ԵՐԳԵՐՈՒ
ՎԱՐՊԵՏԸ
Ո՜րքան
մօտ
էինք,
ո՜րքան
հեռացանք…
Կովկասէն
Կարին,
յետոյ
Պոլիս
ապաստանած
էր,
խուսափելով
ցարական
հալածանքներէն,
որոնք
մոլեգնութեան
հասեր
էին,
իբրեւ
հետեւանք
Դաշնակցութեան
դէմ
սարքուած
դատին
(1911-12)։
Այդ
օրէն
ալ
սկսեր
էր
մեծ
ծանօթութիւնը,
որ
վերածուեցաւ
կատարեալ
մտերմութեան,
երբ
ստանձնեցինք
տպել
«Աբու
Լալա
Մահարի»ն։
«Դրսեցիները»-
անոնք
որ
Թուրքիա
կուգային
օգտուելով
Սահմանադրութեան
վերահաստատումէն,
իրենց
հետ
բերած
էին,
հայրենասիրական-
յեղափոխական
տաղերուն
հետ,
շատ
մըն
ալ
ժողովրդական
երգեր։
Աւ.
Իսահակեանի
«Երգեր-Վէրքեր»էն
որքա՜ն
կտորներ
գոց
եղած
էին
արդէն,
երբ
ինք
Պոլիս
կը
հասնէր։
Մասնաւորապէս
գիւղի
եւ
սարի
զաւակներ,
ֆետայիներ
էին
որ
կը
տարածէին
այդ
երգերը,
փսփսալով
բանաստեղծին
յեղափոխական
ծածկանունն
ալ,
«Հայ
Գուսան»։
Դուման
սարեր,
դարտլու
սարեր,
-
Դարտ
ու
դուման
մեր
վաթան,
Ա՜խ,
գլուխըս
քո
ուղուրին
Ա՜խ,
մեր
անուշ
մէր-վաթան։
Ջան
տղերք,
ջան,
զարնենք
զարկւենք
Մեր
վաթանի
ուղուրին…
Եւ
կամ,
Եարիս
տարան,
ջանիս
տարան.
Հունգուր-հունգուր
կուլամ
ես…
Յետոյ
սորվեցանք
նաեւ
իր
աշխատանքի
սրտառուչ
երգը.
-
Ա՜խ,
մեր
սիրտը
լիքը
դարտ,
ցաւ
Օր
ու
արեւ
չտեսանք.
Վա՜խ,
մեր
կեանքը
սեւով
անցաւ,
Աշխարհից
բան
չիմացանք…
Այնքան
յափշտակուած
էինք
այս
երգով,
որ
1912ին
թուրքերէնի
թարգմանել
տուինք
ողբացեալ
Տիգրան
Ծամհուրին
(Ֆէրիտ
Ճէմիլ-Տիգրան
Ամսէեան),
Մայիս
1ի
տօնին
առթիւ…
(Կարին)։
Այդպէ՜ս
էին
օրերը։
Յետոյ
Աւ.
Իսահակեան
չուեց
Եւրոպա,
եւ,
1925էն
վերջն
էր
որ
վերահաստատուեցաւ
մեր
բարեկամութիւնը,
նախ
թղթակցութեամբ
(Վենետիկ
էր
այն
ատեն)
յետոյ
անձամբ,
այստեղ։
Մեզի
համար
գաղտնիք
չէին
իր
մտահոգութիւնները,
դէպքերու
նոր
դասաւորման
առթիւ։
Եւ
երբ
երկրորդ
անգամ
Երեւան
կը
դառնար
(1930),
գիտէինք
որ
մեծ
հաւատք
ունէր
իր
հմայքին
եւ
անձնական
կապերուն
վրայ։
Գնաց,
իր
հերթական
տուրքն
ալ
վճարեց,
եւ
հասաւ
փառքի
գագաթնակէտին։
Մանաւանդ
նոր
Աշխարհամարտի
ընթացքին
կատարած
ելոյթներով,
որոնք
ծանօթ
են
բոլորին։
Ժամանակը
չէ
զբաղելու
այդ
մանրամասնութիւններով։
Կը
բաւէ
ըսել
որ,
իր
վերջնական
վերադարձը
դէպի
հայրենիք
եղաւ
բարիք
մը
ե՛ւ
իրեն
ե՛ւ
իր
շրջապատին
համար։
Ինչ
կը
վերաբերի
բուն
գրական
վաստակին,
կիսկատար
տեղեկութիւններ
միայն
ունինք
Հայաստանի
մէջ
կատարած
ստեղծագործութեանց
մասին։
Այնպէս
որ,
դժուար
է
դատել,
-
նախապէս
արտադրած
գործե՞րն
աւելի
կը
կշռեն,
թէ
ինչ
որ
արտադրեց
Արտասահմանի
մէջ։
Իբրեւ
բանաստեղծ,
Աւ.
Իսահակեան
պիտի
մնայ
վարպետը
ժողովրդական
երգերու
եւ
զրոյցներու։
Թէեւ
այդ
երգերէն
շատեր
դատապարտուած
են
մոռացման,
իրենց
խժալուր
թաթարաբանութեամբ։
Մանաւանդ
հիմա
որ,
Հայաստանի
նոր
սերունդը
կը
ձգտի
աւելի
պայծառ,
նորէն
ժողովրդական,
այլ
գրականօրէն
աւելի
մշակուած
տաղեր
հիւսել
այնքան
ճարտարութեամբ։
Իսկ
իբրեւ
մշակ
իմաստասիրութեան
եւ
համամարդկային
յղացումներու,
իր
«Աբու
Լալա
Մահարի»ն
պիտի
մնայ
յիշատակարան
մը
մտածումի
յանդգնութեան։
Տեսակ
մը
սանձարձակ
թռիչք,
ազատ
միջավայրի
եւ
ժամանակի
կաշկանդումներէն։
Գործ
մը
որ
կը
խօսի
ամբողջ
մարդկութեան,
հակառակ
իր
ձեւական
թերութիւններուն։
(Վերջին
պահուն
Աթէնքի
«Հայ
Գիր»էն
կ’իմանանք
թէ՝
թարգմանուած
է
նաեւ
յունարէնի,
հայ
ուսանողի
մը
կողմէ
որ
կը
սպասէ
մեկենասի
մը)։
Իր
վիպասանի
տաղանդին
վերջնական
արտայայտութիւնը
պիտի
կազմէ,
անշուշտ,
«Ուստա
Կարօն»,
որու
մասին
կը
խօսուի
տարիներէ
ի
վեր,
եւ
որուն
համար
կ’ըսէ
եղեր,
-
«Այդ
իմ
կտակն
է»։
Ի՞նչ
կարելի
էր
մաղթել
իր
ծննդեան
70ամեակին
առթիւ,
եթէ
ոչ
այն
որ
կէս
չմնայ
այդ
գործը։
14
Ապրիլ
1946