ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
…
Դժուա՜ր
է
բռնօրէն
ամփոփուիլ
եւ
գրի
առնել
մտածումներ՝
դէմքի
մը
մասին
որ
դեռ
երէկ
փակեց
իր
աչքերը։
Միքայէլ
Վարանդեան
կը
պատկանէր
սերունդի
մը,
որու
այս
կամ
այն
գործի
մասին
հակասական
տպաւորութիւններ
ունեցած
ենք
մենք,
անմիջական
յաջորդներս։
Պատանեկան
շրջանի
խանդավառ
ու
կախարդական
տպաւորութիւններուն
խառնուեցան,
յետագային,
վերագնահատման
փորձերն
ու
պահանջները։
Դառնութիւններ
ու
պոռթկումներ
փոթորկեցին
մեր
հոգին,
եւ,
ինչո՞ւ
չըսել,
սերունդի
կամ
հոգեբանութեան
պայքար
մը
խռովիչ
խօսքեր
փոխանակել
տուաւ։
Յաճախ
հրապարակաւ։
Եւ
սակայն,
մեր
յարգանքը
մնաց
անեղծ,
կատարուած
աշխատանքին
եւ
ձեռք
բերուած
վաստակին
հանդէպ։
Այդ
վաստակին
մէջ,
յեղափոխական
գրականութեան
եւ
տեսաբանական
քարոզութեան
մէջ,
Վարանդեան
առաջին
օրէն
իսկ,
տիրաբար
գրաւեց
գիրք
մը,
որուն
ժառանգորդը
չունինք
այսօր։
Կամ
ունինք,
տարբեր
բովանդակութեամբ։
Իր
խառնուածքովն
իսկ,
Վարանդեան
սահմանուած
էր
դառնալու
մտքի
եւ
գրչի
ախոյեան
մը։
Եւ
այդպէս
ալ
մնաց
երիտասարդութենէն
մինչեւ
մահուան
րոպէն։
Վկայ՝
իր
բազմազան
արտադրութիւններն
ու
հատոր-
հատոր
գիրքերը,
որոնք
շունչ
տուին
սերունդներու
եւ
կուտան
տակաւին,
հակառակ
ժամանակներու
յեղաշրջման
եւ
տարիքի
ծանրութեան։
Անշուշտ
նաեւ
այն
պատճառով,
որ
ողբացեալ
ընկերը
ունէր
բանաստեղծական
թռիչք
եւ
գրագէտի
լեզու,
որ
շատ
քիչերուն
տրուած
է,
մեր
յեղափոխական-քաղաքական
գրականութեան
մէջ։
Սահուն,
պատկերալից
եւ
յաճախ
սաւառնաթեւ,
այդ
լեզուն-
Վարանդեանի
ոճը-
մատչելի,
սիրելի
կը
դարձնէր
չոր
ու
ցամաք
նիւթեր
ու
տեսութիւններ։
Նոյնիսկ
ոչ-Դաշնակցականներ
հաճոյքով
կը
փնտռէին
իր
գիրքերը,
ինչպէս
իր
ճառերը։
Ան
մնաց
ինքնուրոյն
եւ
ստեղծագործ
հեղինակութիւն
մը,
այս
ճամբուն
վրայ։
Եւ
եթէ
տարիներէ
ի
վեր
կը
նախընտրէր
արեւմտահայերէն
գրել,
անշուշտ
մէկ
պատճառն
ալ
այն
է
որ
իր
գրագէտի
խառնուածքով,
միշտ
աշխոյժ,
գոյն
ու
ձեւ
կը
փնտռէր,
ինչպէս
եւ
ազատ
խոյանք։
Բուն
քաղաքական
կեանքը
խորթ
էր
իր
խառնուածքին,
ու
կը
զարմանար
որ
«ընկեր»
Մաքտոնըլտը
կը
խուսափէր
երէկուան
մտերմութենէն
ու
յիշատակներէն,
եւ
դարձաւ
իշխանաւոր-
տէրն
ու
տիրականը
Մեծն
Բրիտանիոյ։
Գիտական
վերլուծումներու
մէջ
ալ,
«իտէալիստ»ի
հոգեբանութիւնը
միշտ
պայքարի
մէջ
էր
բուն
գիտնականին
հետ։
Եւ
կը
թուի
թէ
լաւ
է
որ
այդպէս
էր.
