ՈՉ
ՄԷԿ
ԸՆԿՐԿՈՒՄ
Տասներկու
տարի
բաւական
չէ
ցամքեցնելու
մեր
արցունքները։
Ո՛չ
ալ
սպեղանի՝
այն
քստմնելի
եւ
աննախընթաց
վէրքին,
որ
խոցոտեց
մեզ,
ի
խորոց
սրտի։
Բայց,
արցունք
թափելո՞ւ
համար
է,
որ
կը
համախմբուին,
այսօր,
վշտաբեկ
ժողովուրդին
բազմազան
հատուածները,
ցիրուցան՝
եօթն
աշխարհի
դուռներուն
առջեւ…
Ո՛չ
եւ
ոչ։
Կատարուած
գազանութեան,
բացուած
անդունդին
ահաւորութեան
չի
համապատասխաներ
հասարակ
սգաւորի
նկուն
կերպարանքը։
Եւ,
ի
պատիւ
ողջ
մնացողներուն,
պէտք
է
շեշտել,
որ
անոնք
չունեցան
այդպիսի
թուլութիւն
մը։
Ո՛չ
1919ին,
երբ
առաջին
անգամ
լոյս
աշխարհ
կուգային
իրենց
վիշտը
պոռալու
սրահներէն
եւ
եկեղեցիներու
բակերէն,
ո՛չ
ալ
անկէ
ետք,
ամէն
տարեդարձի։
Երբ
մայրերն
ու
քոյրերն
անգամ
բաւական
կորով
ունեցան
տոկալու,
մեռելներուն
մրմունջները
հաղորդելով
ողջերուն։
Անոնք
չնմանեցան
յուսակտուր
եղերամայրերու,
որոնք
մէկ
սփոփանք
ունին,
«լալ
եւ
կրճտել
ատամանց»։
Եւ
անոնց
շունչին
տակ,
անոնց
կողքին,
արագօրէն
թեւ
առին
զաւակները
մնացորդներուն,
որոնք
արդէն
կը
հեւան
լաւագոյն
օրերու
համար։
Այլապէս,
տասն
անգամ
աւելի
եղերական
պիտի
ըլլար
ներկայ
իրականութիւնը։
Ու
չափազանց
մռայլ՝
մեր
ապագան։
Ճակատագրակա՜ն
էր
հարուածը։
Գլխատում
եւ
անճիտում։
Եւ
դիւային
քրքիջ
մը
արձակեց
դահիճը,
քանի
որ
բոլորովին
ազատ
էին
իր
թեւերը,
եւ
ստիպուած
չէր
հաշիւ
տալ
ո՛րեւէ
տեղ։
Պոլսոյ
բանաստեղծէն
մինչեւ
Մուշի
մշակը,
աղօթարար
կրօնաւորէն
մինչեւ
տունը
մնացած
մանկամարդուհին
եւ
օրօրոցի
երախան,
պատրաստ
որսեր
էին
իր
կացինին
եւ
եաթաղանին
համար։
Բայց,
որքան
արիւն
լակեց,
նոյնքան
ալ
փսխելու
մղուեցաւ,
այսպէս
կամ
այնպէս։
Հատուցումի
մասին
չէ,
որ
կը
խօսինք։
Ոչինչ
կրնայ
փոխարինել
մեր
կորուստը։
Բայց,
կ’ուզէինք,
որ
բոլորը,
բոլո՜րը
հասկնային,
վերջապէս,
թէ
թափուած
արիւնը
-
եւ
անմե՜ղ
արիւնը
-
անհետեւանք
չի
մնար։
Ուշ-կանուխ,
անոր
կաթիլները
կը
ժայթքեն
դահիճին
աչքերուն,
աւելի
անողորմ
եւ
վճռական։
Եղա՜ւ
ինչ
որ
որոշեր
եւ
ծրագրեր
էին։
Հասա՜ն
իրենց
ուխտին,
կոխկրտելով
մէկ
միլիոն
կմախք։
Եւ
այսօր
կեցեր
են
որոշ
հանգրուանի
մը
առջեւ։
Մեր
կողմէ
ո՛րեւէ
ընկրկում,
վհատութիւն
կամ
սարսափ,
-
պիտի
նշանակէր
մօտեցնել
միւս
հանգրուանները,
որպէսզի
կարենան
վայելել
արիւնռուշտ
վաստակը,
կատարեալ
խաղաղութեան
մէջ։
Կը
հասնի՞ն
այդ
օրուան:
-
Ողջ
մնացողներն
է,
որ
պիտի
տան
պատասխանը,
վերլուծելով
մեռելներուն
մահուան
գաղտնիքը։
24
Ապրիլ
1927