ՊԱՏՆԷՇԻՆ
ՎՐԱՅ…
ԱՒԵԼԻ
ՔԱՆ
ԵՐԲԵՔ
1925ին,
երբ
Ժ.
Ընդհ.
Ժողովը
կ’որոշէր
Դաշնակցութեան
Օրը
տօնել
ամէն
տարի
աշնան,
գլխաւոր
նպատակնէր
ինքնաքննութեան,
ամփոփումի
փորձ
մը
կատարել։
Ակնարկ
մը
դէպիետ,
կտրուած
ճամբան
չափելու,
չարն
ու
բարին
դատելու,
եւ
վաղուան
աշխատանքին
պատրաստուելու
համար։
Ամփոփուիլ,
խորհրդածել,
քննել
եւ
դատել,
-
այս
արժանիքները
միշտ
ալ
ունեցած
է
Հ.
Յ.
Դաշնակցութիւնը,
ինքնապաշտպանութեան
ամեհի
փոթորիկներուն
մէջ,
երբ
կը
գործէր
հայրենի
հողին
վրայ։
Տարին
անգամ
մը
եւս
հանդիսաւորապէս
կատարել
այդ
պարտականութիւնը՝
կընշանակէ
վերագնահատման
եւ
վերանորոգման
ճիգ
մը
փորձել։
Այս
միջոցին
սարքուած
տօնակատարութիւնները
կը
ձգտին
ոգեկոչել
անցեալը,
իբրեւ
ներշնչարան,
բայց
նաեւ
իբրեւ
ազդարարութիւն։
Այդ
առթիւ,
կը
յիշենք
«բազում
գործս
արութեան»,
որոնք
նոր
շրջան
մը
բացին
մեր
պատմութեան
մէջ։
Յիշելով
իսկապէս
փառաւոր
եւ
աննախընթաց
քաջագործութիւնները,
չենք
մոռնար,
նաեւ,
ճակատագրական
վրիպումները։
Դաշնակցութիւնը
կը
մնայ
միշտ
անխոցելի,
ցորչափ
կը
գործէ
ինքնաքննութեան
բնազդը։
Մեր
կուսակցութեան
հիմնական
արժանիքներէն
մին
է
ինքնվստահութիւնը,
-
տոկուն
կեցուածք,
սուր
նայուածք
եւ
վճռականութիւն՝
խօսքի
թէ
գործի
մէջ։
Մենք
ինքնավստահութիւնը
չենք
շփոթեր
ինքնահաւանութեան
հետ։
Եթէ
այդ
մեղքը
գործէինք,
Դաշնակցութիւնը
շատոնց
կէս
ճամբան
մնացած
պիտի
ըլլար։
Ինքնավստահութեան,
ինքնագործունէութեան
այդ
առնական
կորովն
էր
որ
հաւատք
ներշնչեց
անճար
ժողովուրդի
մը,
աստիճանաբար
հարթելով
անոր
ազատութեան
ճամբան։
Նոյն
սուր
նայուածքը
եւ
վճռականութիւնը
այսօր
ալ
գլխու
պտոյտ
կը
պատճառեն
Դաշնակցութեան
հակառակորդներուն։
Խեղճերը
տակաւին
չեն
գտած
մեր
անսպառ
ուժին
եւ
յարատեւութեան
գաղտնիքը։
Չեն
գիտեր
թէ՝
Դաշնակցութիւնը
անփոխարինելի
էիբրեւ
մղիչ
ուժ
եւ
իբրեւ
արթուն
պահակ։
Իբրեւ
յառաջապահ
ճակատ։
Հանրային
գործունէութեան
ո՛րեւէ
ասպարէզի
մէջ,
ուր
որ
Դաշնակցութիւնը
կրցած
է
դեր
մը
կատարել,
միշտ
զգալի
եղած
է
վերանորոգման
շունչը։
Դարերու
ընթացքին,
թմրած
էր
ժողովուրդին
դիմադրութեան,
ինքնապաշտպանութեան
բնազդը։
Մարդիկթեւեր
ունէին,
բայց
կը
վախնային
վերցնել,
երբ
թշնամին
անխնայ
կը
զարնէր։
Դաշնակցութիւնը
սորվեցուց
ոչ
միայն
թեւերը
վերցնել,
այլեւ
զարնել։
Համատարած
բռնակալութիւնը
խոր
թմրութեան
դատապարտած
էր
նաեւ
միտքը,
ազգային
թէ
քաղաքական
տեսակէտով։
Դաշնակցութիւնը
արթնցուց,
աշխուժացուցմտածումը։
Մշակոյթի
ճակատին
վրայևս,
թարմութեան,
ինքնուրոյն
ստեղծագործութեան
վտակներբացուեցան,
շնորհիւ
Դաշնակցութեան
սլացքին։
Նոյնիսկ
մեր
արդի
աշխարհաբարը
շատ
բան
կը
պարտի
Դաշնակցութեան
շունչին,
իր
խոյանքով,
խորութեամբ
եւ
նրբութեամբ։
Քաղաքական
ասպարէզին
մէջ,
չգտնուեցաւ
ուրիշ
հոսանք
մը
որ
կարենար
գերազանցել
Դաշնակցութեան
վաստակը,
գիրով
թէ
գործքով։
Քաղաքական
գրականութիւն
ունեցա՞ծ
էինք
մենք,
Դաշնակցութենէն
առաջ։
Դաշնակցութիւնը
չանտեսեր
իր
շարքերէն
դուրս
եղած
ուժերը,
երբ
կ’ուզեն
ծառայել
պարկեշտօրէն,
այսկամ
այն
ճակատին
վրայ։
Մերկուսակցութիւնը
ոչ
աղանդ
է,
ոչ
ալ
փարախ։
Ո՜րքան
անկուսակցական
արժէքներ
ծաղկեցան,
ներշնչուելով
Դաշնակցութեան
դաւանանքէնեւ
գործէն։
Պատնէշին
վրայ,
աւելի
քան
երբեք,
ընկերներ
եւ
ուղեկիցներ։
Բայց,
չմոռնանք
որ
դիրքերը
կը
մնան
ամուլ
փառքեր,
առանց
նոր
ուժերու
եւ
յարատեւ
աշխատանքի։
6
Նոյեմբեր
1954