«ԵՐԳ
ՀԻՒՍԵՑԷՔ,
ԱՌԱՆՑ
ԵՐԳԻ…»
Խորհրդային
բանաստեղծներէն
Սարմէն
կը
նկարագրէ
մահամերձ
բանաստեղծի
մը
վերջին
վայրկեանները,
երկու
տուն
ոտանաւորի
մէջ։
Երկրի
տէրերը
հաւաքուեր
են
ծերունի
բանաստեղծին
շուրջը։
Խոր
լռութիւն։
Այնքան
խոր,
«որ
լսւում
էր
թէ
նորատունկ
վարդը
ի՛նչպէս
էր
շնչում»։
Երկրի
տէրերը
անհամբեր
կը
սպասեն
բանաստեղծի
կտակին։
«Բայց
նա
աչքերն
անխօս
փակեց»։
Ու
կը
տանին
կը
թաղեն։
Յետոյ
գերեզմանէն
տուն
վերադարձած
ատեն,
հանգուցեալի
բարձին
տակէն
կը
գտնեն
«Մի
թուղթ,
վրան
այսպէս
ձեւագրուած
մի
կտակ».
-
«Երգ
սիրեցէք
կեանքից,
գինուց,
ամէն
բանից
աւելի.
Երգն
է
միակ
բալասանը
անդնդախոր
ցաւերի.
Երգ
հիւսեցէք,
առանց
երգի
վիշտն
աշխարհը
կ’աւերի»։
Այսպէս
նաեւ
մեր
կեանքը։
Մանաւանդ
օտար
ափերու
վրայ,
ուր
խորթ,
խժալուր
աղմուկ
մը
կը
սպառնայ
խեղդել
տկարին,
անճարին
ձայնը։
Ե՜րգ,
մրմունջ
եւ
մեղեդի,
սփոփելու
համար
ձեր
վիշտերը։
Ե՜րգ,
մարտագոռ
կանչ,
պոռթկալու
համար
ձեր
տառապանքը,
բողոքը
կամ
ընդվզումը
աշխարհի
անիրաւութեանց
դէմ։
Կամ
փառաբանելու
համար
կռիւն
ու
յաղթանակը։
Երգ
ողբաձայն,
սգալու
համար
ռազմիկը
որ
ինկաւ
զէն
ի
ձեռին,
ի
խնդիր
արդարութեան։
Ու
վերջապէս
երգեր
աշխատանքի,
հայրենիքի
եւ
ազատութեան,
սիորյ
եւ
գեղեցկութեան,
պայքարի
եւ
ստեղծագործութեան։
Երգեր
մայրենի,
աշխարհի
բոլոր
եղանակներով,
-
խոյանք,
մրմունջ,
ցասում,
ծիծաղ,
փոթորիկ,
ծափ
կամ
թախիծ։
Այս
ժողովուրդը
ունի
բոլոր
տեսակներն
ալ
եւ
դեռ
կ’ունենայ,
հիմա
որ
ցիրուցան
բազմութիւնները
իրար
կը
գտնեն
հայրենի
հողին
վրայ։
-
«Երգ
հիւսեցէք,
առանց
երգի
ողջ
աշխարհը
կ’աւերի»։
Հիւսեցէք,
դո՛ւք,
բանաստեղծներ,
որ
ներշնչում
կը
փնտռէք
օտար
պողոտաներու
վրայ։
Հիւսեցէք,
եւ
թող
ձեր
հոգին
ալ
ցնծայ,
աշխուժանայ,
«բացուի»,
փոխանակ
վաղաժամ
ցամքելու։
…
Եւ
ահաւասիկ
երեք
երգահանդէս
մէկ
օրուան
մէջ,
-
այս
կիրակի։
Առաջինը՝
Փարիզ,
երկրորդը՝
Մարսէյլ,
երրորդը՝
համերգ,
երկու
վարպետներու
կազմած
երգչախումբերով։
Երկու
համերգները
սարքուած
են
Վարդապետին
ծննդեան
75ամեակին
առթիւ։
Ուրեմն,
անգամ
մը
եւս
պիտի
պաննծացնեն
անոր
թանկագին
վաստակը,
որ
մինչեւ
այսօր
ալկը
պահէ
իր
թարմութիւնը,
խորութիւնը,
հմայքը։
Ո՞ւր
իջած
պիտի
ըլլար
մեր
հոգին,
մեր
բարոյական
կորովը
օտարութեան
մէջ,
առանց
այդ
երգերուն,
-
այն
բոլոր
երգերուն
որ
կը
պտըտին
մեզի
հետ,
աշխարհէ
աշխարհ։
Անոնք
մեր
լուսաղբիւրներն
են,
տառապանքի
թէ
հրճուանքի
պահերուն։
Անոնց
մէկ
շեշտը
սարսուռ
կը
հոսեցնէ
մեր
երակներուն
մէջ։
Անոնց
իւրաքանչիւր
խօսքէն
դարաւոր
ժողովուրդի
մը
իմաստութիւնն
է
որ
կը
ծորի
կաթիլ,
կաթիլ։
«Երգ
սիրեցէք
ամէն
բանից
աւելի»։
Բայց
սիրեցէք
հասուն
գիտակցութեամբ։
Ձեր
իսկ
վարկին
ու
վայելքին
համար։
Այդ
վարկն
ու
վայելքը,
ցիրուցան
բազմութեանց
հոգեկան
առողջութեան
եւ
յարատեւութեան
պահանջը
մէկ
պարտականութիւն
կը
դնեն
բոլորին
վրայ,
-
Սրտանց
քաջալերել
ամէն
ձեռնարկ
որ
կը
կազմակերպուի,
վառ
պահելու,
տարածելու,
բազմապատկելու
համար
հայկական
երգը։
Թոյլ
չտանք
որ
մէկ
լար
իսկ
փրթի
հայրենի
քնարէն,
կամ
ձայներ
ծիւրին,
մարին
թուլութեամբ,
անհոգութեամբ,
անտարբերութեամբ։
Անոնք
որ
երգելով
մեռան
երէկ,
այդ
երգերը
մեզի
ձգեցին
ապրելու
համար։
13
Դեկտեմբեր
1946