Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՈՍԿԻ ՉԷ
      
       Տարեկան տեսութեան մը առթիւ ուզեցինք իմանալթէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար։
       Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց ոչ մէկ ձայն։
       Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը, այս կամ այն շրջանէն։
       «Լռութիւնը ոսկի է», կ’ըսէին, երբ դպրոց կ’երթայինք։
       Փորձառութիւնը հաստատեց թէ միշտ ոսկի չէ։ Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախալ թիթեղ։
       Այս երեքէն որո՞ւն կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը։
       Փարիզի Կրօն. Ընկերակցութեան վարչական ժողովին մէջ, Բ. ատենապետը առաջարկեր է որ բարենպատակ հաստատութիւնները իրենց տարեկան գործունէութեան տեղեկագրին եւ հաշուեկշռին մէկպատճէնը ղրկեն, առ ի գիտութիւն։ Եւ ժողովը հաւանութիւն յայտներ է, սկզբունքով։
       Զեկոյցը հազիւհրատարակուած, դիտողութիւններ լսուեցան.
       Հապա Կրօն. Ընկերակցութի՞ւնը։ Ո՞ւր են իր գործունէութեան տեղեկագիրներըեւ հաշիւները…
       Տարիներէ ի վեր է որ կըծեծուի այս խնդիրը, Ազգ. Տան հարցին հետ, առանց եզրակացութեան մը յանգելու։
       Միայն Կրթ. Խորհուրդնէ որ պարբերաբարտեղեկութիւններ կը հաղորդէ մամուլին. իսկ մնացեալը կը մնայ գոց գիրք։
       Օրինակ, մինչեւ այսօր ալ հանրութիւնը լուր չունի թէ որեւէ քայլ առնուա՞ծ է, թեմական կազմակերպութեան համար եւ ինչ առաջադրութիւններ ունին։
       Նոյն պատկերը՝ Փարիզէն դուրս ալ, մինչեւ Մարսէյլ։
       Ոչ մէկ տեղեկագիրկամ համառօտ զեկուցում, Լիոնի, Վալանսի, Կրընոպլի եւ միւս հայաշատ շրջաններու ազգային գործունէութեան մասին։
       Ամէն տեղ ալ կան ազգ. իշխանութեան կորիզներ, իբրեւ Միութիւն կամ Վարչութիւն։
       Եթէ հարցնէքթէ ի՛նչ գործեր կատարեցին 1956ին եւ ի՛նչառաջադրութիւններ ունին 1957ի համար, պարզապէս տհաճութիւն պատճառած կ’ըլլաք։
       Նոյնիսկ վիճակագրական տեղեկութիւններ կը պակսին, - մարդահամար, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւն, նոր սերունդի փրկութիւն, եւայլն։
       Ոչ մէկ փոփոխութիւն՝ գործելու եղանակներուն մէջ։ Նոյն մարդիկը։ Նոյն մեթոտները։ Նոյն սովորամոլութիւնը, որ ի վերջոյ կը յանգի անշարժութեան։
       Իսկ շրջանէ շրջան կապն ալ արարողական է, - հանդէս կամ պատարագ։
       Մինչդեռ, գոնէ Փարիզն ու Մարսէյլը կրնային օրինակ հանդիսանալ, ծրագրեալ գործունէութեամբ։
       Պատկերըշատ աւելի տժգոյն է հարեւան գաղութներուն մէջ, սկսելով Անգլիայէն եւՊելժիայէն։
       Ի՛նչ դիտողութիւն կամ հարցում ալ ուղղէք, պատասեխանը լռութիւն է։
       Երբեմն թղթակցութիւններ կ’երեւան թերթերու մէջ, առանց ամբողջական գաղափար մը տալու բուն իրականութեան մասին։
       Համատարած լռութիւնը կ’ապացուցանէ թէ մարդիկ ոչ միայն յոգնած են, այլեւ հաւատք չունին իրենց կատարած գործին վրայ։
       Անշուշտ երիտասարդութիւնն ալ կ’օգտուիայս հոգեբանութենէն, խուսափելու համար որեւէ պարտականութենէ։
       Եւ օրերը օրերուն կը յաջորդեն յօրանջելով, հառաչելով, կամ պրիճ խաղալով…
      
       25 Յունուար 1957