Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴՐՕՆ ԻԲՐԵՒ ՌԱԶՄԻԿ
      
       Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կորսնցուց իր մարտական սերունդին ամէնէն հուժկու դէմքերէն մէկը։
       Երեք տառերու մէջ խտացած անունն իսկ, Դրօ, առանց որեւէ ածականի, կ’ամփոփէ փառաւոր անցեալ մը։ Ինչպէս երբ կ’ըսենք Սերոբ, Գէորգ Շավուշ, Անդրանիկ, Մուրատ, Սեպուհ, Արամ, Իշխան, Ռուբէն կամ Նիկոլ։
       Այսպէ՜ս է մեր պատմութիւնը։
       Անհամար մեծ ու փոքր դէմքեր, բազմավաստակ «անձինք նուիրեալք», մեր ազատագրական պայքարին զանազան գլուխները կը բանան կրճատ այլ խօսուն անուններով։ Կը կազմեն խորհրդանշաններ՝ քաջութեան, հայրենասիրութեան, անձնուիրութեան եւ հաւատարմութեան։
       Այս հոյակապ դէմքերը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կրակը նետուած են շատ կանուխէն։ Եւ ինքնաբերաբար։
       Անոնք իրենց առաջին դասերը կ’առնէին ոչ թէ դպրոցէն, այլ կեանքէն։ Հայաստանի լեռներէն, դաշտերէն ու գետերէն, կամ եռուն քաղաքներու ժխորէն։
       Եւ մէկուն օրինակը, կամ անոր հետ կապուած դէպք մը կըդառնար ազդանշան, կենդանի պատգամ՝ միւսին համար։
       Դրօն է որ կը պատմէ, Կովկասի մէջ կազմակերպուած դիմադրական պայքարին առթիւ.
       «Պատանիներ էինք։ Յեղափոխական ներշնչման գլխաւոր աղբիւրներից մէկն էր այդ օրերուն Անդրանիկի հերոսական կռիւը։ Երբ Անդրանիկը մի քանի հարիւր կտրիճներով կուրծք էր տալիս տաճկական բանակներին եւ քրտական աշիրէթներին, յանուն հայ ժողովուրդի պատիւին ու ազատութեան, մենք նոյնպէս կուրք կըտանք ցարական կառավարութեան եւ մեր արիւնը կը թափենք յանուն հայ ժողովրդի իրաւունքներուն»։
       Այս ազդանշանը կը տարածուի բերնէ բերան, կազմակերպելու համար ինքնապաշտպանութեան պայքարը՝ Կովկասի մէջ, Երեւանէն մինչեւ Բագու։
       Ի բնէ կտրիճ եւ սրատես, Դրօ անմիջապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ իր յանդգնութեամբ։
       Շատ չանցած, 1905 Մայիս 11ին, ամբողջ Կովկասը կը սարսի, երբ քսանամեայ պատանին հրաշագործ ռումբը կ’արձակէ, փոշիացնելով Բագուի հրէշը, նահանգապետ Նակաշիձէն, բուն կազմակերպիչը հայ-թաթարական ընդհարումներու։
       Ասպարէզը բացուած էր արդէն, լեռ ու ձոր կտրելու համար ազատագրութեան ճամբուն վրայ, մինչեւ կամաւորական շարժումը, Վանի գրաւումը եւ Բաշ Աբարանի հերոսամարտը։
       Զինուորական Ակադեմիա մտած չէր Դրօն, բայց երբ խօսէր ռազմական հարցերու մասին, ունկնդիրը կը զարմանար իր բնածին ուշիմութեան եւ եփուն տեսակէտներուն վրայ։ «Աչք» ունէր նոյն պէս, երբ ռազմականին հետ քաղաքական խնդիր մըն ալ յուզուէր։
       Մշտնջենական շարժում էր, եւ խանդավառութեան, աշխուժացման կայծեր կը ցանէր իր ճամբուն վրայ։ Ոչ միայն երիտասարդութեան շրջանին, այլեւ սա վերջին տարիներուն, երբ տարիքի բեռը եւ ծանրակշիռ հոգեր կը ճնշէին իր վրայ։
       Ռազմիկի ոգին այնքան արմատացած էր իր մէջ որ, երբ անողոք հիւանդութիւն մը պարբերաբար տագնապներ կը պատճառէր, կը տոկար նոյն սկեպտիկ ժպիտով։
       Տարի մը Փարիզ կը գտնուէր (1933) եւ պատահեցաւ որ բանախօսելու հրաւիրուի, տօնական առիթով մը։
       Ո՜րքան դառնութիւն կը ծորէր իր նախաբանէն.
       Ի՜նչ օրերու հասեր ենք որ զինուորն ալ ճառ խօսելու կը ստիպուի…
      
       13 Մարտ 1956