ԱՅՆՊԷՍ
ԻՆՉՊԷՍ
ԶԱՏԻԿԻՆ
Մէկդի
դնելով
քրիստոնէական
կեղեւը,
Զատիկը
այս
ժողովուրդին
համար
ունի
նշանակութիւն
մը,
որ
զուտ
հայկական
է։
Գարունի
եւ
ծիծաղի
ճառագայթ
մըն
է
այն։
Վերանորոգման
նախատօնակ
մը,
որ
կը
կրկնուի
ամէն
տարի,
եւ
դարերէ
ի
վեր։
Բուն
ժողովուրդին
հասկցած
Զատիկը
չի
պարփակուիր
այն
քառակուսի
պատեանին
եւ
քարացած
հանգանակին
մէջ,
որոնք
պարտադրուած
են
կրօնի
վարդապետներուն
կողմէ,
եւ
որոնց
ուռուցիկ
եւ
սնամէջ
արտայայտութիւնները
կը
տեսնենք
«բարձր
դաս»ուն
մէջ,
կղերական
թէ
աշխարհական։
Մեր
հայրենի
աշխարհին
երկինքն
ու
հողը,
ջուրն
ու
լեռները
ուրի՜շ
հմայք
մը
ցանած
են
այս
կրօնական
տօներուն
վրայ։
Նոյնիսկ
առանձին
փիլիսոփայութիւն
մը
ներշնչած
են
անոնց,
աւելի
մարդկային,
եւ
քիչ
մըն
ալ
հեթանոսական,
եթէ
կ’ուզէք։
Այդպէս
է
որ,
մինչ
ուրիշներ
եւ
«ազնուականները»
կը
գոհանան
պաշտօնական
արարողութիւններով,
հայ
ժողովուրդը
իրեն
յատուկ
աւանդութիւնները
կը
վերակենդանացնէ
այդ
օրը։
Կը
խայտայ
ինչպէս
մանուկ
մը,
եւ
կ’ուզէ,
որ
ամէնքն
ալ
ուրախ
ըլլան
ինչպէս
ինքն
է։
Գիտենք.
այսօր
ինքզինքը
զրկուած
կը
զգայ
այդ
բոլորէն,
փռուած՝
եօթը
հովերու
վրայ,
առանց
սեփական
բոյնի
եւ
առանց
հարազատ
արեւի,
տարուբեր՝
աշնան
տերեւներու
պէս։
Բայց,
չի
վհատիր։
Եթէ
վհատէր,
շատոնց
մոռցած
կ’ըլլար
եկեղեցիներուն
Զատիկը,
եւ
կը
դառնար
հողմավար
հօտ
մը։
Որովհետեւ,
այն
Զատիկը
որ
կը
տօնուի,
մէկ
օրուան
պատմութիւն
է։
Իսկ
հայ
ժողովուրդը
զատիկներու
պատուաստով
չէ,
որ
հասեր
է
մինչեւ
մեր
օրերը,
այլ
իր
հարազատ
արժէքին
հաւատքովը։
Ան
հաւատացեր
է
գաղափարի
մը,
մշուշապատ,
բայց
հաստատ,
եւ
այդ
հաւատքով
ալ
կը
քալէ
իր
ճամբան,
երբեմն
յոգնաբեկ
ու
մռայլ,
մերթ
յուսալից
եւ
ժպտուն,
բայց
միշտ
անսասան։
Ապահովաբար
հայ
ժողովուրդը
այսօր
կ’ունենար
տարբեր
ճակատագիր,
եթէ
աւելի
կանուխ
հասած
ըլլար
ազգային
գիտակցութեան
այն
աստիճանին,
ուր
կը
գտնուի
այժմ։
Անոր
սրտին
մէջ
խոր
արմատներ
ձգած
են
ինքնավստահութիւնն
ու
հաւատքը,
բայց
կողմնացոյցը
լարուեր
է
տարբեր
ուղղութեամբ։
Կրօնի
վարդապետները
զայն
դարձուցեր
են
նկուն
եւ
կրաւորական։
Ապրելու
խորհրդանշանը
եղեր
է
համակերպութիւնը։
Կորովը
ջլատուեր
է
անիմաստ
վատնումներով։
Եւ
այդ
ճամբուն
վրայ,
շատ
աւելի
ծանր
կորուստներ
է
կրած,
դարերու
ընթացքին,
քան
իր
ազատագրական
պայքարի
ընթացքին։
Հաշուեցէք
անգամ
մը,
մեր
տուած
զոհերը՝
քրիստոնէութեան
համար,
եւ
այն
ինչ
որ
ունեցեր
ենք,
օտար
լուծ
մը
թօթափելու
եւ
ազատ
հայրենիք
ստեղծելու
համար։
Կարելի
չէ
համեմատութեան
դնել
երկուքը։
Յաճախ
յուսահատական
կանչեր
կ’արձակենք,
ազգային
դատի
ձգձգման,
քառասուն
տարուան
կիսկատար
պայքարի
մը
մասնակի
անյաջողութեան
համար։
Բայց
կը
մոռնանք,
որ
երկու
հազար
տարի
հաւատացեր,
չարչարուեր
ու
կոտորուեր
ենք
Զատիկներու
համար,
եւ
չենք
վհատած։
Ընդհակառակն.
