Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ի՞ՆՉ ԲԵՐԱՒ, Ի՛ՆՉ ՏԱՐԱՒ
      
       Ռուսական յեղափոխութիւն…
       Ա՞յս էր մեր սպասածը, երբ Չեխով, Անդրեյեւ եւ մանաւանդ Մաքսիմ Կորքի կ’ուսումնասիրէինք ու կը թարգմանէինք սուլթանախնամ Ստամպոլի մէջ…
       Յաճախ ձեռագիրները կը թռցնէինք Իզմիր, ուր աւելի թոյլատու էին գրաքննութեան պայմանները, շնորհիւ հայ պաշտօնեայի մը։
       Մեծ ժողովուրդի մը երկունքն էր որ կ’աւետէր «Մրրկահաւը»։ Եւ տեսակ մը կիրք դարձած էր ամէն շաբթու նոր թարգմանութիւն մը ճարել ռուսական գրականութենէն։
       Մինչեւ անգամ ձեռնարկներ կը փորձէինք, ռուսերէն սորվելու համար։
       Կ’ուզէինք բուն իսկ աղբիւրէն, բնագրէն ըմպել նոր ժամանակներու յեղափոխական շունչը։ Տառապանքէն անբանացած ժողովուրդի մը տաղանդաւոր զաւակներուն փոթորկաձայն պոռթկումը։ Անոնց իմաստութեան ինչպէս արուեստին խորութիւնը։
       Եւ ահա պատկերը, երեսուն տարի վերջը։ Շարժանկար մը, որ գլխու պտոյտ կը պատճառէ իր հակասութիւններով եւ հակադրութիւններով։ Իր դղրդագին ելեւէջներով։
       Ժխտել 1917ի հոկտեմբերեան . Տ. Նոյ. 7) յեղափոխութեան դրական արդիւնքները՝ պիտի նշանակէր չըմբռնել ժամանակակից խմորումներուն եւ խլրտումներուն իմաստը։
       Ալեկոծութիւն՝ արեւմտեան Եւրոպայէն մինչեւ Ծայր. Արեւելք։ Ատլանտեանի լուսացնցուղ ափերէն մինչեւ Ծայր. Արեւելքի խաւարակուռ շամբուտները։ Ստորերկրեայ փոթորիկ մը, պարբերական ցնցումներով։
       Տարիներով քարոզուած գաղափարները, ցանուած սերմերն են որ ձեւ ու մարմին կ’առնեն այս կամ այն ուղղութեամբ։ Երբեմն յուշիկ յուշիկ, բնաշրջութեան օրէնքով։ Երբեմն շառաչալից։ Քար քարի վրայ չձգելով։
       Ռուսական յեղափոխութեան ճամբան շատոնց հարթուած էր 1905ի եւ 1917 Փետրուարի շարժումներով։
       Բայց, բոլշեւիկները կրցան օգտագործել իրենց հակառակորդներուն ձախողանքները։ Եւ այսօր ամէն առաքինութիւն կը վերագրեն իրենց վարիչներուն հանճարին եւ կազմակերպութեան ուժին։
       Այսպէս կամ այնպէս, ահռելի փլուզում մըն էր որ տեղի ունեցաւ ցարական Ռուսաստանի մէջ։
       Ամբողջ կարգուսարք մը փլաւ հիմնայատակ, վերէն վար, իր տեղը տալու համար ամեհի ուժի մը, որ իր կարգին պիտի վերածուէր մենատիրութեան։ Լուծ մը ամենակալ եւ ամենակուլ։ Աննախընթաց՝ ազգերու պատմութեան մէջ։ Համատիրութիւն, որ երեսուն տարի վերջն ալ՝ կը պահէ ահուսարսափի նոյն մեթոտները, պահպանելու համար իր գոյութիւնը։
       Լեռնակուտակ հատորներ հրատարակուած են եւ դեռ կրնան հրատարակուիլ, պարզելու համար այս նորօրինակ իշխանութեան չարն ու բարին։
       Երբ կ’ըսենք՝ ի՞նչ բերաւ, ի՞նչ տարաւ, - հանգոյց մը քակելու փորձ չէ որ կը կատարենք։
       դէմ դիմաց դնել ժխտականն ու բացասականը, կը նշանակէ խրիլ ակադեմական մարզանքներու մէջ։
       Ամէն պարագայի տակ, բուն ռուս ժողովուրդին ոգիէն բխած յեղափոխութիւնը չէ որ կը փառաբանուի այսօր։ Ոչ ալ մանաւանդ փոքր ժողովուրդներու երազածը։
       Ընկարվարութի՞ւն։ Ազատագրո՞ւմ աշխատաւոր բազմութեանց։ Ժողովուրդներու ինքնորոշո՞ւմ։ Իրականացո՞ւմ ազատութեան եւ արդարութեան։ Խափանո՞ւմ աշխարհակալութեան։
       Հարկ է առանձին յօդուածաշարք մը նուիրել իւրաքանչիւր հարցումի։
       Ամբողջ բարոյական ըմբռնումներ ծաղրանկարի վերածուեցան, իբրեւ հետեւանք Լենին- Սթալինեան քարոզներու։
       Միջնադարեան հաւատաքննութիւնը, լրտեսութիւնը, մատնութիւնը, անճար բազմութեանց ստրկացումը դարձան պետական ճարտարարուեստ։
       Եւ տեսանք բարքեր, խաղեր, դաւեր, որոնք յատուկ էին միայն քաղքենի-դրամատիրական կարգուսարքերու։
      
       7 Նոյեմբեր 1948