ԼԵՒՈՆ
ՇԱՆԹ
Ամէն
բանէ
առաջ
Աշխատանքի
հերոս
մըն
էր
Լեւոն
Շանթ։
Ոչ
միայն
ստեղծագործ
միտք,
այլեւ
յարատեւ,
յարաճուն
ճիգ։
Երկունք
եւ
վաստակ՝
ամենալայն
ճակատի
մը
վրայ։
Մինչեւ
վերջին
շունչը։
Անոնք
որ
ներկայ
եղած
էին
իր
վերջին
շաբաթներու
ջղաձգութեանց,
գրեցին
եւ
պատմեցին
թէ
ի՛նչ
դառնութեամբ
կըբողոքէր
բժշկական
արգելքին
դէմ։
«Տկարութիւնը
կամ
մահուան
սպառնալիքը
չէր
զինք
ամէնէն
աւելի
տառապեցնողը,
այլ
աշխատելու
արգելքը։
Մանկավարժական
հատոր
մը
ունէր
կիսաւարտ։
Որոշած
էր
ամէն
գնով
աւարտել։
Կերպով
մը
դարմանելու
համար
իր
վիշտը,
բժիշկները
արտօնեցին
օրական
մէկ
ժամ
աշխատանք»։
Այդ
բացառիկ
արտօնութեան
շնորհիւ
էր
որ,
պայծառատեսութեան
պահերուն,
Ճեմարանի
սաներէն
մէկուն
տուն
կուտար
իր
ուսումնասիրութիւնը։
Աշխատանքի
եւ
ստեղծագործութեան
տենդը
իր
ջիղերը
կը
լարէր
դեռ
ուսանողութեան
շրջանին,
Պոլսէն
Կովկաս
եւ
Գերմանիա։
Ուսանիլ
եւ
ուսուցանել,
սերտել
եւ
արտադրել,
-
այսպէ՜ս
էր
որ
Լեւոն
Սեղբոսեան
կրցաւ
լայն
ակօսներ
բանալ
հայկական
մշակոյթի
անդաստանին
մէջ։
Բազմազան
է
իր
վարուցանը,
կրթական
թէ
գրական-գեղարուեստական
ճակատին
վրայ։
Ինք
բախտն
ունեցաւ
ամբողջական
շարքի
մը
վերածելու
զայն,
միաձեւ
հատորներով,
որոնք
իր
աչքին
առջեւ
էին
միշտ,
հիւանդութեան
ամէնէն
տագնապալի
պահերուն։
(Ռուբէն
չունեցաւ
այդ
սփոփանքը։
Իր
Յուշերուն
մէկ
հատորը-
չորրորդ-
Փարիզ
կը
հասնէր,
մահէն
երկու
շաբաթ
վերջը…)։
Մանկավարժական
ճակատին
վրայ,
Լեւոն
Շանթ
նոր
շրջան
մը
կը
բանար
«Լուսաբեր»ներու
շարքով,
ընկերակցութեամբ
Յովհ.
Թումանեանի
եւ
Ստեփան
Լիսիցեանի։
Այդ
շարքը,
մանաւանդ
անոր
այբբենարանը,
որ
կարդալգրել
կը
սորվեցնէր
արդիական
եղանակով
մը,
բազմիցս
տպուեցաւ
Պոլսոյ,
յետոյ
Լիբանանի
մէջ։
Լ.
Շանթ
մասնաւոր
դասագիրքեր
ալ
հրատարակեց
տարիներու
ընթացքին,
զարկ
տալու
համար
հայերէնի
ուսուցման։
Եւ
դեռ
բազմակողմանի
ուսումնասիրութիւններ,
կրթական
եւ
գիտական։
Բոլորն
ալ
արդիւնք՝տքնաջան
պրպտումներու։
Այդ
բոլոր
ձեռնարկներուն,
ինչպէս
իր
վէպերուն
եւ
թատերախաղերուն
մէջ,
ողբացեալ
ընկերը
մինչեւ
վերջն
ալ
պահեց
կարգ
մը
լեզուական
շեղումներ,
-
«Կ’ուզեմ
երթամ»,
-
«Թէ
բժիշկ
է,
գիտեմ».
-
«Կը
սիրեմ
յարձակումով
վերցնեմ»,
եւայլն։
Իր
համոզումով,
միջնաշխարհի
հայերէնն
էր
այս,
-
ոչ
կովկասեան,
ոչ
ալ
պոլսական։
Եւ
սակայն
մնաց
միշտ
իրեն
յատուկ։
Գրական-գեղարուեստական
ճակատին
վրայ
եւս
Լեւոն
Շանթ
կը
մնայ
ինքնուրոյն,
իր
ստեղծագործութիւններով։
Թէ՛
իբրեւ
յղացում
եւ
թէ՛
իբրեւ
մշակում։
Այսօրուան
աչքով
ալ,
իր
վէպերէն
եւ
վիպակներէն
շատերը
կը
պահեն
իրենց
հիմնական
արժէքը։
Հիւսուածքներ,
պատկերներ,
հոգեբանական
վերլուծումներ
կան
որոնք
արդիականութեան,
թարմութեան
դրոշմը
կը
կրեն։
Որքան
կրցած
ենք
հետեւիլ,
միշտ
կը
խուսափէր
յօդուածագրութեան
սովորութիւններէն։
Կը
նախընտրէր
պրպտել,
սերտել
եւ
ամբողջական
գործեր
արտադրել։
Այդ
վճռականութեան
շնորհիւ
էր
որ
կրցաւ
բազմակողմանի
եւ
տոկուն
վաստակ
մը
ձգել։
Քաղաքական
եւ
ընկերային
բարդ
խնդիրներն
ալ
նոյնքան
կը
զբաղեցնէին
իր
միտքը։
Ապացոյց՝
իր
շարք
մը
մեծարժէք
հրատարակութիւնները։
Մնաց
որ,
Շանթ
երբեք
անտարբեր
չէր
հանրային
կեանքի
ելեւէջներուն
հանդէպ։
Ներկայ
էր
ամէն
տեղ,
ալեկոծութեան
թէ
խանդավառութեան
ժամերուն։
Նախագահ
հանրապետական
Հայաստանի
խորհրդարանի։
Նախագահ
Մոսկուա
ղրկուած
պատուիրակութեան։
Քանիցս
ատենապետ
Հ.
Յ.
Դ.
ընդհ.
ժողովի։
Հիմնադիր-տնօրէն
հայ
Ճեմարանի,
նախ
Ն.
Աղբալեանի
հետ
եւ
յետոյ
առանձին,
-
այս
բոլոր
գործերուն
մէջ
վճռական
դեր
կը
կատարէր
Լ.
Շանթի
արծաթ
ձայնը,
այնքան
հնչուն
եւ
բովանդակալից։
Անշուշտ
իր
տիրական
գիծը
պիտի
մնայ
թատերագրութիւնը։
Ինքնատիպ
վարպետ
մըն
էր,
երբ
թատերախաղի
կը
վերածէր
պատմական
եւ
հոգեբանական
նիւթեր։
Երբ
կը
խօսեցնէր
«Հին
Աստուածներ»ը
կամ
կը
քակէր
Հայոց
դարաւոր
պատմութեան
խորախորհուրդ
ծալքերը։
13
Յունուար
1952