նորէն
պատրաստ
ենք
զոհուելու։
Ինչո՞ւ
այսպէս։
Եւ
ո՞րն
է
աւելի
մատչելի
ու
իրական,
Մեսիային
գալո՞ւստը,
թէ
հայ
ժողովուրդին
ազատագրումը։
Եթէ
հայ
ժողովուրդը
իր
դատին
հաւատար
այնպէս
ինչպէս
հաւատաց
Զատիկին.
եթէ,
կ’ըսենք,
իր
կերպարանքն
ըլլար
այնքան
ամրակուռ
եւ
միակամ
ինչպէս
կրօնական
հաւատալիքներու
առթիւ,
այսօր
իր
մանուկները
կարմիր
հաւկիթ
պիտի
չփնտռէին
Սէնի
ափերուն
վրայ,
գործարաններու
ծուխին
ու
մուրին
մէջ,
օտարոտի
թոթովանքներ
փոխանակելով
իրարու
հետ։
Անսպառ
եռանդ,
անհաշիւ
հարստութիւն,
արիւն
եւ
աւեր՝
ի
փառս
խորհրդաւոր
փիլիսոփայի
մը,
որ
մսուրին
մէջ
ծնաւ,
ինչպէս
կ’ըսէ
աւանդութիւնը։
Բայց
մանրակրկիտ
քննութիւն,
վհատութեան
շարժուձեւեր,
հառաչանք
եւ
ընկրկում,
երբ
խնդիրը
կը
վերաբերի
ժողովուրդի
մը,
որ
մսուր
մը
անգամ
չունի։
Ինչո՞ւ
այս
հակասութիւնը։
Կամ
այն
է,
որ
այս
ժողովուրդը
նախասահմանուած
է
միայն
կրօնի
համար
մարտնչելու
եւ
կոտորուելու։
Եւ
կամ,
իր
հարազատ
ձայնը
չեն
ներկայացներ
անոնք,
որ
«ամէն
բան
կորաւ-գնաց»ի
հոգեբանութեամբ
կը
շարժին,
եւ
կէս
ճամբէն
ետ
դառնալու
միտումներ
կ’ունենան։
Բեթղեհէմի
առաքեալն
անգամ
պիտի
զարմանար
այս
հակասութեան
վրայ,
քանի
որ
ան
ալ
յառաջապահն
էր
գաղափարի
մը,
եւ
տեսաւ
թէ
միայն
լերան
քարոզը
բաւական
չէր,
«Տիրոջը
թագաւորութիւնը»
հաստատելու
համար։
Քրիստոնէութեան
աշխարհակալութենէն
հազար
անգամ
նուազ
կորուստ
պիտի
արժէր
ո՛րեւէ
ժողովուրդի
փրկութիւնը,
եթէ
չպակսէր
այն
հաւատքը,
որ
Զատիկներ
կը
ստեղծէ։
Գիտակցութեան
եւ
կամքի
խնդիրներ
են
երկուքն
ալ։
Ո՛րքան
աւելի
արթնցած,
հասունցած
է
ժողովուրդ
մը
եւ
կը
հաւատայ
իր
ճակատագրին,
այնքան
շուտ
կ’ունենայ
իր
վերածնութեան
եւ
ստեղծագործութեան
գարունը։
Իր
իսկական
Զատիկը։
17
Ապրիլ
1927