ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ
ՄԵՌԱՒ,
ԿԵՑՑԷ
ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ
Ճիշդ
երկու
ամիս
առաջ
էր,
-
25
Օգոստոս։
Պատահաբար
որոշուած
ժամադրութիւն
մը,
-
Եւ
ահաւասիկ
Վիլ-Ժիւիֆ,
յիմարանոցին
առջեւ,
վարդապետին
սենեակը։
Դուռը
բաց
են
ձգած…
Գիտէինք
որ
ուրիշ
անգամ
ալ
ունեցած
է
պայծառատեսութեան
պահեր,
բայց
այդ
օրուան
երեւոյթը
շատ
խոր
տպաւորութիւն
գործեց։
Անկողնին
մէջ
երկնցած,
մէկ
թեւը
գլուխին
տակ,
տմոյն
ժպիտ
մը
աչքերուն
մէջ,
կը
պատասխանէր
հարցերուն։
Իրականին
մէջ,
ինքն
էր
որ
բացաւ
խօսակցութիւնը,
դիմացը
տեսնելով
երեք
օրիորդներ
եւ
երկու
պարոններ։
Իմացեր
էինք
թէ
վէրք
մը
բացուած
է
սրունքին
վրայ,
իբրեւ
հետեւանք
ներքին
քայքայման։
-
Վարդապետ,
պարտէզ
չէ՞ք
ելլեր
պտտելու։
-
Չեմ
կրնար,
որովհետեւ
ոտքս
վիրաւորուած
է,
բորբոքում
եղաւ,
բժիշկ
եկաւ,
նայեցաւ,
մէկ
ալ
տեսայ
քլինիք
տարին,
վրաս
բան
մը
ձգեցին,
բան
մը
չհասկցայ-
մէկ
մատ
խորութիւնով
ոտքս
կտրեցին.
հիմա
չեմ
կրնար
շարժիլ։
-
Հոգ
մի
ընէք,
շուտով
կ’աղէկնայ։
-
Ոչ,
քանի
մը
ամիս
այսպէս
կ’երթայ,
յետոյ
քանի
մը
տարի
կը
տեւէ…
վերջապէս
ասոնք
ընտանեկան
բաներ
են…
Դժուար
էր
հաւատալ
թէ
նոյն
բարեհամբոյր
անդորրութիւնը
պիտի
շարունակուէր
մինչեւ
վերջը։
Աչքերը
մոլորուն,
երկու
լուսաւոր
խօսքի
հետ՝
շատ
մը
անկապ
թոթովանքներ,
յանկարծ
պղտոր
նայուածք
մը՝
մէկ
դէմքէն
միւսը
եւ
պատէ
պատ,
-
այս
բոլորը
բաւական
էին
կարճ
կապելու։
Ո՛վ
որ
առիթ
ունեցած
էր
այցելութեան
երթալու
այդ
օրէն
ասդին,
կ’արտայայտուէր
աւելի
սեւ
տրամադրութիւններով։
Հետզհետէ
աւելի
ուժաթափ,
այլեւս
անկարող՝
տոկալու
տարիներու
գալարման
եւ
կազմալուծման,
վերջին
օրերը
կը
մերժէր
սնունդ
առնել։
Գիտութիւնը
շատոնց
դատապարտած
էր
երբեմնի
կաղնին,
իսկ
վերջին
շաբթուն
հրաշք
մը
միայն
կրնար
որեւէ
յոյս
ներշնչել։
Այնպէս
որ,
շաբաթ
կէսօրին,
երբ
հեռախօսով
խմբագրութեան
կը
հաղորդէին
վիճակին
ծանրացումը,
բոլորս
ալ
նախապատրաստուած
էինք
անխուսափելի
վախճանին։
Քստմնելի
էր
լուրը,
-
«Վէրք
մը
բացուած
է
կռնակին
վրայ»։
Այդ
չարագուշակ
ազդանշանէն
մինչեւ
մահաքուն՝
ժամերու
խնդիր
էր
այլեւս։
*
Ահա
այսպէս
յաւիտենական
լռութեան
անդունդը
կը
գլորի
նաեւ
Կոմիտասը,
-
այն
որ
մոգական
գաղտնիքն
ունէր
ամբողջ