որովհետեւ,
մասնաւորապէս
ռուսական
ալեկոծութեան
յորձանքը
եւ
«հասարակական»
թարգմանածոյ,
թխածոյ
գրականութեան
հեղեղը
կը
սպառնային
խեղդել
ինչ
որ
ինքնուրոյն
էր
եւ
մարդկային։
Իր
գործօն
կեանքին
մեծագոյն
մասը
անցուցած
Եւրոպա,
շարունակ
շփման
մէջ՝
առաջաւոր
դէմքերու
հետ
եւ
թաղուած՝մատենադարաններու
խորը,
Վարանդեան
դժուար
կ’ըմբռնէր
բուն
հայկական
կեանքին
բազմազան
հակասութիւնները։
Իր
մէջ
փիլիսոփան
կը
գերակշռէր
բուն
հանրային
գործիչին
վրայ։
Ասկէ՝
իր
երբեմնի
պոռթկումները,
որոնց
շուտով
կը
յաջորդէր
լաւատեսութեան
եւ
բարեացակամութեան
անդորրութիւնը։
Խորունկ
էր
իր
վրդովումը
ինչպէս
ներքին
վէճերու,
նոյնպէս
ազգային
ճակատի
ճարճատման
առթիւ։
Եւ,
իր
հիւանդագին
վիճակին
մէջ
անգամ,
միջին
ճամբաներ,
ելքեր
կը
փնտռէր,
որպէսզի
անելի
մը
չյանգին
պառակտումները։
«Վերջաւորութիւնը
լաւ
չէր
տեսներ»,
ինչպէս
գրեց,
թղթակից
մը։
Թէեւ
հեռու
ապրած՝
բուն
Երկրէն
ու
անոր
փոթորիկներէն,
Վարանդեան
առաջինն
եղաւ
որ
տեսողութեան
ուժով
եւ
խոր
ներշնչումով,
վճիտ
խանդավառութեամբ
գրական
բարձունքներու
հասցուց
հայկական
ազատագրութեան
արիարանց
գործերը,
մեր
արիւնազանգ
սարալանջերու
հերոսներն
ու
անոնց
փառքերը։
Իր
վերջին
գործն
ալ,
«Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
Պատմութիւնը»,
որ
դժբախտաբար
կիսատ
մնաց,
յատկապէս
կը
շեշտէ
այդ
գիծը,
հասցնելով
Քարլայլի
«Հերոսապաշտութեան»։
Ինքն
էր
որ
գրեց,
այդ
գրքի
յառաջաբանին
մէջ.
-
Անցեալի
պաշտամունքը-
հերոսներու
եւ
հերոսական
գործերու
պաշտամունքը-
ամենազօրաւոր
խթաններէն
է
ազգերու
յառաջդիմութեան։
Գալոց
սերունդները
շատ
մը
հրահանգիչ
դասեր
պիտի
քաղեն
հայ
յեղափոխական
տարեգրութեան
այդ
սրտառուչ
էջերէն,
-
դասեր
ինքնամերժ
զոհողութեան,
քաղաքացիական
արիութեան
եւ
ջինջ,
բարձրասլաց
գաղափարականութեան»։
Ան
կ’ուզէր,
կը
ճգնէր
այդ
պաշտամունքին
կրակովը
վարակել
ոչ
միայն
հայ
երիտասարդութիւնը,
այլեւ
օտարները։
Իր
մահով,
հայկական
պատմութեան
էջ
մը
կը
փակուի
նաեւ
օտարներու
այն
շրջանակին
համար
որուն
հետ
այնքան
սերտ
կապեր
հաստատած
եւ
պահած
էր
ողբացեալ
ընկերը,
իր
պաշտօնին
բերումով
կամ
անձնապէս։
…Թոյլ
տուէք
ընդհատել
այստեղ,
երկիւղածութեամբ
խոնարհելու
համար
նոր
գերեզմանին
առջեւ։
29Ապրիլ
1934