Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ ՔԱՋ…
      
       Եթէ կ’ուզէք լաւ ճանչնալ մեր ազգային հերոսները, կարդացէք անոնց նուիրուած երգերը։ Մանաւանդ լսեցէք երբ կ’երգուին այդ երգերը։
       Ամէնէն անտարբեր դէմքն ալ գոյն եւ շեշտ կը ստանայ երգի առաջին տողէն, ինք երգէ թէ ուրիշը։
       Արդարեւ, ամէնէն աւելի այդ ժողովրդական երգերն են որ հարազատօրէն կը բնորոշեն, կը խտացնեն բազմաթիւ ռազմիկներու, եւ հերոսներու ինքնուրոյն արժանիքները։
       Որքան ալ անարուեստ եւ անմշակ ըլլան, յաճախ մանկունակ եւ ուռուցիկ, այդ երգերը կը կազմեն բուն ժողովուրդին մկրտութիւնը։
       Եւ ժողովուրդը շատ քիչ անգամ կը սխալի։
       Մի՛ հետաքրքրուիք թէ ո՛վ յղացաւ, ո՛վ գրի առաւ այս եւ այն երգը, կամ ո՛վ յարմարցուց եղանակները։
       Թերեւս մէկ տունը աս, միւս տունը ան է յղացած կամ երգած։
       Հարցը այն է որ՝ երգերեն հիւսուած, ամեհի մարտնչումներու գրոհին մէջ կամ յետոյ, անոնց ներշնչման տակ։ Հիւսուած, երգուած եւ ծաւալած են սարէ սար, քաղաքէ քաղաք եւ այժմ՝ աշխարհէ աշխարհ։
       Եւ երբ խումբ կը կ’երգէ զանոնք, առանց որեւէ պատրաստութեան կամ նուագարանի, հերոսները ձեր առջեւ կը պատկերանան իրենց ամբողջ կերպարանքով. հոգի եւ մարմին կ’առնեն, կ’ըսես՝ ահա կը կռուին, գրոհ կուտան կամ կ’իյնան։
      
       Անդրանիկը քաջ, իւր ընկերներով…
      
       Մկրտութիւնը կատարուած է արդէն, մէկ բառով- «Անդրանիկը քաջ»։ Մնացեալը մանրամասնութիւն է։
       Բայց բառերու եւ կանչելու սանձարձակ թռիչներուն մէջ անգամ, դարձեալ նոյն ոգին է որ կը խտանայ, իբրեւ տրամաբանական եզրակացութիւն.
       Երակներիդ անվախ քաջի արիւնը
       Չցամաքի մինչ յաւիտեան, Անդրանիկ։
      
       *
       Արդարեւ, քաջութիւնը կազմեց Անդրանիկի հիմնական եւ ամէնէն անվիճելի առաքինութիւնը, պատանեկութենէն մինչեւ հասուն տարիքը։
       Անշուշտ Անդրանիկը առաջինը չէ, իբրեւ խորհրդանշան եւ մարմնացում հայ ժողովուրդի ռազմական յատկութեանց։
       Իրմէ առաջ, իրեն հետ զուգընթաց, ինչպէս իրմէ վերջը, ազատագրական պայքարը երեւան հանած է բազմաթիւ յայտնի եւ անյայտ հերոսներ։ Եւ դեռ կրնայ հանել, երբ եղանակները փոխուին, կամ հնչէ ժամը, ճակատագրական պահու մը։
       Անդրանիկը ներկայացուցիչն է ամբողջ սերունդի մը, որ այս ժողովուրդին ռազմական առաքինութիւնները հասցուց աննախընթաց բարձունքներու, բազմաթիւ ճակատներու վրայ։ Եւ անհնարին պայմաններու մէջ։
       Անոնք իրենց տաղանդն ու արիւնը տրամադրեցին դժոխքի մը մէջ, որ իր նմանը չէ ունեցած որեւէ ատեն։
       Նոյնիսկ Պալքանեան ժողովուրդներու ազատագրական պատմութիւնը դժուար թէ կարենայ ցոյց տալ այնքան ըմբոստացուցիչ կաշկանդումներ ու տառապանքներ, որքան հայկականը։
       Պայքարը կը մղուէր Թուրքին դէմ, բայց նոյնքան թշնամական, խափանարար քաղաքականութիւն մը կը վարէին անմիջական հարեւանները։
       Դատը ուղղուած էր Թուրքիոյ դէմ, բայց նոյն հարեւանները եւ ուրիշներ հաճութեամբ կը կատարէին մեղսակցի, դաւադիրի քստմնելի դերը։
       Եւ, ներսէն ալ, բուն հայկական շրջանակէն, կամ վառօդը կը պակսէր, կամ ոգին։ Թշուառութիւն մը համատարած, որուն հանդէպ լեռներն անգամ փուլ պիտի գային։
       Բայց եւ այնպէս, Անդրանիկները դիմացան։ Տոկացին, հաստատուն ակօսներ ձգեցին ու տեւեցին։
       Երբեմն անիծելով եւ ակռաները կրճտելով, յաճախ պոռթկալով, անոնք անվհատ, անսասան, շարունակեցին պայքար մը, որ իր ներշնչումը կը ստանար դարերու տառապանքէն։
       Ժողովուրդը երբ կը հնչեցնէ «Անդրանիկը քաջ», իր ռազմական առաքինութեանց յարութիւնը, վերածնութիւնն է որ կ’ողջունղէ, այնքան վճիտ խանդավառութեամբ։
       Այդ գիտակցութեամբ ալ, երգը մարմին կ՛առնէ, կը դառնայ կենդանի պատկեր։ Ու մեր առջեւ կ’ուրուագծուին Սերոբները, Գէորգ Չավուշները, Մուրատները, Պետօները, Խէչօները եւ միւսները - ամբողջ պանթէոն մը շարժուն այլ յաւիտենական։
       Այս օրուան ուխտագնացութիւնն ալ մէկ արտայայտութիւնն է այդ գիտակցութեան։
       Անոնք որ կազմակերպած են զայն, անշուշտ ըսել կ’ուզեն, - Այս ժողովուրդը ունի բազմազան արժանիքներ։ Մենք ալ, իբրեւ մասնիկները նոյն ժողովուրդին, կը խոնարհինք այդ արժանիքներուն առջեւ։ Սակայն, չմոռնանք միւս գանձը, ռազմականը, որ նոյնքան հարազատ է եւ անսպառ։ Եւ քանի որ, այս քաղաքին մէջ, ունինք մարմնացեալ խորհրդանշանը այդ արժանիքին- Անդրանիկ- հետեւեցէք մեզի, որպէսզի միասին արծարծենք նուիրական եւ մշտջենական բոցը։
       Նախ մեր բազուկը, յետոյ մօսինը, յետոյ խաչը, - կ’ըսէր ուրիշ քաջ մը, Քեռին։
      
       1 Սեպտեմբեր 1935