Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ
      
       Վաստակաւոր մը, բառին բովանդակ իմաստով։
       Տեսակ մը զինուորեալ, որ կը հաւատար իրեն սահմանուած դերին, պատանութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն։
       Եւ կ’ուզէր տակաւին գործել, հակառակ իր ուժասպառ վիճակին։
       Յաճախ կը հանդիպենք փողոցը։ Նկուն եւ երերուն, գիսախռիւ դէմքով, ձեռքերը ետին։
       Ո՞ւր կ’երթար, այսպէս մտացրիւ։
       Ամէն ուր որ հայկական հանդէս մը, դասախօսութիւն մը կամ տօնակատարութիւն մը կար։
       Երբեմն խմբագրատուն կը հանդիպէր, ստուգելու համար իր կատարելիք դասախօսութեան օրն ու ժամը։
       Հասած էր այն տարիքին ուր մարդկային բոլոր ուժերը տեղի կուտան հետզհետէ, բեղուն անցեալի մը ստուերին վերածելով ներկան։
       Իր արդար իրաւունքն էր սենեակ մը Հանգստեան Տան մէջ։
       Ինք չփնտռեց այդ հանգիստը։ Եւ կը պատահէր որ ապարան ալ հանդիպի, հայերէն կամ ֆրանսերէն յօդուածի մը փորձը կարդալու համար։
       Եւ ահաւասիկ դժբախտ, կսկծալի արկած մը, իբրեւ հետեւանք իր թարթափուն կացութեան։
       Շատ աւելի տխուր է այս եղերական վախճանը, քան եթէ յանկարծամահ ըլլար, կքած՝ տարիքի և տառապանքի ծանրութեան տակ։
       Պաշտամունք ունէր հայկական մշակոյթին հանդէպ, եւ դարձաւ մարմնացեալ տքնութիւն, ծառայելու համար անոր զարգացման։
       Առաջին օրէն իսկ, դեռ դպրոցական, երբ կըխայտար «արշալոյսի Ձայներ»ով եւ «Թուղթի փառք»երով, իր գլխաւոր արժանիքն եղաւ անխոնջ պրպտումը։
       Ոչ միայն կ’արտագրէր, ներկայ կամ բացակայ Դէմքերու կեանքն ու գործը կ’ուսումնասիրէր քննական վերլուծումներով, այլեւ նիւթեր կը հաւաքեր օտար անդաստաններէ եւ հայրենի պահեստի գանձարանէն։
       Իր անխոնջ պրպտումներուն կը պարտինք շարք մը թանկագին յայտնութիւններ՝ սկսելով Նահապետ Քուչակի Դիւանէն եւ ուրիշ գիւտերէ։
       Ո՛ւր որ կը հանդիպէր, Վենետիկ, Վիեննա, Թիֆլիս, Էջմիածին, Երուսաղէմ, Կիլիկիա, կը մաղէր Մատենադարաններու, թանգարաններու դեղնած թուղթերն ու փոշիները, լոյս աշխարհ հանելով այլազան գոհարներ։
       Իր միւս արժանիքն եղաւ օտարին ծանօթացնել Հայկական մշակոյթին փառքերը։
       Իրմէ առաջ եւ իրմէ ետք, ոչ մէկը այնքան գուրգուրանքով փարած էր այս աշխատանքին, - թարգմանել, վերլուծել, տարածել։
       Միայն ֆրանսերէն «Վարդենիք Հայաստան»ին փառապսակ մը պիտի կազմէր ոեւէ մէկուն համար, իր հինգ հատորներով։
       Դեռ չենք հաշուեր իր ցիրուցան ուսումնասիրութիւնները փարիզեան առաջնակարգ հանդէսներու մէջ, հայկական մատենագրութեան եւ ականաւոր դէմքերու մասին (Նարեկացի, եւայլն)։
       Կարելի է վերապահումներ ունենալ իր գրական տեսութեանց մասին, մանաւանդ առաջին Մեծ Պատերազմէն ասդին։
       Բայց, ապերախտութիւն պիտի ըլլար թերագնահատել իր փարթամ վաստակը, հակառակ չափազանց շեշտուած «Ես»ի մը։
       Այլապէս շահեկան գլուխ մը կը կազմէ իր ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը։
      
       10 Յունիս 1954