ՔՍԱՆ
ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ
1915
Յունիս15,
-
Քսան
կախաղաններ
մէկ
օրուան
մէջ,
Պոլիս,
Պայազիտի
մահաշուք
հրապարակին
վրայ։
Քսանն
ալ
անդամները
միեւնոյն
կազմակերպութեան,
Հնչակեան։
Զոհերուն
ընկերները
սգահանդէս
մը
սարքեր
են
այսօր,
Իսի-լէ-Մուլինոյի
մէջ։
Անշուշտ
ուրիշներ
ալ
չեն
մոռցած։
Վա՜յ,
եթէ
ազատագրութեան
զոհերուն
յիշատակն
ալ
պիտի
թառամի։
Մանաւանդ
օտարութեան
մէջ,
ուր
ամէն
բան
կը
մաշի։
Հետզհետէ
աւելի
արագ։
Ո՞վ
կրցած
է
նկարագրել
կախաղան
մը,
այնքան
պարզ
բառերով,
բայց
եւ
այնպէս
այնքան
վառ
եւ
քստմնելի.
Լուսաբացին
նա
բարձրացաւ
կախաղան
(Արեւածա՜գ,
օ՜,
արշալոյս
արիւնոտ)
Կանգնած
էին
զինուրներն
ու
քահանան,
Գունատ
ու
լուռ
կանգնած
էին
նրա
մօտ…
Ծեր
քահանան
ոչ
մի
աղօթք
չէր
յիշում,
(Սիրտը
նրան
շշնչում
էր՝
անիծի՛ր),
Լուսածագին
ծիրանավառ
մշուշում
Ցայտում
էին
ճաճանչները
ցանուցիր։
Վահան
Տէրեան
չտեսաւ
թրքական
կախաղանները։
Ոչ
ալ
միւս
էջերը
Հայաջինջ
Սարսափներուն։
Եթէ
միայն
այս
մէկը
տեսնէր
ու
մէկը
քսանով
բազմապատկէր,
ո՞վ
պիտի
կրնար
չափել
խորութիւնը
իր
բանաստեղծական
խռովքին
եւ
ստեղծագործութեան։
Քսան
կախաղան
եւ
քահանայ
մը
«գունատ»,
ահուդողին
տակ
մոռցած՝
աղօթքի
բառերն
անգամ։
Իսկ
զինուորները
կամ
ոստիկանները-բանտապահներն
ու
մնացեալները
ոչ
թէ
գունատ,
այլ
բոցավառ՝
չարախնդութեան
անասնական
կիրքէն
եւ
արիւնի
ծարաւէն։
Եւ
այնուհետեւ
ո՜րքան
կախաղաններ
այդ
միեւնոյն
հրապարակին
վրայ։
Մինչեւ
ամենավերջինը,
Հր.
Աղաճանեան։
Գարշելի
սողուն
մըն
էր
որ
այս
քսան
Հնչակեաններուն
արիւնը
մտաւ,
Հնչակեան՝
ինքն
ալ,
-
Արշաւիր
Եասեան։
Եւ
ուրիշ
գանելիք
մը,
Հմայեակ
Արամեանցն
էր
(Շւոտ),
նոյնպէս
Հնչակեան,
որ
լրացուց
պակասը։
Բարեբախտաբար
չուշացաւ
երկուքին
ալ
պատիժը։
Առաջինը
խեղդամահ՝
Կիլիկիոյ
մէջ,
երկրորդը
գնդակահար՝
Պոլիս,
Կէտիկ
Փաշայի
ժամուն
առջեւ։
Երկու
վրէժխնդիր
ձեռքերն
ալ՝
Դաշնակցական։
Քսան
զոհերէն
անձամբ
ճանչցած
ենք
միայն
Վանիկը։
Անգամ
մը
ձերբակալուած,
յետոյ
արձակուած
էր։
«Զգուշացի՛ր,
Գեղամ,
խաղ
մը
սարքած
չըլլան»։
Եւ
շատ
չանցած
նորէն
ծուղակը
կ’իյնար,
կառափնատ
բարձրանալու
համար
միւսներուն
հետ։
1915
Ապրիլ
11-24
հանգոյցն
էր
որ
կը
քակուէր
այս
քսան
կախաղաններով։
Շարքը
մոլեգնութեան
աստիճանին
հասաւ
մասնաւորապէս
Կեսարիոյ
մէջ։
Իրարու
ետեւէ
կախուեցան
աւելի
քան
քառասուն
կալանաւորներ,
առանց
դաւանանքի,
դասակարգի
կամ
տարիքի
խտրութեան։
Վաճառականը՝
յեղափոխականին,
գիւղացին
արհեստաւորին
հետ։
Մնացեալը
բոլորդ
ալ
գիտէք,
աւելի
առաջ
պատահած
ըլլան
թէ
վերջը։
Դեռ
նոր
վերջացան
1915ի
սարսափներուն
սգահանդէսները։
Կախաղան
թէ
եաթաղան ,
աքսոր
եւ
ջարդ,
ամբողջ
ժողովուրդի
մը
անճիտումը
դիւային
քրքիջներով,
-
այս
բոլորը
պիտի
ծառայեն
աւելի
պրկելու
մեր
ջիղերը,
ի
խնդիր
վերջնական
յաղթանակին։
Անոնք
որ
յաճախ
անձամբ
իրենց
վզին
կ’անցընէին
խեղդկապը,
և
անոնք
որ
գիտակցօրէն
կը
քալէին
մահուան
ճամբաներէն,
ոչ
իրենց
գաղափարներն
ուրացան,
ոչ
ալ
իրենց
հաւատքէն
հրաժարեցան։
Մե՞նք
ենք
որ
պիտի
տատանինք
այսօր,
երբ
ափ
մը
հող
ունինք
արդէն,
դղրդագին,
արիւնազանգ
փլուզումէն
վերջը։
Եւ
երբ
հաւաքաբար
կը
պահանջենք
հայրենիքին
ամբողջացումը,
հակառակ
բոլոր
յուսախաբութեանց։
Եթէ
կախաղաններէն
եւ
ջարդերէն
ազատ
ենք
այսօր,
այդ
չի
նշանակեր
թէ
կէս
ճամբան
պիտի
մնանք։
14
Յունիս
1947