Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՔԼԵՄԱՆՍՕ
      
       Պէտք է հաւատալ, պէտք է յուսալ,
       զօրաւոր ըլլալու համար…
      
       Կամակոր եւ բիրտ, վայրենութեան հասնելու աստիճան, ամբողջ կեանքը նուիրած պայքարի, պայքարով ալ փակեց աչքերը։ Քառասունըութ ժամուան հոգեվարքէ մը յետոյ, ուր աղիքները կը գալարուէին, մարմինը կը ցնցուէր, բայց սիրտը կը դիմանար, կը դիմադրէր տակաւին։
       Ո՛րքան ճիշդ է այլեւս պատմական բնորոշումը, - «Վագր»։
       Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ, «Տէպա»յի թղթակիցը համարձակա՜ծ էր տեսակցութիւն մը խնդրել, - միայն հինգ վայրկեան։ Եւ Քլեմանսօ, ոտքի վրայ, ու միշտ անհամբոյր, կուտար հարցումներուն չոր պատասխանը։ Ու կը ճամբէր, շարունակելու համար իր շքեղ մեկուսացումը եւ իր յուշերուն խմբագրութիւնը, որ սակայն մնաց կիսատ։
       Խրտչելով հանդերձ այս դէգ, ամբմարտաւան եւ անագորոյն կերպարանքէն, բովանդակ Ֆրանսան երկիւղածութեամբ կը խոնարհի իր գերեզմանին առջեւ։ Մինչեւ իսկ ձախերը։ Ընկերվարական դէմք մը, Լէոն Պլում, այնքան զուսպ արտայայտուելով հանդերձ, չի վարանիր շեշտել.
       - «Լա Պրիւյէռի խօսքը կուգայ միտքս։ «Պէտք է լռել զօրաւորներուն վրայ։ գրեթէ միշտ փաղաքշական է լաւ բան ըսել, վտանգաւոր է գէշ բան ըսել երբ ողջ են եւ վատութիւն՝ երբ մեռած են։» Դժուար է բոլորովին խուսափիլ փաղաքշանքէ կամ վատութենէ՝ իր յիշատակին հանդէպ։ Մէկ բան միայն ստոյգ է. - այդ յիշատակը պիտի պահէ իր մեծութիւնը։ Զինքը ատեցին. լաւ չեմ գիտեր թէ սիրեցի՞ն, բայց կը հաւատամ։ Մարդիկ զոհեց եւ ուրիշներ ծառայեցուց իրեն։ Բայց, թէ՛ առաջիններուն եւ թէ՛ վերջիններուն պարտադրեց զգացումը բացառիկ, զարմանահրաշ բանի մը, եւ այդ զգացումը անշուշտ պիտի տեւէ ապագային։ Կը հաւատամ թէ արժանացաւ ամէնէն մեծ գովեստին որուն կրնար ցանկալ- Ֆրանսայի պատմութիւնը պիտի չգրուի առանց իր անունը յիշելու»։
       Արդարեւ, ինչ որ կը խոնարհեցնէ բոլորը այս հսկայ կերպարանքին առջեւ, այդ բացառիկ յատկութիւնն է։ Հակասութիւնները մեծ տեղ կը գրաւեն այս իննսուն տարեկան ծերուկին կեանքին եւ գործերուն մէջ. բայց այդ բոլորին վերեւ կանգուն կը մնայ Մարդը՝ իր սուր իմացականութեամբ եւ զարհուրելի կամեցողութեամբ։ Կայսրութեան փլուզումէն, 1870ի պարտութենէն մինչեւ 1919ի յաղթանակը, ու մինչեւ իր դաժան մեկուսացումը, Քլեմանսօ պահեց տիրական գիծ մը, - Տքնիլ, քրտնիլ, զարնել ճակատ ճակտի։ Պատնէշներ քանդել եւ ինքն իր ձեռքով պատնէշ կանգնել մեծ դատերու համար։ Հարուածել անողոք ատելութեամբ եւ պարտադրել ինքզինքը։ Հեգնել, ծիծաղելի դարձնել հակառակորդը թունալից սլաքներով։ Ընդվզիլ անարդարութեան դէմ, իր կարգին ուրիշ անարդարութիւններ գործելու գնով, բայց միշտ ամուր հաւատքով։ Իր սրատես միտքը եւ վայրագ խառնուածքը չէին հանդուրժեր անկարողութեան եւ միջակութեան։ Ամէնէն լեցուն տարիքին մէջ իսկ, ո՛րեւէ խղճահարութիւն չէր զգար, երբ դահլիճ դահլիճի ետեւէ կը ձգէր։
       Մէկ խօսքով, կրկէսի մարդն էր։ Եթէ իր առջեւ գոց գտնէր քաղաքական ասպարէզը, կամ անբաւական, - ուրիշ բեմեր չէին պակսեր մռնչելու համար։ Բայց մանաւանդ ունէր գրիչը, որ մելան ծծեց մինչեւ իր մահուան ժամը։
       -«Պէտք է հաւատալ, պէտք է յուսալ, զօրաւոր ըլլալու համար… Ո՛րքան ատեն որ կրնամ խօսիլ ու գրել, եթէ արդար եմ, անյաղթելի կը զգամ ինքզինքս։ Յաղթականները անոնք են որ կը կռուին… Հոգիին մեծ հիւանդութիւնը՝ պաղութիւնն է։»
       Փոթորիկ մըֆ ինքն իր մէջ, կը փոթորկէր շրջապատն ալ։ Եւ ճիշդ ատոր համար, տանելի չէր բազկաթոռի եւ գրասենեակի ասպետներուն։ Ու երբ, ճակատագրական պահու մը, ասպարէզ հրաւիրուեցաւ գործքով մասնակցելու հայրենիքին փրկութեան, գրչի մարդը դարձաւ պատերազմական նախարար, իր իսկ պահանջով։ «Կ’ուզեմ նախարարութիւն մը որուն պետը ես ինքս ըլլամ»։
       Իշխելու, տիրապետելու ձգտումն էր, նորէն, որ կը խօսէր իր մէջ։ Ու Քլեմանսօ ոչ միայն պատերազմը հրահրեց վանդէական կարողութեամբ դղրդագին կոչեր ուղղելով, այլեւ ցատկեց խրամէ խրամ, յաղթանակը ապահովելու համար։
       Ֆրանսան փրկուեցաւ. Քլեմանսօն դարձաւ «Յաղթանակի Հայրը»։ Բայց նորէն փակեցին իր ճամբան, որ կրնար յանգիլ մինչեւ անձնական իշխանապետութեան, - անհանդուրժելի՝ այս ժողովուրդին համար։
       Մերօրեայ դէմքերուն մէջ, քիչեր կան որ այնքան արժանացած ըլլան իրենց հայրենիքին երկիւղած երախտագիտութեան։ Քլեմանսօ, մտքի եւ գրչի մարդը, դասուեցաւ հայրենիքի հերոսներուն շարքը։ Եւ դեռ այսօր մարդիկ սարսափով կը յիշեն այն օրերը, երբ Գերմանները 80 քիլոմեթր միայն հեռու էին հայրենիքէն։- «Եթէ Քլեմանսօ չըլլա՜ր…»։
       Քլեմանսոյի մահով ոչ միայն Ֆրանսան կը կորսնցնէ թանկագին զաւակ մը, այլեւ մարդկութիւնը մեծ իմացականութիւն մը։
       «Վագր»ին հմայքը սերտօրէն կապուած է նաեւ Հայկական Դատին։ Իր անունը լայն տեղ կը բռնէր բողոքի բոլոր արտայայտութեանց մէջ։ Իսկ զինադադարի բանակցութեանց ատեն, ինքն էր որ, Դաշնակիցներուն անունով, պատասխանեց թուրք պատուիրակութեան (1919 Յունիս 25)։
      
       26 Նոյեմբեր 1929