։
Կարեզի՞
է
խախտել
այս
կանոնը,
եթէ
նոյնիսկ
շատ
սահմանափակ
օրակարգ
մը
ունենայ
Երուսաղէմի
եպիսկոպոսական
ժողովը։
Այս
թերթին
մէջ
յաճախ
կը
գործածուին
երկու
բառեր,
-
եպիսկոպոսապետութիւն,
կղերապետութիւն։
Երուսաղէմի
ժողովն
ալ
այդ
երկու
երեւոյթներէն
մէկը
չի՞
մատներ,
որքան
ալ
բարեմտօրէն
ծրագրուած
ըլլայ։
Յատկանշական
իրողութիւն
մը
պարզուեցաւ,
երկրորդ
աշխարհամարտէն
վերջ,
-
կարելի
եղածին
չափ
շատ
եպիսկոպոս
ձեռնադրել։
Այսպէս
1945ին
Էջմիածնի
մէջ
ձեռնադրուեցան
տասը
եպիսկոպոսներ։
Միջանկեալ՝
երեք-չորս
հոգի
եւս։
Իսկ
1955ին,
նոր
կաթողիկոսին
ընտրութեան
առթիւ,
տասը
նորեր
ալ։
Այսքանը
արդէն
պակառելի
թիւ
մը
կը
կազմէ,
առանց
հաշուելու
եղածները։
Բաւական
չհամարելով
եպիսկոպոսներու
գերարտադրութիւնը,
Էջմիածին
եւ
Անթիլիաս
(Գարեգին
կաթողիկոս)
նորութիւն
մը
եւս
հաստատեցին.
-
Կաթողիկոսական
պատուիրակներ
կամ
փոխանորդներ
նշանակել
թեմերու
վրայ։
Ուրիշ
խօսքով՝
կեդրոնացում,
որ
նոյնպէս
չի
համապատասխաներ
Հայ
Եկեղեցւոյ
աւանդութեանց։
Իբրեւ
հետեւանք,
նշանակուած
պատուիրակները
դարձան
տեսակ
մը
արտակարգ
դեսպան,
յաճախ
ամուլ
յաւակնութիւններով։
Այսպէս,
բարեմիտ
եւ
իրենց
դերին
գիտակից
տիպարներու
հետ,
ունեցանք
«իշխաններ»
կամ
«իշխանաւորներ»
որոնք
վերէն
կը
նայէին
օրինական
ժողովներու,
նոյնիսկ
սահմանադրութեան
վրայ։
Միւս
կողմէ,
զանցառելի
քանակութիւն
մը
դարձաւ
հայ
տէրտէրը
կղերին
պրոլետար
դասը
որ
անմիջական
կապ
ունի
ժողովուրդին
հետ։
Զանցառելի՝
ո՛չ
միայն
քանակով,
այլեւ
որակով։
Կը
վախնանք
որ
ծրագրուած
եպիսկոպոսական
ժողովը
աւելի
գունաւորէ
այս
խորթ
բարքերը,
զարկ
տալով
եպիսկոպոսապետութեան։
24
Փետրուար
1956