Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԹԷ ԹԵՒ ՈՒՆԷԻ…
      
       Ինչե՜ր պիտի երգէր բանաստեղծը, եթէ կարենար նախատեսել 1915 Ապրիլ Տասնըմէկը։
       Իր երեւակայութիւնը բոցավառ կայծեր պիտի արձակէր, պիտի սաւառնէր արեւելքէն արեւմուտք, անսահման աւերակներու եւ արեան գետերու վրայ։ Պիտի տեսնէր ամբողջ քաղաքներ ամայի եւ խոպան։ Տարածութիւններ ուր բուերն անգամ կը վախնան բոյն դնել։
       Իր աչքին առջեւ պիտի պարզուէին արիւնազանգ դաշտերը, եւ իր ոտքերուն տակ պիտի խշրտային ջարդուփշուր ոսկորները աւելի քան մէկ միլիոն հարազատներու։
       Թափ տալով երեւակայութեան, պիտի հասնէր դէպի միջագետքի անապատները, ուր աւազը այլեւս անճանաչելի դարձած է, խառնուելով մարդկային ոսկորներու փոշիներուն հետ։
       Յետոյ ամփոփուելով եւ նորէն թափ տալով իր երեւակայութեան, մէկ-մէկ պիտի համրէր Հայաստան աշխարհի նահանգներն ու քաղաքները, աւաններն ու գիւղերը, ապարանքներն ու խրճիթները։ Եւ ահա իր առջեւ ձեւ ու մարմին պիտի առնէին. -
       Հարիւր հազարաւոր գիւղացիներն ու արհեստաւորները, որ քարէն հաց կը հանէին աւարառու եւ ջարդարար խուժանի մը արիւնածարաւ նայուածքին առջեւ.
       Հազարաւոր չարքաշ մտաւորականները, որ լոյս կը ցանէին խաւարակուռ Անատոլուի լեռներուն եւ դաշտերուն մէջ.
       Հարիւր հազարաւոր կիներն ու աղջիկները, որ իրենց աշխատանքովն ու բարի ժպիտովը կը շէնցնէին տուն-տեղ, հայրենի բուխերիկները.
       Անհամար երախաներն ու մանուկները, որոնք ասպարէզ կը կարդային երկնքի թռչուններուն, իրենց կայտառ կանչերով եւ կենսայորդ շարժուձեւերով.
       Բիւրաւոր մամիկներն ու ծերունիները, որոնք խունկի հոտ կը բուրէին տուներու երդիքներուն վրայ եւ սեմերուն առջեւ.
       Ապա կղերն ու առեւտրականը, բժիշկն ու փաստաբանը, երկրաչափն ու հողագէտը, հաշուակալն ու գիտունը, գիւղապետն ու հանրային պաշտօնեան.
       Եւ անոնց վերեւ, իբրեւ լուսապայծառ համաստեղութիւն, գրագէտն ու բանաստեղծը, յեղափոխական առաքեալն ու մտքի վաստակաւորը, արուեստագէտն ու երգիչը, նկարիչն ու երաժիշտը, իմաստասէրն ու վարդապետը, նորածիլ տաղանդն ու հասուն իմացականութիւնը.
       Ու վերջապէս հազար ու հազար զինուորներն ու բանուորները, սկիզբէն իսկ զինաթափ եւ շղթայակապ։
       Հազիւ ակնարկ մը նետած, անոնք պիտի փոշիանային, եւ բանաստեղծը, անլուր խռովքի մը մատնուած, պիտի վերսկսէր երգը,
       «Թէ թեւ ունէի», «Ազատ Մասեաց» սարերէն կը թռէի Լոնտոն եւ Փարիզ, Պերլին եւ Հռոմ, Պետրոկրատ եւ Մոսկուա, յետոյ մինչեւ Ամերիկա։ Կը բարձրանայի մինչեւ աստղերը, կ’իջնէի ամպերն ի վար, եւ կ’աղաղակէի բոլոր ուժովս.
       - Ժողովուրդ մը կար այս հողերուն վրայ եւ այսօր չկայ։ Ուրա՞խ էք որ չկայ։ Դուք որ միլիոններ կրակը նետեցիք յանուն ազատութեան եւ արդարութեան, ուրա՞խ էք որ երկուքն ալ խաչուեցան այդ ժողովուրդին ոսկորներուն հետ, որպէսզի անոնց տեղ քարիւղի հորեր ժայթքին աւերակներէն։ Որպէսզի հարթուին արշաւանքի խճուղիները, ի փառս եւ ի շահ ձեր աշխարհակալութեան։
       Թէ թեւ ունենայի, պիտի թառէի կառավարական պալատներու կտուրին վրայ եւ պիտի հարցնէի բարձրաձայն.
       - Ձեր ուրացումն ու դասալքութիւնը իբրեւ յաղթական եւ դաշնակից, ինչո՞վ կը տարբերի միւսին գազանաբարոյ կատաղութենէն։ Մէկը միւսին լրացումը չէ՞։ Թագն ու պսակը, փշէ պսակը աշխարհադղորդ Ողջակէզին, որ շարունակուեցաւ տարիներ ու տարիներ, ձեր աչքերուն առջեւ։
       Եւ դուք որ «պատերազմի ոճիրները» կը դատէք այսօր, մանրակրկիտ հարցաքննութեամբ, գոնէ Զատկի օրով մը հարցաքննեցի՞ք ձեր խիղճը, ի յուշ այն միւս քստմնելի, աննախընթաց ոճիրներուն- Հայաջինջ Սարսափնե՜ր- որոնց հեղինակը իբրեւ հաւասարազօր անգամ բազմած է այսօր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեն մէջ։ Ինչպէս երէկ, Ազգերու Դաշնակցութեան մէջ…
      
       21 Ապրիլ 1946