բազմութիւններ
խռովելու,
ալեկոծելու,
խանդավառելու
կամ
լացնելու։
Ճիշդ
է,
ան
այլեւս
յիշատակ
մըն
էր
1916էն,
այլ
մանաւանդ
1919էն
ի
վեր,
երբ
արգելափակուեցաւ
Վիլ-Ժիւիֆի
յիմարանոցին
մէջ։
Բայց
մարդիկ
ե՞րբ
յուսակտուր
քաշուած
են
նոյնիսկ
ամէնէն
անյուսալի
պահուն։
Կոմիտասը,
այդ
վիճակին
մէջ,
շատ
կը
նմանէր
տաւիղի
մը
վերջին
լարին,
որ
ահա
պիտի
փրթի։
Եւ
մարդն
ու
գիտութիւնը
անկարելին
կը
փորձէին,
որպէսզի
չփրթի։
Եւ
լարը
դիմացաւ
ամէնէն
յուսահատական
պարագաներուն
մէջ,
միշտ
իբրեւ
յիշատակ։
Այդ
իրողութիւնն
իսկ
աղբիւր
մըն
էր
համատարած
խանդավառութեան,
գաղութէ
գաղութ
եւ
մինչեւ
Երեւան։
Չեղաւ
եւ
չի
կրնար
ըլլալ
որեւէ
հայկական
համրանք,
նոյնիսկ
շղթայակապ,
կամ
աշխարհի
ամէնէն
հեռաւոր
ցամաքին
վրայ
նետուած,
որ
չյիշէ
Վարդապետը
եւ
չպարծի
անով։
1931ին,
երբ
իր
ծննդեան
60ամեակը
տօնուեցաւ,
Հայաստանն
ու
գաղութները
մրցումի
ելեր
էին
իրարու
հետ,
պանծացնելու
համար
Վարպետն
ու
արուեստը։
Նոյնիսկ
Պոլիսը
չկրցաւ
անտարբեր
մնալ,
-
եւ
Թուրքերը
այսօր
ձեռնարկեր
են
իրենց
աղճատ
լեզուին
վերածելու
անոր
դաշնաւորած
երգերը,
անշուշտ
յառաջիկային
ձայնարձակին
յանձնելու
եւ
տարածելու
համար
իբրեւ
թրքական
ստեղծագործութիւն…
*
Վարպետը
մեռաւ,
կեցցէ՜
Վարպետը։
Կոմիտասը
կորսնցուցինք,
բայց
ամէն
սրտի
մէջ
իր
երգն
է
որ
կը
սարսռայ,
ամէն
շրթունքի
վրայ
իր
եղանակներն
են
որ
կը
թրթռան։
Դժուա՜ր
է
երեւակայել
աւելի
մեծ,
աւելի
խոր
ու
անմահական
փառապսակ
ե՛ւ
իրեն
ե՛ւ
իր
ժողովուրդին
համար,
քան
այս
յաղթանակը։
Եւ
միայն
հայկական
չէ
յաղթանակը։
Ներդաշնակելով
խոնարհ
ժողովուրդի
մը
հոգին
եւ
արուեստի
բծախնդիր
պահանջները,
խանդակաթ
նախանձախնդրութեամբ
հաւաքելով
եւ
գեղարուեստական
թարգմանութեան
մը
վերածելով
երգեր
ու
եղանակներ,
յաճախ
յօրինելով
եւ
ստեղծագործելով,
Վարդապետը
հայ
ժողովուրդի
հանճարին
առջեւ
խոնարհեցուց
նաեւ
օտարը,
ազգ
թէ
արուեստագէտ։
Միջազգային
արժէք
մըն
է
որ
կ’անհետանայ,
իր
ետին
ձգելով
թանկագին
գանձ
մը,
-
աշխատաւոր,
ստեղծագործ
ժողովուրդի
մը
հոգին,
մերթ
արեւ,
մերթ
խռովք,
վիշտ
կամ
ցնծութիւն,
բայց
միշտ
կենդանի
ու
հարազատ։
Բանակի
մը
յաղթանակն
իսկ
այսքան
ծաւալ
գտած
պիտի
չլլար,
պահելով
բոլոր
համեմատութիւնները։
Երգդ
մեզի
օգնական,
«ձայնե՜ղ»
Վարդապետ…
23
Հոկտեմբեր
1935