«ՅԻՇԵՑԷ՛Ք…»
Այս
վերտառութիւնը
կ’երեւար,
երեքշաբթի
գիշեր,
սրահին
ճակատը,
հայերէն
եւ
ֆրանսերէն։
Եւ
թուական
մը,
-1915։
Լայն
պաստառը
կը
ներկայացնէր
Արարատը
վեհափառ,
եւ
արիւնաթաթախ
տարածութիւն
մը
որ
վախճան
մը
չէր
սակայն,
այլ
հեռանկար։
Ու
բազմութիւնը
կը
հոսէր,
լուռ
եւ
կարգապահ։
Տարիներու
սին
թիւրիմացութիւններէն
ետք,
առաջին
անգամ
էր
որ
այսքան
այլազան
բազմութիւն
մը
կը
համախմբուէր
ընդարձակ
սրահի
մը
մէջ,
առանց
կրօնական
դաւանանքի,
քաղաքական
հոսանքի,
սեռի,
դասակարգի
կամ
դիրքի
խտրութեան։
Կ’արժէր
մասնաւորապէս
արձանագրել
այս
կազդուրիչ
իրողութիւնը,
որ
այնքան
խոր
տպաւորութիւն
ձգեց։
Տարին
գոնէ
մէկ
անգամ
թող
մեռելները
խօսին,
գիտակցութեան
կոչ
մը
ուղղելով
ողջերուն,
իրենց
ջարդուփշուր
ոսկորներով
եւ
փոսացած
աչքերով։
Թող
անոնք
տիրապետեն
մեր
սիրտերուն
եւ
միտքերուն
վրայ,
մեր
իսկ
բարիքին
համար։
Մանաւանդ
որ,
անոնք
ոչ
համրանք
ունեցան,
ոչ
ալ
գերեզման։
Իւրաքանչիւրին
գանկը
առանձին
հողվրտիք
մըն
է,
շատ
աւելի
խօսուն,
քան
մեծ
քաղաքներու
փառաւոր
դամբարանները։
Ի
վերջոյ
ի՞նչ
կ’արժեն
մեր
իմաստութեան
մարզանքները,
եթէ
մեռելներու
լեզուն
ալ
պիտի
չհասկնանք։
Տարուան
մնացեալ
օրերը
լիուլի
կը
բաւեն,
հակաճառելու,
տեսակէտ
պարզելու,
գաղափարական
պայքար
մղելու
համար։
Գոնէ
մէկ
օր
լռութիւն,
ամէն
տեղ,
ինչպէս
մէկ
վայրկեան
յոտնկայս
լռութիւն
կը
պահենք
հանդիսաւոր
առիթներու
մէջ։
Սովորական
իմաստով
համերաշխութեան
կոչ
մը
չէ
որ
կ’ուղղենք։
Այդ
բառն
ալ
մաշած,
իր
իմաստը
կորսնցուցած
է։
Թող
փոխադարձ
յարգանքի
եւ
խորհրդածութեան
օր
մը
դառնայ
1915Ապրիլ
11-24ը,
առանց
աջի
եւ
ձախի,
կամ
հրէի
եւ
հեթանոսի
խտրութեան։
Թող
դառնայ
վկայութիւն
մը
ազգային
գիտակցութեան,
չափահասութեան,
քաղաքակրթութեան։
Այո՛,
յիշեցէք,
մանաւանդ
օտարութեան
մէջ,
թէ
ժողովուրդի
մը
կէսը
դարձաւ
յուղարկաւոր
միւս
կէսին։
Եւ
թող
երիտասարդութիւնը
յիշէ
թէ
ինք
ժառանգորդն
է
ժողովուրդի
մը
որ
դարերով
դիմադրական
ճակատ
կազմեց
ասիական
բարբարոսութեան
ու
խաւարին
դէմ,
որ
ազատութեան
եւ
արդարութեան
երգը
երգեց
արեան
ճապաղիքներու
մէջ։
Յիշեցէ՛ք,
դուք
որ
հրակէզ
եւ
արիւնազանգ
անապատներէն
անցաք,
թէ
երբ
ամբողջ
աշխարհ
համակեցութեան
ելքեր
կը
փնտռէ,
առանց
հրաժարելու
իր
ինքնուրոյն
դաւանանքէն,
մեր
փոքր
ածուն
չէ
որ
բացառութիւն
պիտի
կազմէ։
Միայն
մեր
մեռելներուն
ոգեկոչումը
կը
բաւէ,
շատ
մը
սառեր
հալեցնելու
համար։
Ի՞նչպէս
պիտի
կրնան
դիմանալ
տարագիր
բազմութիւնները,
եթէ
տարրական
պարտականութեանց
առթիւ
ալ
վէճեր
ծագին
եւ
ճեղքեր
բացուին։
Ապրիլ
11-24ը
ուխտի
օր
մըն
է,
խորհրդանշան՝
ինքնապաշտպանութեան։
Թող
թշնամին
չըսէ
թէ
մեր
զոհերուն
յիշատակն
անգամ
դարձած
է
հին
ազգաց
պատմութիւն։
Իբրեւ
հոգին
վառած
ժողովուրդ,
ունինք
մէկ
հարազատ
ներշնչարան
հաւատքի
եւ
յարատեւութեան,
-
մեր
ժամանակակից
պատմութիւնը։
26
Ապրիլ
1956