Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԱՐԵԳԻՆ ԲԱՆԱՍԷՐ
      
       Եւ կամ վարդապետ գիտութեանց։
       Ուրիշ ոչ մէկ տիտղոս այնքան հարազատօրէն պիտի պատշաճէր Գարեգին արք. Յովսէփեանի, որուն յոբելեանը կը տօնուի Փարիզի մէջ ալ, նախաձեռնութեամբ Կիլիկեան Ընդհ. Միութեան։
       Արդարեւ, իր բազմամեայ եւ բազմակողմանի գործունէութեան մէջ, ամէնէն աւելի կը տիրապետէ այս արժանիքը, - տքնաջան աշխատաւոր հայկական մշակոյթի։ Ուրեմն վաստակաւոր գիտութեանց։
       Աբեղայութեան շրջանէն մինչեւ կաթողիկոսութիւն, երիտասարդութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն, յոբելեարը չընկրկեցաւ այս ճամբուն վրայ, հակառակ անհնարին դժուարութեանց։
       Պատկառելի դէզ մը կը կազմեն իր պրպտումները, ուսումնասիրութիւնները, սեւագրութիւններն ու հրատարակութիւնները, հայերէն, ռուսերէն եւ գերմաներէն։ Իր գլխաւոր մասնագիտութիւնը պիտի մնայ հայկական մանրանկարչութեան եւ մատենագրական արուեստի գիտական, փաստացի ուսումնասիրութիւնը, թանկագին գիւտերով։
       Հարկ էանձամբ տեսնել զինքը իր աշխատանոցին մէջ, չափելու համար իր պաշտամունքին խորութիւնը, այդ գետնին վրայ։
       Ալեփառ ծերունին բառին բուն իմաստով կ’ապրի, կը վերանայ, երբ լուսաբանութիւններ կը հաղորդէ այցելուին, իրարու ետեւէ քակելով, սեղանին կամ տախտակամածին վրայ փռելով շարք-շարք թղթածրարներ։ Խնամով դասաւորուած նկարներ, ձեռագիրներ, սեւագրութիւններ կամ փաստաթուղթեր։
       Հարցում մը հեռուէն-մօտէն, եւ լուսաբանութիւնները իրարու կը յաջորդեն։
       Անբաւական համարելով բերանացի բացատրութիւնը, տեղէն կ’ելլէ, կը բանայ այսինչ դարակը կամ ծրարը եւ վերլուծումներ կը կատարէ թերթ առ թերթ։ Տող առ տող։
       Դարաւոր թռչնագիր մը, աղօտ պատկեր մը, վանքի մը, վանականի մը ուրուագիծը, մոռցուած դպիրի մը ձեռագիրը կ’երիտասարդացնեն զինքը։ Փայլ կուտան իր աչքերուն, ինչպէս մտքին եւ շարժուձեւերուն։
       Այդ պահուն, իսկապէս կը հաւատաս թէ իր իտէալն է Անթիլիասը դարձնել հայկական մշակոյթի կեդրոն մը, կարելի ճոխութեամբ եւ արդիական կատարելութիւններով։
       Եւ անձկութեամբ կը մաղթես որ, թէեւ «լի ամօք», ամբողջապէս նուիրուի այդ ծրագրին իրականացման, ուրիշներուն ձգելով թեմական-վարչական տաղտուկները։
       Բարեբախտաբար իր շուրջը չեն պակսիր պիտանի տարրեր, երիտասարդ վարդապետներ եւ եպիսկոպոսներ, ինչպէս ազգ. ժողովներ, այդ հոգերը ստանձնելու համար։ Մանաւանդ որ, Սուրիա-Լիբանանի բազմահայ թեմը շատոնց ունի իր կազմական կանոնագիրը, հիմնուած՝ Պոլսոյ ազգ. սահմանադրութեան վրայ։
       Այն ատեն, կարգ մը թիւրիմացութիւններ ալ ինքնին պիտի փարատէին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձնելով իրապէս կեդրոնաձիգ բեւեռ մը, Հայկական Արտասահմանի համար։
       Գարեգին Կաթողիկոսի անկեղծ բարեկամները սրտանց շնորհաւորելով իր բազմարդիւն վաստակը՝ մշակոյթի ճակատին վրայ, կը մաղթեն որ աւելի պայծառանայ մթնոլորտը, ապահովելու համար իր հիմնական ծրագրին յաջողութիւնը։
       Բոլորն ալ հասարակ դպրեվանքէ մը աւելի կը սպասեն Անթիլիասէն։ Աւելի լոյս եւ աւելի հարազատ, ինքնուրոյն գիծ։
       Որո՞ւ համար գաղտնիք է որ, Էջմիածինը մնալով հանդերձ համազգային կեդրոն, չի կրնար կատարել իր պատմական դերը։ Աէն պարագայի մէջ, ի վիճակի չէ լայն բանալու թեւերը։
       Անթիլիասին կ’իյնա լրացնել պակասը, - դառնալ ազատ եւ կենդանի վառարան մը տարագիր բազմութեանց մշակոյթին համար, ինչպէս Վենետիկն ու Վիեննան։
       Կաթողիկոս-իշխանաւորը չէ որ պատմութեան պիտի անցնի, այլ վաստակաւոր մշակը, - Գարեգին բանասէր, վարդապետ գիտութեանց եւ վարպետ-լուսաւորիչ հայկական մանրանկարչութեան։